ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ իր նախընտրական խոստումներուն շարքին յայտարարած էր, որ պիտի պայքարի Իսլամ եղբայրներ շարժումին եւ Իրանի դէմ: Ռիատի մէջ Իսլամական-ամերիկեան վեհաժողովի ընթացքին անոր կատարած յայտարարութիւնները համահունչ էին այդ խոստումին: Ան գովաբանեց Եգիպտոսի նախագահ Ապտելֆաթթահ Սիսիի արտասանած խօսքը, որուն մէջ վերջինս անուղղակի կերպով կը քննադատէր Իսլամ եղբայրներու գաղափարակից եւ աջակից Քաթարն ու Թուրքիան: Այս առումով, նշանակալից էր Ռիատի մէջ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի «Չափաւորականութիւն» կեդրոնի պաշտօնական բացման հանդիսութեան ընթացքին լուսաւոր երկրագունդի հետ Թրամփի, Սէուտական Արաբիոյ թագաւորին ու Եգիպտոսի նախագահին լուսանկարը: Նշենք, որ Թրամփ արդէն բազմաթիւ առիթներով պատրաստակամութիւն յայտնած էր գործակցելու անոնց եւ Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորին հետ:
Այսպիսով, տարածաշրջանին մէջ ստեղծուած է Իսլամ եղբայրներու դէմ առանցք մը, որ անմիջապէս սկսաւ գործել եւ անոր առաջին քայլը եղաւ Քաթարի իշխանին վերագրուած յայտարարութեան առթիւ բարձրացնել հակաքաթարեան ալիք մը, որուն ծիրին մէջ քաթարական լրատուամիջոցներու սփռումը կասեցուեցաւ, այդ կղզիին դէմ քարոզչական արշաւ մը ծաւալեցաւ եւ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին մէջ սկսան բարձրանալ Քաթարի դէմ պատժամիջոցներ հաստատել եւ աշխարհի մէջ մեծագոյնը եղող ամերիկեան ռազմակայանէն ամերիկեան ուժերը հեռացնել սպառնացող ազդու ձայներ:
Իսլամ եղբայրներու եւ Իրանի դէմ պայքարի ընդհանուր վերնագրին տակ պէտք է դիտել Ռիատի վեհաժողովի ընթացքին տարաբնոյթ եւ իրերամերժ կազմակերպութիւններու` Քայիտայի, ՏԱՀԵՇ-ի, Իսլամ եղբայրներու, Համասի եւ Հըզպալլայի նման կազմակերպութիւններու մէկ կողովի մէջ դնելու քայլը: Կը մնայ տեսնել, թէ նշեալ նոր առանցքի ստեղծումը պիտի առաջնորդէ՞ Իսլամ եղբայրներ-Իրան կամ առնուազն Թուրքիա-Իրան եւ Քաթար-Իրան մերձեցումի մը: Ամէնէն հաւանականը մարտավարական նկատառումներէ մղուած թուրք-իրանեան առժամեայ մերձեցումն է, որուն ուրուագիծները կրնան երեւիլ մօտ օրէն: