ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ
Զայրացած ենք, քանի որ մեր առջեւ պարզուող իրականութիւնը այլեւս խորքային բնոյթ ունի: Մեր աչքերուն մէջ նայելով, նենգումի համակարգը լծուած է գործի՝ մեր ժողովուրդի պատմութիւնը առեւանգելու եւ զայն փոխարինելու ստապատիր «տեղեկոյթ»ով: Սկիզբը վերագրեցինք չիմացութեան, անհրաժեշտ աստիճանականութեան, դիւանակալ տարրերու անփութութեան: Նոյնիսկ ուրախացանք, որ երբեմնի բոլշեւիկեան կառոյցներէն դուրս եկած մարդիկ սկսած են գնահատելու Գարեգին Նժդեհը եւ Մայիսեան ճակատամարտերու սխրագործութիւնը. սկսած են յիշելու արդէն Արամ Մանուկեանը… Անսացինք խոհեմութեան ձայնին եւ աչք գոցեցինք: Բայց յանկարծ մեր աչքերուն առջեւ երբեմնի Ագիտպրոպն է, որ յանկարծ թօթափած ըլլալ կը թուի իր հրէշային քունը եւ կը գործէ նոր ձեւերով՝ սփռելով իր աղէտը նոր սերունդի կեանքէն ներս: Ան սկսած է թափանցելու նաեւ մշակոյթի ոլորտէն ներս: Որակաւոր յայտագիրներ, ինչպիսիք են Երգ Երգոցը, Հայ Ասպետը եւ այլք, արդէն ինկած կը թուին ըլլալ համակարգի մականին տակ: Արդէն ճարահատ մաս կը կազմեն սուտի ձեւաւորման գործընթացին:
Այս բանը կարելի չէ հանդուրժել: Կարելի չէ ընդունիլ որեւէ պատճառաբանութեամբ: Եւ ասիկա Դաշնակցութեան խնդիրը չէ միայն: Ասիկա ամէն քաղաքացիի եւ ամէն հայու արժանապատուութեան խնդիրն է, եթէ այդ զգացողութիւնը դեռ արթուն է մեր մէջ:
Ազգը զրկել իր հաւաքական յիշողութենէն՝ բոլշեւիզմի կեդրոնական նպատակն է եղած: Առանց այդ յիշողութեան, ազգը կը դադրի ազգ ըլլալէ: Իսկ «ընտրովի՞» յիշողութիւնը… Արդէն յստակ կը տեսնենք, որ խարդախուած այդ յիշողութիւնը աւելի կործանարար է ազգին համար, քան փաստերու ամբողջական ուրացումը: Առանց Դաշնակցութեան առաջնորդող դերակատարութեան գիտակցելու՝ մենք ոչինչ գիտենք մեր ազգային ազատագրական պայքարին մասին եւ ոչինչ գիտենք Հայաստանի անկախութեան իրաւակարգին մասին: Առանձնացնել անհատ դաշնակցական գործիչներ (երէկ Նժդեհն ու Անդրանիկը, այսօր Քաջազնունին, վաղը Արամը, Լեւոն Շանթն ու Նիկոլ Աղբալեանը), զանոնք խնամքով «անջատել» իրենց գաղափարական արմատներէն եւ կազմակերպական պատկանելիութենէն եւ առհասարակ անտեսել այն փաստը, որ անոնք օրը-օրին գործած են ՀՅԴ մարմիններու եւ ժողովներու որոշումներով, ոչ միայն բացարձակապէս անօրինաչափ պատմագիտութիւն է, այլ բացայայտ դաւաճանութի՛ւն՝ մեր նորահաս սերունդին հանդէպ. ան նենգութիւն է ինքն իր ազգին հանդէպ: Եւ անկախ պետականութեան նորմերով՝ ան քրէական յանցագործութիւն է: Մեր պետականութեան վրայէն այս արատը մաքրելու գործը ամէն հայու գործն է: Ամէն հայու անձնակա՛ն արժանապատուութեան խնդի՛րը:
asbarez.com
30/05/2017