Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13456

Խմբագրական «Ազատ Օր»-ի. Ազատագրուած Հողը Գին Չունի Եւ Փոխանակելի Չէ (Շուշիի Ազատագրութեան 25-Ամեակին Առիթով)

$
0
0

Հայաստանի եւ հայութեան համար ծայր աստիճան զգայուն եւ վտանգաւոր պայմաններու մէջ այսօր կը նշենք հայոց նորագոյն պատմութեան ամէնէն փառապանծ յաղթանակներէն` Շուշիի ազատագրութեան 25-ամեակը:

1992 թուականի մայիս 8-9 հայոց Արցախ Աշխարհի անառիկ արծուեբոյնը` հայաշունչ եւ հայակերտ պատմական Շուշի քաղաքը վերջնականապէս ազատագրուեցաւ ազրպէյճանական անարգ լուծէն:

19-րդ դարավերջին եւ 20-րդ դարասկիզբին Շուշի թիրախ դարձաւ կովկասեան թաթարներու եկուոր վաչկատուններուն կողմէ բռնագրաւման եւ իւրացման իրերայաջորդ խուժումներու, բայց ամէն անգամ ալ արեւելեան կողմն հայաշխարհի մեր բարձրաբերձ լեռներուն թառած հայոց առիւծասիրտ հերոսները ետ շպրտեցին թաթար-ազերի խուժաններու ներխուժման փորձերը:

Բայց 1923-ին, երբ Անդրկովկասի տարածքին ցարական Ռուսիոյ իրաւայաջորդը` Խորհրդային Միութիւնը ամբողջացուց Վրաստանը, Հայաստանը եւ Ազրպէյճանը վերստին իր մականին տակ առնելու ռուս կայսերապաշտական ծրագիրը, Ստալին ամենայն «մեծահոգութեամբ» Պաքուի վարիչներուն կաշառք տուաւ Արցախը` Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզ անունով շինծու պետական-վարչական իրաւավիճակ մը պարտադրելով հայոց հայրենի հողին իրաւատէր հայութեան:

Խորհրդային-ազրպէյճանական ծանրագոյն լուծը` հայաթափման եւ հայաջնջման հետեւողական քաղաքականութեան արհաւիրքը ցմրուր ճաշակեց Արցախի հայութիւնը շուրջ եօթը տասնամեակ: Նոյն ստալինեան կամայականութեան գլխաւոր միւս զոհերէն հայապատկան Նախիջեւանը (որ ի դէպ, «ինքնավար հանրապետութեան» կարգավիճակ ալ ունէր) չդիմացաւ հայաթափման եւ թրքացման նոյն քաղաքականութեան որոգայթներուն: Բայց Արցախի հայութիւնը առաջին իսկ օրէն կառչած մնաց իր հայրենի ծննդավայրին եւ ամէն հարուածէ վերականգնելու գնով` 1988-էն սկսեալ համաժողովրդային ըմբոստացման դիմեց եւ ազրպէյճանական լուծը թօթափելով` Մայր Հայաստանին հետ միացում պահանջեց:

Համաթրքական ծանօթ վարքագիծին` ցեղասպանութեամբ ազգային-քաղաքական հարցեր լուծելու ռազմավարութեան դիմելով, Ազրպէյճան ամբողջական յարձակումի ձեռնարկեց Արցախի հայութեան դէմ, հայոց պահանջատիրական ժողովրդավար ելոյթները բրտօրէն ճզմել փորձեց, հայոց ինքնապաշտպանութեան անբռնաբարելի իրաւունքը իր սաղմին մէջ խեղդելու մոլուցքին անձնատուր դարձաւ, բայց ամէն փուլի ալ անճրկած ու պարտուած նահանջեց, որովհետեւ հերոսներու արծուեբոյն Արցախ Աշխարհը ազգային ազատագրութեան ամբողջական պայքարի ռազմադաշտ նետուեցաւ ցեղասպան թշնամիին դէմ:

Ահա այս խորապատկերով ազգային-ռազմավարական եւ պատմական-քաղաքական իր փառահեղ նշանակութիւնն ու ուղենշային պատգամը կը զգենու Շուշիի ազատագրութեան «Հարսանիք լեռներում» հերոսական գրոհի գործողութեան յաղթանակով պսակումը:

1988-ի արցախեան պահանջատիրութեան շղթայազերծումէն մինչեւ 1992-ի մայիս 8-ի դարակազմիկ Շուշիի ազատագրումը, հայոց դպրութեան, ձեռներէցութեան եւ մշակութային ծաղկումի դարաւոր բնօրրան Շուշին ազրպէյճանական բռնագրաւման զօրքին կողմէ իբրեւ բարձրաբերդ գործածուեցաւ Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտն ու միւս շէները ռմբակոծման եւ մարդորսութեան մահացու պատանքին տակ առնելու համար:

Մայիս 8-ի Շուշիի ազատագրութեան յաղթական գրոհը օրին ոչ միայն վերջակէտ դրաւ ազրպէյճանական զօրքի դիրքային «առաւելութեան», այլեւ ազդանշանը տուաւ հայրենի հողի ամբողջական ազատագրման յաղթարշաւին:

25 տարիներ անցած են այդ օրերէն, Հայաստանի Հանրապետութիւնն ու ամբողջ աշխարհի մէջ տարածուած ողջ հայութիւնը ամրօրէն եւ ամբողջական զօրակցութեամբ կանգնած են Արցախի կողքին` մեր հայրենիին իրողական ազատագրումը իրաւական միջազգային ճանաչումով նուիրագործելու անտեղիտալի վճռակամութեամբ:

Այդ առումով, ծայր աստիճան զգայուն եւ վտանգաւոր պայմաններու մէջ կը նշենք Շուշիի ազատագրութեան 25-ամեակը, որովհետեւ յանուն շրջանին մէջ խաղաղութեան, համերաշխութեան եւ համատեղ զարգացման` մեծապետական ուժեր եւ նոյնինքն հայ ժողովուրդին դէմ թշնամաբար կողմնորոշուած թուրք-ազերի պետական տրամաբանութիւնը Արցախէն ու արցախցիէն հայրենի մեր հողերը փոխանակելու ահաւոր ճնշումներ կը բանեցնեն, մինչեւ իսկ անուղղակի թէ ուղղակի «հովանաւորութիւն» կը շնորհեն Պաքուի բռնատէրին, որպէսզի զինու զօրութեամբ գրաւէ մեր հողերը…

Որքան ալ ահագնանան Արցախէն հողեր Ազրպէյճանին նուէր տալու եւ Պաքուի քարիւղին բաժնետէր դառնալու նմանօրինակ մեծապետական փորձերը, Շուշիի ազատագրութեան 25-ամեակին առիթով համայն հայութիւնը մէկ ու միակ պատասխան ունի բոլորին անխտիր: Հայ հերոսներու գերագոյն զոհաբերութեամբ` արեամբ ազատագրուած հայրենի հողը սուրբ է եւ գին չունի, անգի՜ն է. ո՛չ մէկ պարագայի փոխանակելի է, այլեւ` անփոխարինելի է պարզապէս եւ ըստ ամենայնի՛:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13456

Trending Articles