Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13481

125 Դէմք Եւ Խորհուրդ` ՀՅԴ 125-Ամեակին

$
0
0

Khan_111015

Ֆետային միայն այն ատեն զէնքերը կը տայ, երբ այս աշխարհէն արդէն չուած կը լինի: Քանի ողջ ենք, չենք տար մեր զէնքերը, պիտի կռուինք: (Կռուի տաք միջոցին մարտիկ մը լուր կը բերէ Խանի, որ սպաննուած է եղբայրը. առանց իր պաղարիւնութիւնը կորսնցնելու` ան կ՛ըսէ) – Ես այդ շատոնց գիտէի: Գիտէի այն ատենէն, երբ ան ֆետայի արձանագրուեցաւ: Տղաս, գնա դիրքդ եւ կռուէ, սպաննուածի մասին ալ՛ չեն մտածեր, այլ կը մտածեն, թէ ինչպէս կարելի է լուծել անոր վրէժը:

ԽԱՆ

 

ՅՈՒՆՕ_111015

Ես մեռնում եմ, ձեզ երկար կեանք եմ մաղթում: Կը շարունակէք անձնուիրութեամբ ծառայել հայրենիքին ու յեղափոխութեան: Կը սիրէք իրար: Հայ մատնիչներին, նամարդներին ու մեր ժողովուրդի թշնամիներին երբեք երես ցոյց չտաք: Կը շարունակէք մնալ հնազանդ, բայց արի ու զոհաբերող զինուորներ ՀՅ Դաշնակցութեան:

ՅՈՒՆՕ

 

Torkom_111015

Ապստամբութիւնը, կռիւը կախուած չէ միայն գիտակցութիւնից, զոհաբերութիւնց, քաջութիւնից եւ նիւթի առաւելութիւնից, այլ արհեստ է եւ գիտութիւն, որ պէտք է սովորել: Առանց այս վերջնի` մնացածները ոչինչ են: Առանց առաջինների` այս վերջինն էլ անպէտք է:

ԹՈՐԳՈՄ

 

Shavro_111015

Քո պապը եւ քո հայրը գնացին միեւնոյն ճանապարհով, եւ դու, իբրեւ արժանաւոր յաջորդ` պարտաւոր ես նոյն ճանապարհով գնալ: Այդ ճանապարհը փշոտ է եւ դառն, այնտեղ երբեք վարդեր չեն բուսնում: Քո պապը եւ հայրը երբեք վարդերի վրայով չեն անցել, այնպէս որ դու էլ չես անցնի:

ՇԱՒՐՕ

 

Apro_111015

Նրանք, որոնք վնասակար են համարում յեղափոխութիւնը, միթէ չե՞ն ընդունիր, որ եթէ հնարաւոր է հազարաւոր անձինք վայրագ քիւրտերի ճիրաններից ազատել միմիայն նիւթական փոքր զոհողութեամբ, պարտականութիւն է ամէն մի հայի նպաստել այդ սուրբ գործին: Արդ` հարուստները ինչո՞վ պիտի արդարացնեն իրենց խիղճը, չէ՞ որ իրենք էլ հայ են եւ պարծանք ու անպատուութիւն հաւասարապէս պիտի վայելեն ընդհանուր ազգութեան հետ:

ԱԲՐՕ

 ՀՅԴ 125-Ամեայ Ուղին`
125 Դրուագով

38 1097 փետրուար 22-էն մինչեւ մայիս 4 Վիեննա գումարուած Չորրորդ Ընդհանուր Ժողովը կը նկատուի Դաշնակցութեան ամէնէն կարեւոր համագումարներէն մէկը: Կուսակցութեան վիճակը, յատկապէս Կովկասի մէջ, ներքնապէս ալեկոծ էր, ոչ միայն խմբապետ Միհրանի «Կովկասեան նախագիծ»-ին դէմ շղթայազերծած շարժման, այլեւ թրքահայ եւ կովկասահայ դատերը իրարմէ անջատելու եւ տարբեր կազմակերպութիւններով առաջ մղելու ռուսահայ ձախակողմեան կարգ մը տարրերու տրամադրութիւններուն բերումով: Անկախ իր ընթացիկ զբաղումներէն, Ընդհ. Ժողովը պէտք է յարմար լուծում մը տար փշոտ այդ հարցերուն: Այդպէս ալ եղաւ: Շնորհիւ կեդրոնական ու համադրող կարգ մը ղեկավարներու տիրական միջամտութիւններուն (Ակնունի, Զաւարեան, Եղ. Թոփչեան, բայց մանաւանդ Ռոստոմ):

39 1907-ին, Տարօնի մէջ կը նահատակուի Գէորգ Չաւուշը: Սուլուխի կռուին անմիջական մասնակից Ռուբէն կը գրէ.-

«Սուլուխի կռիւը պատահեցաւ 1907 մայիս 27-ին եւ տեւեց մինչեւ մայիս 28 առաւօտեան: Խորհրդաւոր է այդ օրը: Անկէ ուղիղ 11 տարի ետք պիտի ծնէր Գէորգներու արեան շնորհիւ Հայաստանի անկախութիւնը»:

Մենք կորսնցուցած էինք, բացի Գէորգէ, Գալէն եւ Յակոն, կռուող գիւղացիներէն 18 հոգի, իսկ ժողովուրդէն 23 հոգի: Այդ կռուին մասնակցող 17 ֆետայիներն 3 սպաննուած, 11 վիրաւոր ունէինք. 4 հոգի միայն բախտաւոր էր, որ անվնաս մնացին. ատոնցմէ մէկն էր քիւրտ Հասանոն, որ ֆետայիի նման կռուեցաւ»:

40 Չորրորդ ընդհանուր ժողովի մը վաւերացուած ընդհանուր հիմունքներով մշակուեցաւ կուսակցութեան նոր ծրագիրը: Այդ ծրագրով ան նոյն 1907 թուականին ներկայացաւ Շթութկարտի Ընկերվարական Համագումարին եւ ընդունուեցաւ որպէս անդամ այդ մեծ, համաշխարհային ընկերակցութեան: Ընդունուեցաւ նախ կովկասեան հատուածը, ապա եւ, 1909 թուականէն յետոյ, երբ Թուրքաց Հայաստանն ալ թեւակոխեց սահմանադրական ազատութեան շրջանը, ողջ Դաշնակցութիւնը իր բոլոր ճիւղերով անդամագրուեցաւ Ընկերվարական Ինտերնացիոնալին:

41 Դաշնակցութեան կարեւոր իրագործումներէն է օսմանցի ընդդիմադիր տարրերու համախմբումը: 1907-ի վերջերը, Դաշնակցութեան հրաւէրով, թուրք եւ ոչ թուրք ընդդիմադիրներ մասնակցեցան «Օսմանեան Կայսրութեան Ընդդիմադիր Տարրերու Քոնկրէ»-ին, Փարիզի մէջ: Քոնկրէի որոշումները Դաշնակցութեան յեղափոխական բազմամեայ ուղեգիծին յաղթանակը կը կազմէին,- գահընկէց ընել Սուլթան Համիտը, հաստատել ժողովրդավար կարգեր եւ Օսմանեան ազատ խորհրդարան եւ, առ այդ, մերժել տուրքերու վճարումը, զինեալ ընդդիմութիւն ցոյց տալ պետութեան, կատարել աշխոյժ քարոզչութիւն եւ կազմել յեղափոխական խառն կոմիտէներ` ի խնդիր ընդհանուր ապստամբութեան եւն:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13481

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>