ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԹՈՐՈՍԵԱՆ

Կարօ Արմէնեան, խորքին՝ Արամ Մանուկեանի լքուած տունը, Երեւան
Ընթացիկ տարուան յուլիս ամսուն բախտը ունեցայ գտնուելու Հայաստան եւ բացառիկ զուգադիպութեամբ մը հանդիպեցայ պատանեկութեան ամէնէն սիրելի ընկերներէս մէկուն` Կարօ Արմէնեանին: Նախախնամութիւնը ուզած էր, որ մենք բնակինք նոյն շէնքի տարբեր յարկաբաժիններուն մէջ… Կարօ զիս տեսած էր Հ1-ի սփռումներէն մէկուն եւ հեռաձայնած էր Փարիզ աղջկանս` հեռաձայնիս թիւը ունենալու համար, չէր յաջողած: Հեռաձայնած էր Արցախի բարեկամներէն մէկուն, ուր գտնուած էի պատկերասփռումի օրը: Չերկարենք, զիրար գտանք երեսուն տարուան կարօտէն ետք…

Արամ Մանուկեանի լքուած տունը… Երեւան, Արամ փոցոցի վրայ
Միասին անցուցինք աննման օրեր: Առտու մը, երբ դուրս ելանք իր յարկաբաժնի պատշգամը` Երեւանի համայնապատկերը տեսնելու, Կարօ ցոյց տալով երկու փողոց անդին գտնուող լքուած, պատուհանները հանուած տուն մը` ըսաւ. «Ահա՛ Արամ Մանուկեանի` Սարդարապատի պատերազմին կերտիչին տունը: Իշխանութիւնները կը սպասեն, որ փլի ան, եւ շրջանի հողամասին վրայ կառուցուին բազմայարկ շէնքեր…» մինչդեռ, կրնան պահել, ապագայ համալիրին մէջ առնել զայն եւ վերածել տուն-թանգարանի` աւելի արժեւորելով նորակառոյցները…»:
Բարեբախտաբար այդ օր լուսանկարչական գործիքս հետս էր, անմիջապէս բազմաթիւ լուսանկարներ կրցայ նկարել, որոնցմէ մին է «Ազդակ»-ի թիւին մէջ տպուածը:
Կը խնդրենք Երեւանի քաղաքապետէն, Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութենէն արգիլել այդ տան փլուզումը եւ սերունդներուն յանձնել Վանի եւ ներկայ Հայաստանի փրկարար Արամ Մանուկեանի տունը, որուն առջեւ հաւաքուած ժողովուրդը 1918-ին պահանջա՛ծ է, որ ան ստանձնէ Սարդարապատի պատերազմին կազմակերպումը…
Շնորհիւ այդ յաղթանակին է, որ այսօր գոյութիւն ունին Հայաստան եւ հայ ժողովուրդ:
Պուրճ Համուտ
28 հոկտեմբեր 2015