ԱՆԻ ԱՊԱՃԵԱՆ
Մուսան քիթը ծռած`
Կը սպասէ անհամբեր:
Մնալով ապարդիւն`
Ոտքերը ուսը առած
Կը հեռանայ դանդաղօրէն…
«Սիրելի՛ Մուսա
Կ՛աղաչեմ վերադարձիդ,
Առանց քու օգնութեան
Անկարող եմ քերթել հոգիս»:
Մուսան` յօնքերը կիտած
Նայեցաւ լրջօրէն` եւ ըսաւ
«Սպասեցի շատ, բայց դուն
Զարկ չտուիր գրիչիդ», եւ աւելցուց,
«Գիտեմ շատ դժուար
Փորձութիւններ անցար, սակայն անոնցմով
Մի՛ անտեսեր համաձայնութիւնները մեր:
Օ՛ն դուստր իմ, կո՛չ պայքարի:
2017