Մակար ի Գաղղիա
Չբարձրաձայնուող լուրերու շտեմարան եւ յաւերժի ճամբորդ «կլոպթրոթըր» է Կեդրոնականցի Արմենակ: Մայիսեան այս արեւոտ կիրակին Էլպիսին հետ եկաւ սակառ մը խնդումերես ելակով:
Եթէ Կեդրոնականցին թերթի «արտակարգ եւ լիազօր» լրագրող ըլլար, նօսրացող ընթերցողները կը խտանային:
Տեղաւորուեցանք պարտէզը: Հարցուցի. «Ի՞նչ կայ չկայ»:
– Ի՞նչ կ’ուզես, որ ըլլայ: Եթէ հայու հանդիպիս, ան անպայման կը զարմացնէ քեզ:
– Լա՛ւ է, կը նշանակէ, որ չենք մեռած,- ըսի:
– Այդպէս հաւատա՛: Միշտ կը փորձեմ հասկնալ կեանքի եւ մահուան տարբերութիւնը: Գիտեմ, որ կէս-կեանք եւ կէս-մահ չկան, նաեւ` ժողովուրդներու համար,- փիլիսոփայեց Արմենակ:
– Չըսե՞ս, թէ ի՛նչ բան քեզ չէ զարմացուցած:
– Երէկ մեր թաղի Փիեռին տունը հանդիպեցայ Հայաստանէն եկած հայ կնոջ մը, որ իր աղջկան հետ երկու օր ետք Տենվեր պիտի մեկնէր: Զրուցեցինք: Ցարդ հայրենաթողները կը խօսէին գործի դժուարութեան, գողութեան, սղութեան եւ այլ հարցերու մասին: Կինը բարեկեցիկ կը թուէր եւ այդ կարգի դժգոհութիւններ չյայտնեց:
– Հետաքրքրակա՛ն, բացառի՛կ,- ըսի:
– Այս կուշտ կինը յայտնեց, որ Հայաստան մարդիկ տգեղ են իրենց կերպարանքով, սերունդը տգեղ է, ինք իր աղջկան հետ կը մեկնի սերունդը բարելաւելու եւ գեղեցկացնելու համար:
– Ինչպէ՞ս:
– Կ’ուզէ իր պարմանուհի աղջիկը ապագային ամուսնացնել «եւրոպական» դիմագիծով անձի մը հետ:
– Արմենա՛կ, ինչո՞ւ ինք ալ, հետեւելով հայկական սովորութեան, միութիւն մը չէ ստեղծած, որպէսզի հայ կիները նուիրուին սերունդի գեղեցկացման այս նոր եւ հեռանկարային առաքելութեան:
– Այդ չհարցուցի, բայց իրեն պատմեցի Պեռնար Շոյի պատմութիւնը: Ըսի, որ գեղեցիկ դերասանուհի մը տգեղ մեծ գրողին ըսած է, որ կ’ուզէ իրմէ զաւակ մը ունենալ, որ իրեն պէս գեղեցիկ ըլլայ եւ գրողին պէս խելացի: Ան ալ ըսած է, որ ի՞նչ պիտի ըլլայ, եթէ ծնող պզտիկը հօրը պէս տգեղ ըլլայ եւ մօրը պէս անխելք:
– Հասկցա՞ւ ըսածդ:
– Մակա՛րս, այս կինը, ինչպէս զինք նախորդող Հրեշտակներու աշխարհը մեկնողները, ե՞րբ ուզած են հասկնալ:
– Լուծում մը կա՞յ:
– Ըլլալու է: Ինչպէ՞ս կ’ըլլայ, եթէ քանի մը հազար գեղակազմ եւ գեղադէմ վիքինկներ բերուին Հայաստան, այս կին Լաուրայի, Սվետլանայի, Մարատի, Նապալիոնի սերունդի գեղեցկացման ազգաշէն քաղաքականութիւնը զանգուածային կերպով իրականացնելու համար եւ հայրենալքման ախտին առաջքը առնուի:
– Առաջարկեցի՞ր:
– Արձակուրդին խորհրդաժողովի մեկնող զբօսաշրջիկներուն պիտի թելադրեմ այդ ընել: Գոնէ ըսելիք կ’ունենան:
12 մայիս 2017