Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13503

Սողոմոն Թեհլիրեան (1896-1960)*

$
0
0

ԿԱՐՕ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆ

Մուտք

1915-ին, Անդրանիկի կամաւորական Ա. գունդի երկրորդ վաշտը, որուն հրամանատարն էր Սեպուհը, իսկ օգնականը` Գր. Ամիրեան, Վասպուրականի ճամբուն վրայ կռիւի կը բռնուի թուրք հրամանատար Խալիլ պէյի զօրքերուն դէմ: Լեռնանցքէ մը բարձրանալու ատեն, կռիւի տաք մէկ վայրկեանին, Ամիրեան կը նկատէ պատանի մը, որ, արհամարհելով թշնամի փամփուշտներուն վզվզոցը, արիւն-քրտինք մտած, կը ջանար վայրկեան առաջ հասնիլ գագաթը եւ դիրք բռնել այնտեղ: Գրիգոր Ամիրեան կը պատմէ. «Մօտեցայ այդ զինուորին, որպէսզի յանդիմանեմ զինք իր անխոհեմ ընթացքին համար եւ զգուշացնեմ` հաւանական վտանգէն:

– Սպասի՛ր եղած տեղդ, ա՛յ տղայ, ո՞ւր կ’երթաս, չե՞ս տեսներ, որ թշնամին նկատած եւ նշանակէտ դարձուցած է քեզ:

– Պարո՛ն վաշտապետ, լաւ նշանառուներ չեն, գնդակները սուլելով կ’անցնին գլխուս վրայէն»:

– Սպասի՛ր, ճիշդ գտնուած տեղդ, դիրքդ լաւ է: Սպասիր, մինչեւ որ յիսնեակին յետամնաց զինուորներն ալ բարձրանան ու միահամուռ գրոհ տանք…

– Բայց, պարո՛ն վաշտապետ, մինչեւ անոնց գալը, թշնամին կրնայ փախչիլ, արդէն տատանումի մէջ են…

– Ոչի՛նչ, հոգ մի՛ ըներ. մենք նորէն կը հանդիպինք անոր,- ըսի` աւելի եւս մօտենալով,- ի՞նչ է անունդ եւ ո՞րտեղացի ես:

– Անունս Սողոմոն Թեհլիրեան է, քեմախեցի եմ:

– Ո՞րտեղէն եկած ես:

– Սերպիայէն, Ռումանիոյ ճամբով:

– Քանի՞ տարեկան ես:

– 18, պարո՛ն վաշտապետ:

– Չե՞ս կարծեր, որ սխալ ըրած ես կամաւոր գալովդ, դուն դեռ պատանի ես:

– Բնա՛ւ, պարո՛ն վաշտապետ, իմ մէջս ես ուժ կը զգամ թուրքերէն վրէժ լուծելու (1):

Թուրքերէն վրէժ լուծելու զգացումը մինչեւ վերջ տիրապետող մնաց Սողոմոն Թեհլիրեանի մէջ: Եւ ի՛նչպէս չմնար:

Ա. Կեանքը

Սողոմոն Թեհլիրեան ծնած է 2 ապրիլ 1896-ին, Արեւմտեան Հայաստանի Դարանաղեաց գաւառի (Կամախ) Վարի Բագառիճ գիւղը, Երզնկայի մերձակայքը: Հայրը` Խաչատուր, մայրը` Հնազանդ Գաթըրճեան` տէր Յարութիւնին դուստրը: Սողոմոնը ամէնէն կրտսերն էր հինգ եղբայրներուն մէջ` Միսաք, Սեդրակ, Աւետիս, չորրորդը մահացած է երեք-չորս տարեկանին:

Ըստ Արա Օսկանեանի, որ Սողոմոն Թեհլիրեանի հօրեղբօր` Սամուէլի ծոռն է, Թեհլիրեաններու  նախապապը 16-17 տարեկանին կը վիճի տան անդամներուն հետ եւ կը հեռանայ տունէն: Տարիներ ետք գիւղ կը վերադառնայ: Գիւղացիները կ՛ըսեն. «Թէհ է ըրել», այսինքն` կռիւ ըրած է: Ասկէ ծնունդ կ՛առնէ «Թեհլիր» մականունը:

Անոր զաւակներուն կ՛ըսէին` Թեհլիրի տղաներ, որմէ Թեհլիրեան մականունը եւ ոչ Թեհլերեան(2):

Սողոմոն Թեհլիրեան իր նախնական կրթութիւնը ստացած է իր ծննդավայրին մէջ, Բագառիճ: Ապա ուսումը շարունակած է տեղւոյն աւետարանական (1905-1906) եւ Երզնկայի Կեդրոնական (1907-1912) վարժարաններուն մէջ: 1913-ին կը մեկնի Սերպիա, Պելկրատ, ուր իր հայրը կը զբաղէր սուրճի վերամշակութեամբ եւ վաճառականութեամբ: Ասիկա ընտանեկան առեւտրական ասպարէզ մըն էր: Թեհլիր նախապապը երկու հարիւր տարի առաջ կը զբաղէր սուրճի վաճառականութեամբ(3):

Թեհլիր նախապապէն ետք ալ Թեհլիրեաններու տոհմէն քանի մը երիտասարդներ մեկնած են Սերպիա` իրենց ապրուստը վաստակելու համար: Անոնք իրենց եկամուտին մէկ մասով զէնք կը գնէին եւ կ՛ուղարկէին հայրենի գիւղ: Ծանօթ է, որ Արեւմտեան Հայաստանի գրեթէ բոլոր շրջանները, ներառեալ Բագառիճը, յաճախ կ՛ենթարկուէին յարձակումներու եւ կողոպուտի` զինեալ տարրերու կողմէ, որոնք կը հրահրուէին թուրք պետութեան կողմէ: Հայերէն ոմանք չէին փորձեր պաշտպանել իրենք զիրենք: Թեհլիրեաններու տոհմը յայտնի էր դիմադրութիւն ցոյց տալու եւ կռուելու իր տրամադրութեամբ(4):

Սերպիոյ մէջ Թեհլիրեան կը պատրաստուի Գերմանիա անցնիլ ուսումը շարունակելու նպատակով: 28 յունիս 1914-ին Սարայեւոյի մէջ (Պոսնիոյ գլխաւոր քաղաքը) կը սպաննուին աւստրիական գահաժառանգ Ֆրանց Ֆերտինանտն ու կինը սերպ ուսանողի մը կողմէ: Ասիկա պատրուակ ծառայեց, որ պայթի Ա. Աշխարհամարտը: Թեհլիրեան կը ստիպուի մնալ Սերպիա: 1914-ի աշնան կ՛անցնի Սոֆիա, Պուլկարիա, ուր «կը հաւաքագրուէին Կովկաս կամաւոր երթալու պատրաստ Պալքանեան թերակղզի պանդուխտ թէ ուսանող հայ երիտասարդները»(5): Կը ձերբակալուի սերպ-պուլկարական սահմանին վրայ` լրտեսութեան ամբաստանութեամբ: Կարճ ժամանակ ետք թիւրիմացութիւնը կը պարզուի, եւ Սողոմոն ազատ կ՛արձակուի(6):

Սկիզբը կամաւոր արձանագրուելու իր դիմումը կը մերժուի տարիքին պատճառով (17 տարեկան էր): Աւելի՛ն, կը յայտնուի, որ այդ դիմումը կատարած էր ծնողքէն գաղտնի: Թեհլիրեան չի յուսահատիր: Իր հօրը կ՛ուղարկէ մէկէ աւելի նամակներ մինչեւ որ կը յաջողի ձեռք բերել անոր գրաւոր թոյլտուութիւը` ի խնդիր իր կամաւոր արձանագրուելուն:

Ըստ Արա Օսկանեանի, Սողոմոն Թեհլիրեանին կրակել սորվեցուցած է իր հօրեղբօրորդին` Սամուէլ Օսկանեանը, Արա Օսկանեանին մեծ հայրը(7): Ինչո՞ւ Օսկանեան եւ ոչ Թեհլիրեան(8): Թալէաթի սպանութենէն ետք, բոլոր Թեհլիրեանները փոխած են իրենց մականունը: Սողոմոն Թեհլիրեան եղած է Սարօ Մելիքեան, իր եղբայրներն ու որդիները` նոյնպէս: Սողոմոնի հօրեղբօր որդին` Սամուէլը, առած է հօր` Օսկան անունը, զոր վերածած է մականունի: Սողոմոնի աւագ եղբօր որդին` Աւետիսը, աւելի ուշ հրաժարած է Մելիքեան մականունէն եւ վերականգնած է Թեհլիրեան անունը:

Սամուէլ խմբապետ էր արմենականներու մէջ: Սամուէլն ու Սողոմոնը կրակելու փորձեր կատարած են Եփրատի մացառուտներուն մէջ(9):

1914 հոկտեմբերին Թեհլիրեան կը մեկնի Թիֆլիս եւ կը միանայ Անդրանիկի հրամանատարութեան տակ գործող Սեպուհի 250 հոգինոց վաշտին: Կը մասնակցի Դիլմանի կռիւներուն: Վաշտը, որուն միացած էր կոզակներու 400 հոգիէ ջոկատը, ջախջախիչ պարտութեան կը մատնէ Խալիլ փաշայի զօրքերը(10):

1915 մայիսի վերջը Թեհլիրեան հայ կամաւորներու եւ ռուսական բանակին հետ կը մտնէ Վան, որ «ազատագրուել էր շնորհիւ իր կորովի դիմադրութեան, դրսից հասած կամաւորական խմբերի օգնութեան, մանաւանդ իր անվեհեր առաջնորդ Արամի ջանքերի»(11): Վանը կ՛ապրէր խանդավառութեան, վերաշինութեան աննախընթաց օրեր: Դժբախտաբար, երկար չի տեւեր այդ մթնոլորտը, որովհետեւ յունիսի սկիզբը կը սկսի ռուս զօրքերու ընդհանուր նահանջը(12): Թեհլիրեան ականատես կը դառնայ հայութեան բռնագաղթին: Հազարաւոր հայ գաղթականներու հետ կը հասնի Իգդիր, ապա` Երեւան: Երեւանի քաղաքների միութեան մասնաճիւղերէն մէկը իրեն կու տայ «որբեր հաւաքող»-ի պաշտօն, «որ արդէն փաստօրէն կատարած էի»(13): Իրողութիւնը այն է, որ Թեհլիրեան Էջմիածինի եւ Երեւանի մէջ կը հաւաքագրէ բազմաթիւ որբացած եւ հիւանդ երեխաներ, որ կը տեղաւորէ որբանոցներու մէջ(14): Ջարդերէն եւ բռնագաղթի փրկուածներու պատումները շատ խոր անդրադարձ կ՛ունենան իր հոգեկան աշխարհին վրայ(15):

(Շար. 1)

* Սողոմոն Թեհլիրեանի նուիրուած ձեռնարկին արտասանուած խօսքի ընդարձակուած տարբերակ:

——————

  1. Գր. Ամիրեան, «Սողոմոն Թեհլիրեան», «Հայրենիք» ամսագիր, ԼԹ. տարի, 7 յուլիս 1962, էջ 12:
  2. Աստղիկ Յակոբեան, «Ինչո՞ւ Թեհլիրեան եւ ոչ Թեհլերեան», panarmenian.net, 15 մարտ 2016:
  3. «Թեհլիրեաններն ու անոնց պայքարը», «Ազդակ» օրաթերթ, 24 մայիս 2008, էջ 6:
  4. Նոյն տեղ: Տեսնել նաեւ Սողոմոն Թեհլիրեան, «Իմ առաջին ոխը թուրքերուն դէմ», «Հայրենիք» ամսագիր, Խ. տարի, թիւ 5 մայիս 1962, էջ 1-6, թիւ 6, էջ 7-14 եւ թիւ 7-8, էջ 47-53:
  5. Ն. Պ., «Հայկական վրիժառութեան սրբալոյս դէմքը», «Ազատ օր» օրաթերթ, 2 ապրիլ 2013, էջ 2:
  6. Աստղիկ Յակոբեան, անդ.:
  7. Նոյնտեղ:
  8. «Թեհլիրեաններն ու անոնց պայքարը» անդ.:
  9. Աստղիկ Յակոբեան, անդ.:
  10. Վահան Մինախորեան, «Սողոմոն Թեհլիրեան. վերյիշումներ (Թալէաթի ահաբեկումը)», Բ. տպագրութիւն, մատենաշար «Յուսաբեր», թիւ 57. Գահիրէ, տպ. «Յուսաբեր», 1956, էջ 62: Նաեւ` Գոհար Խանումեան, «Սողոմոն Թեհլիրեան-120», ՀՀ Գիտութիւնների Ազգային Ակադեմիա, Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-ինստիտուտի կայք:
  11. Մինախորեան, նոյնտեղ, էջ 70:
  12. Նոյն տեղ, էջ, 71-73:
  13. Նոյն տեղ, էջ, 74-75:
  14. Նոյն տեղ, էջ, 75-76:
  15. Նոյն տեղ, էջ, 78-79:

 

 

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13503


<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>