Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13366

Բարի Լոյս 15. Պատասխանատու Խօսքի Եւ Յանձնառու Գործի Անհրաժեշտութեան Դիմաց

$
0
0

Կասկածէ վեր է, որ լիբանանահայ գաղութային կեանքը կը գտնուի մարտահրաւէրներու եւ դժուարութիւններու դէմ յանդիման: Լիբանան ուղղակիօրէն կ՛ազդուի եւ կը ցնցուի շրջանային բոլոր փոթորիկներէն: Այդ բոլորը իրենց ժխտական ազդեցութիւնը կ՛ունենան նաեւ մեր գաղութային կեանքին վրայ: Անկայունութիւնը, անապահովութիւնը, անորոշութիւնը, ինչպէս նաեւ յուսաբեկումը դարձած են ճնշող ներկայութիւն եւ կը սպառնան տեղատուութեան եւ ինչու չէ նաեւ նահանջի մատնել միութիւններու եւ ազգային կառոյցներու գործունէութիւնը: Այս բոլորը տեսնել եւ չմատնանշելը պարզապէս իրականութիւնները քողարկելու կը ծառայէ եւ չի նպաստեր կացութիւններու յաղթահարման:

Մեր հաւաքական կեանքին մէջ ծրագիրներու եւ գործունէութեանց քննարկումը անհրաժեշտ ու կենսական է: Քննարկումը միշտ ալ աւելի կատարեալին, աւելի ամբողջականին հասնելու ճամբան լուսաւորող ու ստեղծագործ միտքերու թռիչք տուող գործօն է: Սակայն երբեմն քննարկումը կը վերածուի հոմանիշի` քննադատութեան եւ քննադատած ըլլալով պարզապէս քննարկած ըլլալու գոհունակութիւնը, աւելի ճիշդը` խաբկանքը կ՛ապրինք: Կը մոռնանք, որ յաջող նախաձեռնութիւն մը գնահատելը նոյնքան անհրաժեշտ է ու շինիչ: Աւելի՛ն, երբ կը քննադատենք, պէտք է մեր պատկերացուցած ընտրանքը նաեւ ներկայացնենք. կարճ` ինչպէս որ յաջողութեան կարեւոր գրաւական է տուեալ գործին մէջ ենթակային պատասխանատուութեան գիտակցութիւնը, նոյն ձեւով որեւէ քննադատութեան դրական ու ներգործօն ազդեցութիւնը պայմանաւորուած է քննադատողին պատասխանատու խօսք ըսելու հանգամանքով:

Գործի եւ խօսքի այս պատասխանատու մօտեցումն է, որ օրէ օր նահանջ սկսած է արձանագրել մեր կեանքին մէջ: Աւելի՛ն, շատերու համար ամէն ինչ քննադատելը դարձած է անհասկնալիօրէն գործէ ու պատասխանատուութենէ խուսափելու յարմարագոյն ձեւ ու ընտրանք: Հաւաքական կեանքէն շատերու բացակայութիւնն անգամ նոյն անհատներուն կողմէ ուղեկցուած է շատ յաճախ ինքնանպատակ քննադատութեամբ:

Ի՛ՆՉ ՊԷՏՔ Է ԸՆԵՆՔ եւ ԻՆՉՊԷ՛Ս ՊԷՏՔ Է ԸՆԵՆՔ. այս երկու հարցադրումներուն մասին միտք զարգացնողներուն թիւը սկսած է նօսրանալ: Պատճառը յստակ է, որովհետեւ այս երկու հարցադրումներուն արծարծումը ենթակային կողմէ պատասխանատուութիւն եւ յանձնառութիւն կ՛ենթադրեն: Ասոնց մասին խօսիլը կը ստանայ պարտաւորեցնող հանգամանք եւ ենթական կը դնէ իր ներկայացուցած առաջադրանքները գործադրելու յանձնառութեան դիմաց:

Այո՛, հաւաքականութեան մէջ կարծիքներու բախումը, միտքերու զարգացումը, տեսակէտներու պարզաբանումը եւ բիւրեղացումը այդ հաւաքականութիւնը կ՛օժտեն այն անհրաժեշտ ստորոգելիներով, որոնք կը բերեն թարմութիւն եւ աշխուժութիւն: Սակայն, երբ բացակայ է գործը եւ բացակայ են գործողները, այդ մտածումները կը խամրին եւ շատ յաճախ յօդս կը ցնդին:

Ոչ ոքի իրաւունք տրուած է գաղութային մարտահրաւէրներու յաղթահարման հաւաքական ճիգ եւ ներդրում պահանջող դժուարին կացութեան մէջ ինքզինք պարզապէս «քննիչ»-ի կամ միայն «խելք տուող»-ի ինքնակոչ հանգամանքին մէջ դնել: Ոչ ոքի իրաւունք տրուած է ամփոփուելու եւ կծկուելու իր անձնական պատեանին մէջ եւ անտարբերութեամբ պարզապէս իբրեւ դիտորդ հեռուէն հետեւելու մեր հաւաքական կեանքին: Ոչ ոքի իրաւունք տրուած է իր արտայայտութիւններով ու վերաբերմունքով ստեղծելու շփոթ եւ անորոշութիւն:

Լիբանանահայ գաղութը միշտ ալ արժանավայել կերպով յաջողած է շրջանցել իրերայաջորդ ճգնաժամային եւ խիստ դժուարին կացութիւններ: Ան նուաճած է հարուստ կենսափորձ, ունի անհրաժեշտ ներուժը եւ կարողականութիւնը ճի՛շդ կողմնորոշուելու, ճի՛շդ գնահատելու եւ ճի՛շդ աշխատելու. եւ աւելի՛ն` դրսեւորելու այնպիսի վճռակամութիւն, որ մինչեւ այսօր օրինակ կը ծառայէ բոլորին:

Այո՛, մեր կազմակերպութիւնները, միութիւնները եւ կառոյցները բոլոր ժամանակներէն աւելի հարկ է, որ բազմապատկեն իրենց ճիգերը եւ ընդարձակեն իրենց գործունէութիւնները: Կը բաւէ արագ ակնարկով մը թերթատել այսօրուան մեր մամուլը եւ լուսարձակի տակ բերել գաղութի գործունէութիւնը` տեսնելու համար, թէ ինչպիսի՛ ճիգ կը թափուի եւ փորձ կը կատարուի գաղութի աշխուժութիւնը եւ կենսունակութիւնը պահելու առումով: Համահայկական օրակարգերու արծարծումը, ազգային հիմնախնդիրներու ներկայացումը, մշակութային բարձրորակ կատարումները, բարերարութիւնները, նուիրահաւաքները եւ այլ նախաձեռնութիւններ կու գան ամրապնդելու այս գաղութին հանդէպ հաւատքն ու վստահութիւնը: Անշուշտ ակնկալութիւնները եւ կարիքները աւելի են, իսկ գործի ասպարէզը` լայն:

Հաւաքական ու միացեալ ճիգով անպայմա՛ն որ կը յաջողինք հասնիլ նոր նուաճումներու: Մինչ այդ, թող որ պատասխանատու խօսքը եւ յանձնառու գործը դառնան մեր հաւաքական կեանքը իմաստաւորող ու լիցքաւորող հիմնական եւ անբաժան մղիչ ուժերը:

 

ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13366

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>