Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13366

«Գաղափարի Եւ Ազատութեան Ջահակիրը» (Խրիմեան Հայրիկի Կաթողիկոս Ընտրութեան 125-ամեակին Եւ Վախճանման 110-ամեակին Առիթով)

$
0
0

Վ. ԱՒԱԳԵԱՆ

Վրայ կը հասնի Վան քաղաքի ողբերգութիւնը: Մէկ օրուան մէջ հրդեհի կը տրուին Վանի շուկային 500-է աւելի հայերու խանութները: Կը ժայթքէ Խրիմեանի հոգեկան խռովքը, եւ ան կը գրէ իր նշանաւոր «Վան գոյժ»-ը, որո՞ւն մէջ իր հայրենակիցները կը մեղադրէ չափէն աւելի հնազանդ ըլլալու համար. «…Ո՜վ հաւատարիմ ժողովուրդ հայոց, մարդիկ եւ ազգեր կան, որ քու այնչափ հաւատարմութիւնդ կը ծաղրեն ու կը մեղադրեն զքեզ, երբ կը տեսնան, որ խիստ անմռունչ եւ անզգայ լինիս հաւատարմութեանդ մէջ… Մի՞թէ գռեհաց կա՞ւ ես դու աշխարհիս երես, ես էլ կը դատիմ զքեզ, թէ այդչափ ստրկանաս եւ աղարտես մարդկութեան ազատ պատիւը» (26):

Այս փոքրիկ գործը կը գրաւէ իշխանութիւններու ուշադրութիւնը: Անոնք կ’արգիլեն գիրքին վաճառքը եւ բոլոր օրինակները կը հաւաքեն հրապարակէն: Իր արտայայտած բողոքին եւ ընդվզումին իբրեւ պատիժ` Խրիմեան կը հեռացուի ծերակոյտէն:

«Վան գոյժ»-ի շարունակութիւնը կը հանդիսանայ «Հայ գոյժ»-ը, որուն մէջ ազգային ինքնագիտակցութեան եւ մարդկային արժանապատուութեան կոչ կ’ուղղէ հեղինակը: Խրիմեան ահազանգ կը հնչեցնէ ժողովուրդին. «Դեռ պիտի կոտորուիք, դեռ պիտի մորթուիք… քանի որ անզէն, անեղջիւր, անասպար կ’ապրիք, դուք մարդ էք, ձեռք եւ բազուկ ունիք, մի՞թէ անզգացած մեռեր է ձեր սրտմութեան ոգին» (27): Այս մտքին տրամաբանական շարունակութիւնը պիտի ըլլար զինեալ պայքարի հրաւէրը, որ «Երկաթէ շերեփ»-ի պատգամով պիտի չուշանար:

Պոլիս կեցութեան հինգ տարիներուն Խրիմեան կը գրէ իր կրօնական, փիլիսոփայական եւ բարոյական ըմբռնումները ներկայացնող գործերը` «Դրախտի ընտանիքը», «Սիրաք Սամուէլ», «Յիսուսի վերջին շաբաթը» եւ «Մարգարիտ արքայութեան երկնից» գործերը, որոնց աւելի ուշ պիտի յաջորդէր իր գլուխ գործոցը` «Պապիկ եւ Թոռնիկ»-ը: Հայաստանն է, որ ան կը փոխադրէ իր գրականութեան մէջ, որովհետեւ կը հաւատայ, որ կրօն, եկեղեցի, բարոյական ըմբռնումներ, ընտանիք եւ ամէն բան հայրենի երկրի հողերուն տէր մնալու, հողին վրայ աշխատելու, հողին տեւաբար կառչելու պարտականութեամբ միայն կը պահպանուին:

Խրիմեանի համոզումով, հայ մարդը պիտի գիտակցի, որ «Պապերու արցունքով, արիւնով, քրտինքով ու ծիծաղով, կեանքով ու մահով շաղախուած այդ դարաւոր հողը հայ ժողովուրդի տեւականութեան ու յաւիտենականութեան երաշխիքն է, գերագոյն երաշխիքը» (28): Ան կը հաւատայ նաեւ, որ ազգերը միայն հացով չեն ապրիր, թագաւորութեամբ եւ ազատութեամբ չեն բարձրանար, այլ` բարոյական կեանքով, եւ այդ կեանքը տուողը տունն ու ընտանիքն են: Ընտանիքն է, որ կ’ապահովէ ազգին ուժն ու կեանքը:

Ընտանիքը կարեւոր տեղ կը գրաւէ Խրիմեանի գրականութեան մէջ: Ու զարմանալի չէ, որ ամէն հարցի մէջ ըմբոստ եւ յեղափոխական Խրիմեանը ընտանիքի ըմբռնումին մէջ պահպանողական է, որովհետեւ ան կը հաւատայ, որ առանց բարոյական ամուր հիմերով ընտանիքի` համայնք չկայ, առանց համայնքի` ժողովուրդ չկայ, իսկ առանց ժողովուրդներու` մարդկութիւն չկայ:

Խրիմեան կ’արծարծէ նաեւ «Խաչեալ արդարութեան հարցը» եւ կը յանգի այն համոզումին, որ «Արեւմտեան քաղաքակիրթ աշխարհին մէջ արդարութիւնը հանգուցեալ է տիրապէս» (29): Պերլինի վեհաժողովէն ձեռնունայն վերադարձին, «Երկաթէ շերեփ»-ի ծանօթ ճառը այս համոզումին մէկ կարեւոր արտայայտութիւնն է: Ժողովուրդի ծոցէն ծնած գործիչը կը գլխաւորէ Պերլինի 1878-ի վեհաժողովին հայկական պատուիրակութիւնը: Նախքան վեհաժողովը` ան տեսակցութիւններ կ’ունենայ մեծ տէրութիւններու արտաքին գործոց նախարարներուն հետ: Բոլորին կը պարզէ հայութեան արդար դատը եւ առաջարկներ ու պահանջներ կը ներկայացնէ իր ժողովուրդի զաւակներուն արժանապատիւ կեանք մը ապահովելու համար:

Պերլինի վեհաժողովէն ետք հայութեան ազգային քաղաքական գիտակցութիւնը կը պայծառանայ: Երկար խարխափումներէ ետք հայը կ’ապրի ազատագրական պայքարի արշալոյսը եւ առաջին փորձերը կը կատարէ տէրը դառնալու հայրենի իր երկրին: «Երկաթէ շերեփ»-ի իմաստութեամբ հայութիւնը կը ջանայ յեղափոխական միջոցներու դիմել եւ իր պայքարը նոր ձեւերով առաջնորդել: Խրիմեանի եւ իր գործակիցներուն մշակութային աշխատանքը կամաց-կամաց կը սկսի իր արդիւնքները տալ: Կը ստեղծուի քաղաքական հայութիւնը: Պերլինի վեհաժողովին հայութիւնը բան չի շահիր, բայց կը գտնէ Հայաստանը, հայրենի՛քը: Մարդիկ ի վերջոյ կը համոզուին, որ Հայկական հարցին լուծումը եւրոպական դիւանագիտական գրասենեակներուն եւ վեհաժողովներուն մէջ չէ, այլ` հայ գիւղերուն եւ քաղաքներուն մէջ, «Դէպի երկիր»-ի եւ «Յարատեւ կռիւ»-ի ուղեցոյցներուն մէջ:

Խրիմեանին կը մնայ համախմբել հայութիւնը եւ զայն մղել ազգային-ազատագրական պայքարի: Ան կը վերադառնայ Վան, կը վարէ հոգեւոր առաջնորդի պաշտօն եւ կը կազմակերպէ Վանի սովահարներու օգնութեան աշխատանքը եւ կառավարութեան վրայ որեւէ յոյս չդնելով` կը դիմէ Պոլսոյ, Անդրկովկասի եւ Ռուսիոյ բարեսիրական կազմակերպութիւններուն: Մեծ մարդասէրը ստացուած օժանդակութիւններէն բաժին կը հանէ նաեւ քիւրտերուն եւ թուրքերուն` յաճախ յառաջացնելով իր գործընկերներուն դժգոհութիւնը:

Այդ տարիներուն Վանի եւ Արեւմտահայաստանի տարբեր շրջաններուն մէջ ծնունդ կ’առնեն յեղափոխական գաղտնի կազմակերպութիւններ, որոնք կարծես անթել կապերով խորհուրդներ եւ աջակցութիւն կը ստանան Խրիմեանէն: Ժողովուրդն է, որ կ’երգէ. «Հայրիկին խրատները հանեցին մեզ լեռները, թշնամու դէմ կռուելու, հայրենիքը ազատելու»:

Իշխանութիւնները մօտէն կը հետեւին Խրիմեանի գործունէութեան: Վանի «Սեւ խաչ» կազմակերպութիւնը կ’առնեն հսկողութեան տակ, իսկ Խրիմեան կը նկատեն անբաղձալի տարր: 1885-ի Ծաղկազարդէն երկու օր առաջ անկէ կը պահանջուի չսպասել Զատիկը եւ անմիջապէս հեռանալ շրջանէն:

Ամբողջ Վանը յուզումով հրաժեշտ կու տայ իր առաջնորդին: Ժողովուրդը անգամ մը եւս կ’արձագանգէ.

«Վասպուրականի երիտասարդներ,
«Եւ օրիորդներ, Հայրի՛կ ջան, սեւեր են հագեր:
«Մեր սիրտն ու հոգին դու մորմոքեցիր,
«Քա՛ղցր, անուշի՛կ Հայրիկ ջան, թողիր գնացիր»:

(Շար. 5)

————————————————

  1. Նոյնը, էջ 422:
  2. Նոյնը, էջ 444:
  3. Վազգէն Ա. կաթողիկոս, «Գալիքի տեսքով. ուսումնասիրութիւններ, յօդուածներ, ուղեգրութիւններ (1933-1954)», Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին, 1988, էջ 109:
  4. http://armenianhouse.org/khrimyan-hayrik/bio-am.html

Viewing all articles
Browse latest Browse all 13366

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>