ՊԵՏԻԿ ԱՇՈՏԵԱՆ
Եւ… անապատին մէջ շատ վարդեր բուսան, բայց ոչ ոք նկատեց զանոնք, քանի որ այնպիսի տեղ մը բուսան, ուրկէ ոչ ոք կ՛անցնէր, որ նկատէ զիրենք:
Իսկ պատերազմը մարդոց անապատ մեկնիլն էր կարծէք… անոնք գացին անապատ ու նկատեցին, որ անապատն ալ ունի իր վարդերը, զորս տեսնելու համար պէտք է անպայման անցնիլ անապատէն:
Այսպիսի մտորումներով կը վերյիշեմ սուրիական պատերազմի օրերը եւ մեր առօրեան:
2012-ի ամառն էր, առաւօտեան ժամը 7:00-ին, քնոտ աչքերով, լայն ժպիտով, 20-21 տարեկան տղաք-աղջիկներ Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ներքնասրահը հաւաքուած էին կրկին: Անոնց պարտականութիւնը ծանր պարկեր շալկել ու տոպրակներ լեցնելն էր միայն: Առաւօտեան ժամը 7:00-էն մինչեւ գիշերուան եօթը, թերեւս` ութ կամ ինն:
Կէսօրին երբեմն ճաշի դադար մը կ՛առնէին, հոն ճաշի կը նստէին, երբեմն ալ` առանց դադարի, ոտքի վրայ բաներ մը կ՛ուտէին:
Անոնք ծառայելու եկած էին` հալէպահայ ընտանիքներուն յատկացուելիք պաշարի կողովները պատրաստելու, դասաւորելու ու միակ վարձքը, որ կը ստանային սրահի ձայնասկաւառակէն հնչած ազգային երգն էր: Ու երբ պատասխանատուներէն մէկը հարցնէր, թէ ի՛նչ բանի պէտք ունիք, անոնք կը խնդրէին երգին ձայնը բարձրացնել, որովհետեւ ուրիշ ոչ մէկ բան այսքան ոգեւորութիւն կը ներշնչէր իրենց: Իրապէս ալ, երբ հայկական երգը բարձրաձայն կը հնչէր, գեղեցիկ աշխուժութիւն մը կը նկատուէր, ձեռքերը կ՛արագնային ու դիտողը ինքզինք մեղուի փեթակի մը, կամ մրջիւններու բոյնի մը մէջ կը զգար:
Եւ այսպէս, գործը կամաց-կամաց առաջ կ՛երթար… երիտասարդ տղաքն ու աղջիկները աշխատանքի նոր ձեւեր կը գտնէին, որպէսզի աւելի դասաւորուած ու արագ ընթանար գործը: Ինչո՞ւ պիտի չընթանար, մեր տղաքը հնարամիտ էին` մէկ ձեռքով տասը տոպրակ ալ կը շալկէին:
Երկու կամ երեք հոգի տոպրակներով լեցուն պարկերը կը շալկէին, իւրաքանչիւրը սննդամթերքի մէկ տեսակ յանձն կ՛առնէր, միւսները քով-քովի կը շարուէին ու պարկ շալկողը կը շրջէր, իսկ հերթով կանգնած իր ընկերները իւրաքանչիւր պարկէն տեսակ մը վերցնելով (բրինձ, ոսպ, անուշ, ձէթ, ծոթրին… եւ այլն) կողովի մը մէջ կը տեղաւորէին ու այսպէս բաւական ժամանակ ու յոգնութիւն խնայած կ՛ըլլային: Իւրաքանչիւրը իր աշխատանքին մէջ քիչ մը սէր, քիչ մը յոյս, քիչ մըն ալ լաւատեսութիւն կը ներարկէր ու գործը այնքան հեզասահ կ՛ընթանար, որ դժգոհութեան ոչ մէկ արտայայտութիւն կը նկատուէր երիտասարդներուն դէմքին վրայ:
– Մէկ, երկու, երեք… քիչ մնաց, տղա՛ք, քիչ մնաց,- զիրար այսպէս քաջալերելով` հարիւրաւոր կողովներ կը պատրաստէին. ժամացոյցին թուանշանները կարեւորութիւն չունէին այստեղ կարեւորը նուիրումի ոգին էր:
Տղաքը գնումներուն ալ կ՛օգնէին, մեծաքանակ սննդամթերքի պարկերը շալկելով` Շտապի բեռնատարներուն մէջ կը դնէին, իսկ եկեղեցի հասնելնուն պէս խոշոր ու ծանր պարկերը մէկ-մէկ
իրենց ուսին առնելով` եկեղեցւոյ աստիճաններէն կ՛իջնէին ու ներքնասրահին մէջ կը տեղաւորէին:
Անգամ մը անոնք ստիպուեցան քաղաքի ծայրամասը մեկնիլ, Հալէպ հասած բրինձի մեծաքանակ պարկերը ստանձնելու համար: Իւրաքանչիւր պարկ 50 քիլօ կը կշռէր: Եւ այսպէս, անոնք պարկերը մէկ առ մէկ շալկելով` բեռնատարին մէջ տեղաւորեցին ու նստան, սպասեցին վարորդը, որ քահանայ հօր հետ միասին մօտ 30 մեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող պարենաբաշխումի կեդրոնին մէջ ապրանքի ստանձնումին վերջին ստուգումները կը կատարէր: Պէտք էր շուտով եկեղեցի հասնէին ու սկսէին տեղաւորումի եւ կողովներու դասաւորումի աշխատանքը:
Պատասխանատուները վտանգաւոր շուկաներ չէին ղրկեր զիրենք, բայց այդ օրերուն Հալէպի մէջ մի՞թէ ապահով տեղ կար: Յանկարծ փոխադարձ կրակոց մը սկսաւ, փամփուշտներու սուլոցը շատ յստակ կը լսուէր: Տասը երկվայրկեան չանցած` երբ փողոցը մարդ-մարդասանք չմնացած: Բոլորն ալ փախչելով` նեղ թաղերու կամ ինքնաշարժներու տակ ապաստանած էին:
Բայց տղոց ինքնաշարժէն վախի պոռչտուքներուն փոխարէն` խնդուքի ձայներ կը լսուէին: Բոլորն ալ իրենց գլուխը քիչ մը վար առած, կը խնդային ու կը խնդային:
– Ծօ՛, աս ինչ կրակոց փրթաւ… կը մեռնինք կոր… շոֆերը ո՞ւր մնաց, վրանիս հալ չմնաց,- ըսաւ անոնցմէ մէկը ու խնդուքէն խօսքը կէս մնաց:
– Մտի՛կ ըրէք, մտի՛կ, վայրկեան մը,- ըսաւ ուրիշ մը եւ սկսաւ կէս լրջութեամբ, կէս կատակով «Ի վերին երուսաղէմ»-ը մրմնջել:
Այս մթնոլորտին մէջ կրկին խնդալ սկսան, երբ հեռուէն վարորդն ու տէր հայրը տեսան: Տէր հայրը փիլոնը հաւաքած կը վազէր մեքենային ուղղութեամբ, վարորդն ալ` ետեւէն: Տէր հայրը արագ-արագ կը վազէր ու մերթ ընդ մերթ դէմքը շրջելով` վարորդին ձայն կու տար.
– Աճապարէ՛, բարեկամ, հասանք, հասանք, եալլա՛, քիչ մնաց, վազէ՛:
Հասան, երկուքը մէկ ինքնաշարժ ցատկեցին ու առաջին մարշով ինքնաշարժը աշխատեցաւ: Փամփուշտներու տարափէն ազատելով` անոնք եկեղեցի հասան:
Եկեղեցւոյ ներքնասրահը ակումբի վերածուած էր այս երիտասարդներուն համար, երիտասարդներ, որոնք իրենց կեանքի ամենաքաղցր տարիները անցուցին սննդամթերքի կողովներ պատրաստելով, բայց ուրախ էին, գոհ էին, միթէ աւելի մեծ ուրախութիւն կա՞յ այս աշխարհին մէջ, քան` հազարաւոր մարդոց ուտեստեղէն ապահոված ըլլալու հոգեկան բաւարարութիւնը:
Յարգանքս` բոլոր երիտասարդ, հերոսներուն: Առանց անոնց նուիրեալ աշխատանքին` անկարելի պիտի ըլլար մեր ժողովուրդի կարիքներուն հասնիլ: Յարգանքս` բոլոր կղերականներուն ու Շտապ օգնութեան բոլոր ծառայողներուն: Եւ վերջապէս` բոլոր նուիրատուներուն: