Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13366

Մենք Հոս` Բոլո՜րս Վկայ

$
0
0

(Ընկեր ՇԱՀԱՆ ՖԱՐԱՃԵԱՆի խօսքը՝ Հայաստանի անկախութեան կերտման 99ամեակի հանդիսութեան)

1915-ի ահաւոր ողբերգութենէն հազիւ երեք տարի ետք պոռթկաց հայ ժողովուրդի անընկճելի վճռակամութիւնը, որ պսակուեցաւ մայիսեան յաղթանակով:

Անկախութիւնը կու գար դարաւոր ստրկութեան մը ստեղծած յուսալքման ընդդիմացող ուժերու համախմբումով. ուժեր, որոնք հիմնականօրէն տոգորուած էին Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան վճիտ հայրենասիրական զգացումներով:

Ըսուած է արդէն, որ Դաշնակցութիւնը չէ ուզած երբեք իր անունով դրոշմել մայիսեան անկախութեան յաջողութիւնը. ուրիշներ են անոնք, որոնք անհանգիստ կը զգան այս հարցով ու կը փորձեն նսեմացնել Դաշնակցութեան դերակատարութիւնը` ըսելով, որ մայիսը Դաշնակցութեան չի պատկանիր, անզգալաբար շեշտելով սակայն, այսպէ՛ս, պատկանելիութիւն մը, որուն մասին ինքը` Դաշնակցութիւնը չի խօսիր:

Ըսուած են նոյնպէս ու նշուած` մայիսեան հանրապետութեան յաջողութիւնները. մարդկային, ընկերային ու յառաջդիմական շարք մը նուաճումներ, դարասկիզբի տուեալներէն շատ անդին տեղաւորուող իրագործումներով, եւ այս ` հակառակ ժողովուրդի դիմագրաւած ծանր վիճակին, մթերքներու եւ այլ անհրաժեշտ պարէններու սակաւութեան պատճառով:

Ու վերջապէս ըսուած է արդէն, թէ որքա՜ն կարեւոր ու կենսական էր անկախ հայկական պետականութեան մը քաղաքացին ըլլալու զգացումը, եւ թէ` որքա՜ն ցնցիչ փոփոխութիւն մըն էր ասիկա, դարերու ընթացքին զանազան հրոսակներու գրոհին ենթարկուած հայ մարդուն համար:

Յետոյ` խորհրդայնացում: Այսօր եւս 99 տարի, կամ աւելի ճիշդ` գրեթէ 96 տարի ետք, խորհրդայնացման առաջնորդող օրուան ղեկավարութեան ընտրանքը կարելի է հաւանաբար դիտել տարբեր դիտանկիւններէ. կարելի չէ սակայն չգնահատել այդ ընտրանքին արդիւնքը, որ մերօրեայ ազատ ու անկախ հայրենիքի իրականութիւնն է. հետեւաբար խորհրդայնացման ընտրանքին առաջնորդող որոշումը եւս յաղթական որոշում մըն էր` անկախ ատենին ու նաեւ երկար տարիներու ընթացքին ստեղծած յուսախաբութենէն ու թախիծէն:

Սակաւաթիւ, ընդհանրապէս դաշնակցականամերժ պատմաբաններ, այլոց աչքերուն մէջ «մժեղներ» փնտռելով, վիճելի խոշորացոյցներու գործածութեամբ, պիտի ուզեն գտնել թերիներ ու սխալներ, եւ ի՜նչ-ի՛նչ վերլուծումներով պիտի ջանան նսեմացնել մայիս 28-ի նուաճումները: Սակայն նոյնինքն պատմութիւնը կու գայ ջրելու վերապահութիւնները` քանի այսօր մեր հայրենիքը ազատ է ու անկախ, Արցախը ազատ է ու անկախ` շնորհիւ մայիսեան յաղթանակին: Հայութիւնը իր հզօր միջազգային ներկայութեամբ ու պահանջատիրութեամբ, թօթափած ըլլալով վիրաւոր ու մահամերձ ժողովուրդի մը հոգեբանութիւնը` ներկա՛յ է աւելի քան երբեք, մայիսեան իրականութեան ստեղծած վերափոխման պատճառով:

Ու երբ Հայ դատի աշխատանքները եկան վերակենդանացնելու մոռացութեան դատապարտուած եղելութիւններ, կրկին պայքարի մղիչ ուժը եւ ուղեցոյցը կը կրէին մայիսեան իրագործումներու ոգին:

Պատկերացնենք պահ մը, թէ ի՛նչ պիտի ըլլար հայ ժողովուրդի ճակատագիրը, եթէ մայիսը կերտուած չըլլար.

ա.- Պիտի բացակայէր, բոլորովին, կենսատու պետական մտածողութիւնը:

բ.- Ցիրուցան հայութեան բեկորները պիտի գտնուէին փուլային ուծացման վստահ վտանգին դիմաց, որովհետեւ անոնց յիշողութեան մէջ տեղ գտած պիտի ըլլար միայն կոտորուած ու պարտուած ժողովուրդի մը դաժան պատկերը:

գ.- Եթէ նոյնիսկ ազգային գիտակցութիւնը յաջողէր դիմանալ, ի՞նչ պիտի ըլլար նպատակը. հաւանաբար պիտի բաւարարուէր թրքական գերիշխանութեան ենթակայ ազգային հատուածի մը տառապանքներու թուարկումով եւ զոհերու յիշատակը յարգելով:

դ.- Լաւագոյն պարագային, Թուրքիոյ տարածքին մէջ հայկական ինքնավար կղզիի մը ստեղծման երազը պիտի ըլլար` հոն մէկտեղելու համար կոտորածներէն ճողոպրած տաճկահայկական մնացորդը, բան մը, որ եթէ նոյնիսկ նման յղացում մը յառաջ քշողներ գոյութիւն ունենային, հասկնալիօրէն յաջողութեան շատ տկար հաւանականութիւններու պիտի բախէր:

ե.- Պիտի դաստիարակէինք նոր սերունդը անցեալով միայն` Վարդանանց պատերազմով, եւ` որպէս ցեղասպանութեան մը ենթարկուած հին ժողովուրդի մը տժգոյն զաւակներ:

զ.- Պիտի չունենայինք մայիսեան հանրապետութեան ժառանգորդները ըլլալու հպարտութիւնը, ու մանաւանդ` ներկայի ազատ ու անկախ հայրենիքի մը պահանջատէր զաւակները ըլլալու ինքնավստահութիւնը:

Ու տակաւին, կարելի է երկարել պատկերացումներու շարքը:

Ինչո՞ւ սակայն տարուէ տարի կը վերադառնանք այս բոլորին ու կը կրկնենք ծանօթ բառակապակցութիւններ:

Ինչպէ՜ս չկրկնենք, պիտի փսփսային հին ընկերները, չէ՞ որ քաջերու արեան գոյնով գունաւորուեցաւ առաջին երիզը. չէ՞ որ հայ ժողովուրդի անմահութեամբ երանգուեցաւ երկրորդ երիզը, չէ՞ որ հայուն ստեղծագործ ոգին դրոշմուեցաւ երրորդ երիզին վրայ:

Պիտի չվհատէի՞ն հին ընկերները, եթէ մենք ձանձրացուցիչ նկատելով կրկնութիւնները` խուսափէինք բոլորովին բառերէն ու միայն զգացումներով ապրէինք մայիսեան յուզումը: Ճիշդ է` բառերը նուազ զօրաւոր են զգացումներէն, սակայն բառերու ճամբով է, որ կարելի կը դառնայ փոխանցել սերունդէ սերունդ` հոգիներուն մէջ տեղաւորուած անջնջելի արժէքները:

Կ’աշխատինք այսօր եւս, որպէսզի Ցեղասպանութիւնը արժանանայ միջազգային ճանաչման: Մեր պայքարը անշուշտ պահանջատիրական է, նիւթական ու մանաւանդ` հողային: Հակասութի՞ւն պէտք է փնտռել արդեօք այս երկուքին միջեւ: Կը կարծեմ` ո՛չ: Ցեղասպանութեան ճանաչումը վստահաբար չի դադրիր վատօրէն խոշտանգուած նահատակներուն յարգանքի տուրք մը ըլլալէ, որով սակայն չի բաւարարուիր հայ ժողովուրդը, ոչ ալ կը բաւարարուի ներողութեան մը կամ ցաւակցական համակրանքի մը արտայայտութեամբ. ճանաչումը կը ծառայէ մեր ժողովուրդի պահանջատիրութիւնը աւելիով եւս շեշտաւորելու գործին. ցաւակցութիւնները կ’ուղղուին պարտուածներուն ու հայ ժողովուրդը պարտուած ժողովուրդ մը չէ: Իսկ եթէ նոյնիսկ չլրանայ Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման ցանկը, հայ ժողովուրդի հողային արդար պահանջը պիտի չտժգունի նուազագոյնով` կրկին մայիսեան փառաւոր սխրանքի ստեղծած ազգային գիտակցութեան եւ ինքնավստահութեան շնորհիւ:

Այս է պատճառը, որ տարուէ տարի կը վերադառնանք այս բոլորին: Կը վերադառնանք շեշտելու եւ ընդգծելու համար, որ հայ ժողովուրդը յաղթական  ժողովուրդ մըն է, եւ որ` ա՛յս է նոր սերունդները դաստիարակելու միակ ընդունելի ուղին:

Այսօր Թուրքիան վիրաւոր է իր ներքին խնդիրներով, Էրտողանի արձակած լիրբ ու վանողական յայտարարութիւններով` հակառակորդներու թէ դաշնակիցներու հասցէին, բայց նաեւ` Թուրքիոյ իրական դէմքի բացայայտման պատճառով: Դիւանագիտական գետնի վրայ ինքզինք մեկուսացնելու, ինքզինք զանազանելու Էրտողանի ընտրած ճանապարհին մէջ կարելի է տեսնել հաւանաբար մարտավարական ընտրանք մը, քանի այս ինքնամեկուսացումը կը պարունակէ միաժամանակ սպառնալիք մը` թէ՛ Ամերիկայի նկատմամբ, որ պիտի չուզէր կորսնցնել հաւատարիմ ու կարեւոր, ըստ ամերիկեան փորձագէտներուն, դաշնակից մը, թէ՛ ալ Եւրոպայի նկատմամբ, որ բազմամարդ թրքական շուկայէն եւ այլ շահերէ զրկուելու հաւանական հեռանկարին առջեւ պիտի գտնուէր. առանց մոռնալու անշուշտ գաղթականներու եւ փախստականներու ալիքը` Միջին Արեւելքէն դէպի Եւրոպա, ալիք մը, որուն բանալին Թուրքիոյ ձեռքին մէջ կը տեսնեն շատեր, իրաւացիօրէ՛ն:

Սակայն կը թուի, որ Ամերիկան եւ Եւրոպան տակաւին կը հանդուրժեն Թուրքիոյ հինէն ծանօթ գործելաձեւը եւ քաղաքական շփացածութիւնը: Պիտի շարունակե՞ն պահել զանազան շահերէ թելադրուած իրենց այս հանդուրժողական կեցուածքը: Անյստակ է տակաւին ու, հետեւաբար, անյստակ պէտք է նկատել այս իմաստով Թուրքիոյ ապագան եւս:

Հարկ է աւելցնել հոս, նաեւ, քրտական գործօնը եւ անոր դերակատարութիւնը, այսպէս ըսուած` «Իսլամական պետութեան» դէմ մղուած պայքարի ընթացքին: Դերակատարութիւն մը, որուն կրնայ յաջորդել քրտական ինքնավար մարզի մը կամ նոյնիսկ անկախ պետութեան մը ստեղծման լուրջ հաւանականութիւնը: Այս մէկը եւս կ’առաջնորդէ Թուրքիոյ մօտաւոր ապագան անյստակ նկատելու եզրակացութեան:

Քրտական գործօնը անցեալին մեր մորթին վրայ ճաշակած ըլլալով հանդերձ, չենք կրնար չտեսնել վերջին երկու կամ երեք տասնամեակներուն տեղ գտած քրտական եթէ ոչ անկեղծ զղջման, առնուազն զուսպ համակրանքի մը նշանները հայութեան նկատմամբ:

Ուրեմն, եթէ Թուրքիան դիմէ նոր արկածախնդրութիւններու, որոնք պիտի վտանգեն իր ներկայ իրավիճակը, մենք պարտաւոր ենք ըլլալու զգօն, բայց նաեւ` վճռական, որպէսզի եթէ դերակատարութիւններ ու իրաւասութիւններ բաշխելու պահը գայ, չբացակայի՛նք, ըլլանք հո՛ն` անդրդուելի իրաւատիրոջ մը հանգամանքով:

Այո՜, հայ ժողովուրդը յաղթական է` մայիսն ու Արցախը վկա՛յ:

Հայութիւնը կերտեց մայիսը արեան ու հաւատքի գնով` եռագո՛յնը վկայ:

Մայիսեան յաղթանակը մեր ապագայի երաշխիքն է` վկա՛յ հայ պատանիները, որոնք եռագոյնը ծածանեցնելով` մեր ժողովուրդի պահանջատիրութիւնը կը շեփորեն, հայրենի թէ օտար երկնակամարներու տակ:

Պատմաբաններու գրիչը ա՛յս եւս պիտի արձանագրէ. մեր յաղթական ժողովուրդի երթը` հազարամեակներու մէջէն, ու պիտի արձանագրէ նաեւ մեր ժպիտը, որ պիտի ծաղկի վերստին` իր ամբողջական փայլով, ազատ, անկախ, բայց նաեւ միացեալ Հայաստանի կերտումով:

Մենք հոս` բոլո՜րս վկայ:

Աթէնք

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13366

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>