ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
«Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի յանձնախումբին մէջ հակահայկական զեկուցում ընդունուած Է» («Ազդակ», 5 նոյեմբեր 2015) խորագիրը նախ պիտի ուզէի բանաձեւել հետեւեալ ձեւով. «Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի յանձնախումբին մէջ Ազրպէյճանի նպաստաւոր զեկուցում ընդունուած է»: Ի՞նչ գիտենք զեկուցաբեր Ռոպըրթ Ուոլթըրի մասին:
1, Այս տարի մայիսին Ռոպըրթ Ուոլթըր ստացած է թրքական քաղաքացիութիւն: Այլ խօսքով` ան թրքահպատակ է:
2, Ան կը գտնուի Խրիմի հարցով Ռուսիոյ սեւ ցանկին վրայ:
3, Ան ընդդիմացած է Ազրպէյճանի մարդկային իրաւանց ոտնակոխումին հարցով Եւրոպական խորհրդարանի ծանօթ որոշումին:
4, Վերեւ յիշուած տեղեկութիւնները գաղտնիքներ չեն, տեսնել` «Ուիքիփետիա» https://en.wikipedia.org/wiki/Robert_Walter_%28politician%29
5, Ինչպէ՞ս այսպիսի «խաւիար չսիրող» անձ մը կը նշանակուի Լեռնային Ղարաբաղի հարցով Եւրոպական խորհուրդի զեկուցող: Պիտի զարմանայինք, եթէ արդար զեկուցում պատրաստէր: Ան հայ թղթակիցներուն հարցումին պատասխանած էր, թէ ինք խաւիար չի սիրեր, բայց թէ ուրիշ ի՞նչ բաներ կը սիրէ, թղթակիցները չհարցուցին անոր:
Այսօրուան «Ազդակ»-ի «125 դէմք եւ խորհուրդ` ՀՅԴ 125-ամեակին» բաժինով տեղադրուած Հրայր Դժոխքի արտասանած այս խօսքը որքա՞ն այժմէական է® «Հա՛յ ժողովուրդ, անգութ է Եւրոպան, աւելի արիւնածարաւ է քան մեր դարաւոր ոսոխը, չհաւատաս նրան երբե՛ք: Մեր յոյսը պիտի լինի մեզ վրայ միայն եւ մեռնել սուրբ նպատակին համար»: Այստեղ կ՛աւելցնեմ նաեւ Անգլիոյ վարչապետ (1874-1880) Պենժամին Տիզրայելիի ծանօթ խօսքը, հայութեան օգնութեան խոստումներ կատարելէ ետք օժանդակութիւն զլանալով, թէ` «մեր մարտանաւերը Արարատ լեռ չեն կրնար բարձրանալ»:
Այս եղելութիւնը ոսկի առիթ է, որ հայկական կողմը քարոզչական եւ դիւանագիտական աշխատանք տանի եւ աշխարհին պարզէ Լեռնային Ղարաբաղի հարցին էութիւնը, մինչեւ բանաձեւի արծարծումը Եւրոպական խորհրդարանին մէջ:
5 նոյեմբեր 2015