Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13370

Գրողի Անկիւն. Հալէպ` Մեր Հեքիաթային Քաղաքը

$
0
0

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Խօսիլ Հալէպի մասին` կը նշանակէ խօսիլ Արեւելքի մասին: Անմեղութեան շքեղութիւն եւ շքեղ անմեղութիւն: Միլիոնաւոր մարդոց հին ու նոր յիշատակներու խառն բուրում: Քաղաք մը, որուն պատերն ու ճամբաներն իսկ դեռ չպատմուած հեքիաթներ ունին: Հոն կարծես կայ տպաւորիչ ու անզուգական խորհուրդ մըն ալ, որ կապուած է մեր անցեալին հետ` իբրեւ անուշ շարական, իբրեւ աւանդապաշտ ոգիով գրուած պարզ գիրք:

Նախ ներկայացնեմ, որովհետեւ եւ շատ հաւանաբար ձեզմէ շատերու մտքէն իր անունը, իր տեղն ու դիրքը, իր հանգամանքն ու ինքնութիւնը վրիպած ըլլան: Թերեւս ձեզմէ շատերուն անձնական կեանքի տաղտուկները եւ մանաւանդ աշխարհի ներկայ խառնաշփոթ իրավիճակը մոռցնել տուած են իր ներկայութիւնը:

Ուստի պարզեմ` սահմանելով մտածումներս:

Հին է մեր քաղաքը: Աշխարհի պատմութեան չափ հին: Հոն պարզութիւն կայ, բնական եւ աւանդապաշտ: Կայ նաեւ անսակարկ սէր, հիւրընկալ, ներողամիտ ոգի եւ վաղուան հաւատացող հայութիւն: Ան իր հայ գաղութով ինքնուրոյն դիրք ու տեղ ունի սփիւռքի մեր կեանքին մէջ: Ոսկիէ կամուրջ մը` հայուն հինին եւ նորին միջեւ:

Պատմուած եւ դեռ պատմուելիք հեքիաթներու քաղաք է ան: Մէկ խօսքով` հեքիաթային քաղաք, դրախտային ըլլալով հանդերձ:

Գեղեցիկ է մեր քաղաքը: Հակառակ այս օրերու իր փլատակ տեսարանին` տակաւին պահած է իր գեղեցկութիւնը: Ինքնատիպ եւ նահապետական: Հալէպ` մեր քաղաքը կամ մեզմէ շատերու ծննդավայրը, մեզի հետ կը խօսի ամէն օր, եւ միշտ: Մեզի հետ կ՛ապրի եւ կ՛ապրեցնէ մեր ժամերը: Հովը, օդը  երգել կու տայ, հարազատ հրապոյրով ու մանաւանդ` բնական եւ ճակատագրական յատուկ հանգոյցով:

Աւելի՛ն. հոն մեռածներն ու ողջերը միասին կ՛ապրին: Յաւէտ բաժնուողները յաւերժօրէն ներկայ են: Հոն մենք ընտանիքի ազգ էինք եւ տակաւին ենք: Մեր համայն հայութեան միակ հայրենիք` Հայաստանը, եթէ երկրագունդի վրայ տեղ մըն էր, եւ եթէ թուղթի մը վրայ պարզ քարտէսի շրջանակին մէջն էր, սակայն գոյութիւն ունէր ներսը, մեր սրտերուն եւ հոգիներուն մէջ հաստատապէս:

Հոն գեղեցիկ էին ամրան գիշերները: Յիշատակելի եւ երկար: Երկինքը ցած կ՛իջնէր ու տանիքներուն կը կապուէր: Բոլորս ալ մտովի կը ճամբորդէինք գիշերուան թեւերուն վրայ, մինչեւ որ մոռնայինք ժամանակը: Բակը կամ տանիքը կը պառկէինք` արեւելեան սովորութեան համաձայն: Մեր նայուածքները կը սեւեռէինք աստղերու ճամբուն վրայ ու կը զգայինք, որ լոյսը Արեւելքէն կու գար: Եւ մեզի համար այդ լոյսը, որ անտես ակունքներէն կը ծնէր մեր գաղութի արշալոյսներուն համար, առաջին սիրոյ առաջին նայուածքին գեղեցկութիւնը ունէր: Քաղցր եւ համով: Թէեւ մզկիթներէն աղօթքները կը խանգարէին գիշերուան համատարած լրջութիւնը, սակայն կային մեր եկեղեցիներու զանգակներու անուշ ղօղանջները: Մեր եկեղեցին ուրիշ էր, մեր քաղաքի հոգիին նման: Եկեղեցւոյ զանգերը մեր ականջները կը լեցնէին սուրբ բաներով, եւ այդ սրբազան երաժշտութեան մէջն էր, որ կը զգայինք Աստուծոյ սրբազան ներկայութիւնը: Անմեղօրէն կը հաւատայինք, որ մեր այդ դարաւոր քաղաքի, դարաւոր մեր եկեղեցիին մէջ իջած ու նստած էր Ինք` հայոց Աստուածը:

Մեր մեծերը աւելի հարուստ էին զգացումով, եւ մեր կեանքը հարազատօրէն ու անտրտունջ կը հետեւէր մեծերու հետքերուն: Մայրենին կ՛իշխէր բոլոր հայ տուներու երդիքին վրայ, որ աւանդութեան հետ կը կառավարէր նաեւ հայ կեանքը: Կը սահմանէր հայ մտածումը: Ու չտեսնուած պարզութիւն կը բուրէր ամէն կողմէ: Արհեստական ոչ մէկ բան: Պարզ եւ նոյնքան համեստ:

Հապա՞ աշնան. ամբողջ քաղաքը պահածոներ կը պատրաստէր: Խորունկ մառաններու մէջ կը պահէր: Անձրեւներու ջուրերը կը հաւաքէր: Սենեակներու գետինները գորգերով կը ծածկէր: Եւ ապա սնտուկներէն բուրդէ հագուստներ կը հանուէին: Անձրեւին երբեմն ալ կարօտալի ձիւնը կը յաջորդէր:

Հոն, մեր քաղաքին տուներու բակերը բազմամարդ էին: Մէկ խոհանոց եւ մէկ բաղնիք: Այդ պատճառով  շուկայի բաղնիք կը նախընտրէինք: Մամաներուն եւ մեծ մամաներուն կ՛ընկերանայինք: Եւ երբ հազիւ, իբրեւ մանչ զաւակ, չորրորդ կարգի աշակերտ դարձած ըլլայինք, նոյն այդ բաղնիքներու դռնէն պախարակիչ խօսքերով կը վռնտուէինք:

– Բո՜ւ, գացէ՛ք, ձեր պապաներ ալ բերէ՛ք…- կը պոռային մեր երեսին:

Այս բոլորը տակաւին մտքիս նեղ պատերուն մէջ բանտուած կը պահեմ` իբրեւ մասունք եւ սրբութիւն: Ինծի կը պատկանին այս բոլոր յուշերը: Սակայն կը պատկանին նաեւ քաղաքիս: Այդ պատճառով,  ծնողքիս չափ, իրեն ալ երախտապարտ եմ:

Տակաւին հպարտօրէն նաեւ աւելցնեմ, որ մեր այս հին քաղաքը սփիւռքի պատմութեան փայլուն էջերուն մէջ գրաւած է իր հաստատ աթոռը: Սփիւռքի մայր գաղութն ալ է` հաստատ եւ իրաւ: Մենք հոն եղբայր էինք մեր դրացիին եւ տեղացիին հետ հաւասարապէս: Օտար բառը չէինք գործածեր: Չէինք դժգոհեր: Մենք մեր քաղաքին յարգը գիտէինք: Իր կարիքը ունէինք ամէն օր, եւ` փոխադարձաբար:

Սակայն յանկարծ, օր մը, մեր այս սիրելի քաղաքը իր կշռոյթը կորսնցուց: Իր կեանքի համը փոխուեցաւ: Կռիւ, յեղափոխութիւն, «Արաբական գարուն», մահ եւ աւեր: Ու շատեր ակամայ լքեցին զինք ու հեռացան, սակայն չմոռնալով իրենց հետ տանիլ վարդագոյն երազները մեր քաղաքին: Ու վերջը, թէեւ կորսուեցաւ հայկական պարզութիւնը, սակայն Հայաստանն ու Արարատը մնացին գաղթողներու հոգիներուն մէջ:

Գիտէինք, որ իրմէ հեռու դժուար բան էր հայ մնալը: Նոյնքան դժուար` հայ ըլլալը:

Ու այս օրերուն նոյն այդ մեր քաղաքը իր զաւակներուն կարիքը ունի: Անմիջական եւ դրական: Բոլորս ալ ունինք ցանկութենէն աւելի պարտաւորութիւնը` զինք կրկին կենսունակ տեսնելու, վերյիշելու, վերանորոգելու եւ վերապրեցնելու: Մէկ խօսքով` վերադարձնելու իր ճերմակ երազները:

Մեր քաղաքը այս օրերուն որքա՜ն կարօտցած է խաղաղութեան: Ու տաժանելի է այս մէկուն բացակայութիւնը: Մահուան շունչը տեւական ներկայութիւն է իր այդ նոյնիսկ փլատակ շէնքերուն եւ տուներու պատերուն տակ: Հոն տակաւին հայ մարդոց միտքը անհանգիստ է: Սակայն, իբրեւ մեռնող եւ միշտ ալ այդ մեռելներուն մէջէն յառնող եւ վերածնող ժողովուրդի խորհուրդով սնանող մարդիկ, հոն տակաւին հայ կեանքը կը գոյատեւէ յանուն ազգին եւ ցեղին:

Մռայլ ու ամեհի դար մը կ՛ապրի մեր քաղաքը: Սակայն, պատի՛ւ իրեն եւ հոն յամառօրէն հայութեան շունչով գօտեպնդուած  հայորդիներուն, տակաւին կը շարունակուի հայօրէն ապրելու երթը:

Ահա մեր քաղաքը` համայն սփիւռքահայութեան հեքիաթային Հալէպը:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13370

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>