Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13394

Ամչնա՞լ, Թէ՞ Հպարտանալ

$
0
0

ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ

Մէկ սենեակնոց փոքրիկ տան մը մէջ կը բնակէինք: Ծնողքս, երկուքն ալ` որբ, իրարու հանդիպած էին որբանոցին մէջ եւ ոչինչէն սկսած, փոքրիկ բոյն մը կազմած էին: Որբերու բոյն մը:

Ընդհանրապէս բոյն բառին առջեւ «տաքուկ» մակդիրը կը զետեղուի, կարծես սովորութիւն դարձած է, սակայն ծնողքիս աղքատիկ բոյնը ցուրտէն պաշտպանուելու պայմանները չունէր: Մթնոլորտը տաք էր, սակայն պատուհաններու ճեղքերէն հովը ներս կը սողոսկէր, եւ մենք ծածկոցներու փաթթուած` տակաւին կը սառէինք: Հայրս, իր «ձագուկները» շուրջը հաւաքած, մեզի գիրք կը կարդար` փորձելով մոռցնել ցուրտ օդը:

                                                                  (Պ. Շ., «Ազդակ-Բացառիկ» 2014)

Յուշերուս մէջ յաճախ յիշած եմ մանկութեանս չքաւոր տարիները:

Չքաւոր, սակայն` երջանիկ տարիներ:

Բարեկամներէս մէկը, որուն ծանօթացած եմ նիւթապէս դժուար օրերս անցնելէն տարիներ ետք, անցեալները հեռաձայնեց` ըսելու, որ կը զարմանայ «քաջութեանս», երբ «հպարտութեամբ» կը յիշեմ մանկութեանս չքաւոր տարիները, եւ փոխանակ ամչնալու, կամ մոռնալու` յաճախ կ’անդրադառնամ յօդուածներուս մէջ:

Մոռնա՞լ եւ ամչնա՞լ:

Չքաւոր տարիներս մոռնալու պարագային էր միայն, որ պիտի ամչնայի ու ինքզինքիս բնաւ չներէի:

Հազար օրհնանք` բարի ծնողքիս, որոնք ցեղասպանութենէ փրկուած, ծնողազուրկ, դիմագրաւելով անբացատրելի դժուարութիւններ` հասած են Լիբանան, որբանոցներու մէջ հասակ առած ու կազմած են ընտանիք:

Հա՛յ ընտանիք:

«Եկո՛ւր բոյն շինենք,
Հայու տուն շինենք» (Ժող. երգ):

Մանկութեան տարիներուս, երբ դասընկեր մը այցելէր մեր փոքրիկ տնակը, երեխայական մտայնութեամբս կ’ամչնայի:

Ընկերներուս մեծամասնութիւնը, ինծի պէս, մէկ սենեակնոց տան մէջ չէին բնակեր եւ իրենց բնակարաններէն ամչնալու պատճառ մը չունէին:

Կարճ ժամանակուան մը համար, տարիներ ետք, դարձեալ համտեսեցի մանկութեանս տեսած ու ապրած նիւթական դժուար օրերը:

Լոս Անճելըս հաստատուեցայ, ամէն ինչ ձգելով ծննդավայրիս մէջ` Լիբանան, եւ ոչինչէն սկսայ երկրի մը մէջ, ուր այնքան ալ հեշտ չէ կեանքը, ինչպէս որ կը կարծուի:

Ներկայիս, բարեբախտաբար, վերագտած եմ իմ բնական վիճակս, սակայն կեանքի մէջ յաջողած գործատէրերու շարքին չեմ դասուիր:

Ազգային բարերարներու ցանկին մէջ չէ անունս, սակայն արդեօ՞ք ամչնալու պատճառ մըն է այդ մէկը:

Հայ ընտանիք կազմած եմ, եւ մեր տան մէջ միայն հայերէն լեզուն է, որ կը խօսուի: Հայ գիրն ու գրականութիւնը, հայկական երաժշտութիւնը անպակաս են տանս մէջ, եւ իւրաքանչիւր հայ, որ կը լրացնէ վերը յիշուած պայմանները, իմ կարծիքովս, ոչ թէ պիտի ամչնայ, նոյնիսկ կրնայ հպարտանալ, սակայն` ոչ պարծենալ:

* * *

Երբ տակաւին Լիբանան էի, տեղացի կարգ մը արաբներուն խօսած ֆրանքօ- արաբերէնին կը զարմանայինք ու կը ծիծաղէինք:

Այսօր, դժբախտաբար, նոյն պատկերը մեր մէջ: Ռուսերէն, արաբերէն, ֆրանսերէն, անգլերէն, պարսկերէն (երբեմն ալ` թրքերէն) բառերով «հարուստ» հայերէն մը կը գործածենք: Հայաստանցի հայը սկսած է «սփիւռքահայերէնը» չհասկնալ, իսկ մենք`սփիւռքահայերս, շուտով ռուսերեէնէ հայերէն բառարանի մը կարիքը պիտի ունենանք` կարենալ հասկնալու մեր հայրենիքի մայրենին:

Լոս Անճելըսի կարգ մը հայկական վարժարաններու մէջ երկու տարբեր բաժիններով կը դասաւանդուի հայոց լեզուն:

Երկուքի բաժնած ենք մեր մայրենին: Արեւելահայերէն եւ արեւմտահայերէն, եւ այդ մէկը` հայ ծնողներու առաջարկով (կամ ստիպումով):

Արեւելահայ ծնողները կ’ուզեն, որ իրենց զաւակը միայն արեւելահայ լեզուին ծանօթանայ, իսկ արեւմտահայը չի ցանկանար, որ իր զաւակը «միւսներուն» լեզուն սորվի:

Պատմաբան, հայոց պատմութեան դասախօս, Ճեմարանի մեր սիրելի ուսուցիչ պրն. Երուանդ Փամպուքեանի խօսքերով`

«Մեր ժամանակի սերունդը տարբերութիւն չէր գտներ լեզուի երկու ճիւղերուն միջեւ: Դպրոցական տարիներուն ալ արեւելահայ եւ արեւմտահայ գրողներ ընթերցելու ժամանակ երբեք չենք զանազանած ատոնք, երկուքն ալ ազատօրէն կը կիրարկէինք, համահաւասար արժէք ունէին, երկու լեզուներու օգտագործման բառամթերքն ալ գրեթէ նոյնն էր մեզի համար» (Ե. Փ.):

Հայոց լեզուին երկուքի բաժնուիլը կարծես բաւարար չըլլար, ունեցանք երկու ուղղագրութիւն: Մեսրոպեան եւ աբեղեանական:

Վերջինս նոյնիսկ շատ մը արեւմտահայերու մօտ սկսած է մուտք գործել` պատճառաբանելով, որ աւելի «դիւրին»է, մինչ համացանցի կամ բջիջային հեռաձայններով ուղարկուած գրութիւնները մեծ մասամբ լատինատառ են:

Ներկայիս թուղթ ու մատիտ գրեթէ անգործածելի դարձած են, քանի ամէն ինչ կը կատարուի համակարգիչի միջոցով, հոն եւս, ունինք երկու տարբեր ստեղնաշարեր: Արեւելեանը եւ արեւմտեանը:

Ո՛չ մէկ անպատեհութիւն` ունենալու երկու ճիւղաւորում, տարբեր բարբառներ: Իւրաքանչիւրը ունի իր «համն ու հոտը», սակայն չափազանց կարեւոր է, որ երկուքին մէջ, տեղ չգտնեն օտար բառերը: Ունենանք ՄԻԱՅՆ մէկ ուղղագրութիւն: Մեսրոպեանը:

Ի՞նչ իմաստ ունի Մեսրոպ Մաշտոցի շիրիմին ծաղիկ զետեղելը, երբ «Մեսրոպեան» ուղղագրութեան փոխարէն` կը  գործածուի «աբեղեանականը»:

Չանտեսենք հայ գիրերու գիւտարար Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցը: Մեծ սուրբին աճիւնները թող հանգիստ ննջեն իր գերեզմանին մէջ, եւ իր հոգին երկնային արքայութենէն չայպանէ ոեւէ մէկը, ոչ ալ` միւսը:

* * *

Ամչնա՞լ, թէ՞ հպարտանալ:

Նորանկախ հայրենիք մը ունինք, որ իր արդիական շէնքերով, զբօսավայրերով ու գեղեցիկ վաճառատուներով հայ թէ օտար զբօսաշրջիկներու հիացմունքին կ’արժանանայ, սակայն միեւնոյն քաղաքին մէջ բազմաթիւ են աղքատիկ խրճիթներու մէջ բնակողներու թիւը:

Մինչ որոշ դաս մը կը բնակի դղեակներու մէջ, որոնց նմանը շատ քիչ կը հանդիպինք նոյնիսկ արեւմտեան երկիրներու ամենահարուստ թաղամասերու մէջ, անդին` օրուան հացի կարօտ ընտանիքներու թիւը, փոխանակ նուազելու, օրէ օր աճ կ’արձանագրէ:

Խրճիթաբնակ հայորդիները արդեօք պէ՞տք է ամչնան, ինչպէս որ ես կ’ամչնայի մանկութեանս տարիներուն: Անշո՛ւշտ ոչ: Փոխարէնը` խրճիթաբնակներու կեղեքումով դղեակներու մէջ բնակողներն են, որ պէտք է ըլլան իսկական ամչցողները:

Ցեղասպանութիւն, ապա` Արեւմտեան Հայաստանի ու Կիլիկիոյ մեր պապենական հողերու բռնագրաւում ու հայութեան տեղահանում:

Ո՞վ է մեղաւորը: Անկասկած` ջարդարար թուրքը:

Նորանկախ հայրենիք:

Մեծ թիւով հայեր, փոխանակ վայելելու մեր իրականացած երազը` ազատ հայրենիքը, կը բռնեն գաղթի ճամբան ու կը հաստատուին օտար ափերու վրայ:

Անգամուան մը համար թուրքը չէ մեղաւորը:

Ո՞վ պէտք է ամչնայ: Արտագաղթող հա՞յը, թէ՞ արտագաղթի պատճառ հանդիսացողները:

Պատասխանը յստակ է:

* * *

Գեղարուեստական ձեռնարկի մը ներկայ էի, եւ Լոս ԱՆճելըսի մէջ սովորութիւն դարձած` խօսակցական լեզուն ամբողջութեամբ անգլերէնով էր:

Ձեռնարկի աւարտին ներկաներուն առիթ տրուեցաւ լուսաբանական հարցումներ ուղղելու եւ բնականաբար® հարց ու պատասխան` անգլերէն լեզուով:

Ներկաներէն տարիքոտ անձ մը ձեռք բարձրացուց եւ տատամսելով հարցուց, թէ կարելի՞ է հայերէնով ուղղել իր հարցումը:

Ըստ երեւոյթին, անգլերէն լեզուին չէր տիրապետած եւ անոր համար կ’ամչնար:

Անծանօթ հայ: Ո՞վ պէտք է ամչնայ, հայկական ձեռնարկ մը ամբողջութեամբ անգլերէնով կատարողնե՞րը, թէ՞ դուն, պարզապէս լաւ անգլերէն չգիտնալու «յանցանքիդ» պատճառով:

Գործի բերումով, տարիներ առաջ, Ամերիկացիի մը ծանօթացայ, եւ երբ իմացաւ հայ ինքնութեանս մասին, առաջին հարցումը եղաւ:

«Հայաստանցի՞ ես, թէ՞ պարսկահայ»:

«Ո՛չ մէկը, ո՛չ ալ միւսը, պարզապէս հայ եմ», պատասխանեցի կտրուկ` շատ ալ գոհ չմնալով հարցումէն:

«Ուրեմն կոր կոր ես», պատասխանը շատ աւելի ընդվզում յառաջացուց մէջս:

«Նոյնիսկ ձեր հայկական իւրայատուկ մականուններու վերջաւորութեան «եան»-ի գրուած ձեւէն կրնամ գուշակել, թէ ուրկէ՛ եկած էք»:

Ի դէպ, ոչ միայն հայերէնով ունինք մականուններու տարբեր ուղղագրութիւն (եան եւ յան), այլեւ լատինատառ գրուած մեր մականունները երկու ձեւով կը գրուին, նայած` այդ անձը հայաստանցի՞ է, թէ՞ սփիւռքահայ (ian եւ yan):

Հետաքրքրուեցայ, թէ ուրկէ՞ քաղած է այդ մանրամասն տեղեկութիւնները: Վստահաբար հայ ծանօթներէ լսած պէտք է ըլլայ:

«Կլենտէյլ կը բնակիմ» պատասխանը ամէն ինչ յստակացուց:

Կլենտէյլ Լոս Անճելըսի ամենահայահոծ քաղաքն է: Իր հայ ծանօթները, փոխանակ օտարներուն յիշեցնելու Հայոց ցեղասպանութիւնը, մեր մասին տուած են միայն ժխտական մանրամասնութիւններ:

Պատմած են, որ «տարբեր տեսակի» հայեր գոյութիւն ունին, եւ Միջին Արեւելքէն եկողներուն «կոր կոր» ծաղրական անուանումը, վստահաբար լսած էր հայերէ:

Երբ օտարներ, սկսած են զանազանութիւն դնել մեր միջեւ, վա՜յ մեզի:

Սիրելի՛ բարեկամս,

Ազգովին ամչնալու պատճառները այնքա՜ն շատ են, որ մանկութեանս աղքատիկ տնակի մը մէջ բնակելուս համար ամչնալն անգամ անհեթեթ կը գտնեմ:

Ընդհակառա՛կը, հպարտ եմ ծնողներովս, որոնք ճիգ չխնայեցին մեզ հայ մեծցնելու:

Հայրս հազիւ օրապահիկը կ’ապահովէր, սակայն մեզ ուսումէ չզրկեց:

Այդ փոքրիկ, մէկ սենեակնոց տան մէջ թանկարժէք իւղանկարներ կամ պարսկական գորգեր չկային: Փոխարէնը` կարելի էր գտնել հայկական բոլոր թերթերն ու պարբերաթերթերը, հայերէն գիրքերու ճոխ հաւաքածոյ մը: Կային նաեւ երկու երաժշտական գործիքներ:

Այդ խրճիթը հայկականութիւն կը բուրէր: Գիր ու գրականութիւն, արուեստն ու երաժշտութիւնը անպակաս էին:

Հաւանաբար շատ մը բարեկեցիկ ընտանիքներ, որոնք կը բնակին ընդարձակ բնակարաններու մէջ, կամ ներկայիս, մայր հայրենիքի մէջ դղեակներու մէջ բնակողներու մօտ, կարելի չէ գտնել այն, ինչ որ կը գտնուէր մեր փոքր խրճիթին մէջ:

Ո՞վ պէտք է ամչնայ:
Անո՞նք, թէ՞ ես:

Լոս Անճելըս 2017


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13394

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>