ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ
Մինչեւ մօտաւորապէս հարիւրամեակ մը առաջ մամուլ հասկացողութիւնը կ’առնչուէր տպագիր թերթին. թէեւ մունետիկներն ալ «հաղորդակցութեան» միջոց էին` լուրեր, յայտարարութիւններ տարածելու իմաստով: Այսուհանդերձ, մամուլը տպագիրն էր:
Մարքոնիի գիւտը նոր իրականութիւն մը ստեղծեց մամուլի աշխարհէն ներս: Տպագիր մամուլին, թերթին կողքին, մարդիկ սկսան տեղեկացուիլ ձայնասփիւռով նաեւ: Խնդիրը «բարդացաւ» Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ետք, երբ հեռատեսիլը, հրելով-հրմշտկելով, սկսաւ լայն տեղ գրաւել տեղեկատուական բնագաւառէն ներս: Ուրեմն տպագիր թերթ, ձայնասփիւռ եւ հիմա ալ` հեռատեսիլ:
Կը կարծուէր, որ, վե՛րջ, վերջակէտ, սա՛ է իրականութիւնը: Սակայն ելեկտրոնային, համակարգչային գիտութիւնը յեղաշրջեց այս կացութիւնը եւս, անցեալ դարու 90-ական տարիներուն, համացանցի ստեղծումով:
Այս անգամ մէջտեղ եկան տեղեկատուական բազմաշերտ դաշտեր: Տպագիր մամուլը չբաւարարուեցաւ տպարանով. ունեցաւ իր կայքէջը: Նոյնը ըրին նաեւ ձայնասփիւռի եւ հեռատեսիլի կայանները: Հիմա թէ՛ կարելի է տպուած թերթ մը ձեռքիդ մէջ բռնել ու կարդալ, եւ թէ՛ համակարգիչի մկնիկի մէկ հպումով նոյն թերթը պաստառի վրայ կարդալ (այո՛, ճիշդ էք` նոյն «համը չունի»…): Կարելի է նաեւ պաստառին վրայ թէ՛ կարդալ եւ թէ՛ դիտել հեռատեսիլի կայանի մը լուրը:
Սակայն ի վերջոյ, այս բոլորը ունէին տէր – տիրական մը, պատասխանատու մը: Իւրաքանչիւր թերթ, կայքէջ, ձայնասփիւռի կամ հեռատեսիլի կայան ունի խմբագիր մը, տնօրէն մը, որ կը ղեկավարէ իրեն յանձնուած լրատուամիջոցը: Այս վերջիններուն տէրերը, անհատներ կամ կազմակերպութիւններ, կը նշանակեն իրենց յարմար տեսած անձը` ըստ անոր կարողութիւններուն: Մէկ խօսքով, «քառադաշտ» դարձած մամուլը (տպագիր, ձայնասփիւռ, հեռատեսիլ եւ կայքէջ) ունի աշխատանքային կառոյց մը` բաղկացած գլխաւորաբար լրագրողներէն եւ խմբագիր ֊ տնօրէնէն (վարչական աշխատողներու կողքին):
Լրատուական աշխատանքի բեռը, պատասխանատուութիւնը դրուած է լրագրող ֊ խմբագիր համակարգի ուսերուն: Ոչ միայն ծանր է այս բեռը, այլ նաեւ` բարդ: Դէպքի մը մասին երկու տարբեր լրատուամիջոցներ երկու տարբեր ձեւով հաղորդում կը կատարեն: Նայած` թէ լրատու աղբիւրը ի՞նչ տեսանկիւնէ կը դիտէ տուեալ պատահարը, նայած` թէ տուեալ լրատուամիջոցը որո՞ւ, կամ որո՞նց շահերը կը պաշտպանէ: Այսինքն կը խօսինք ոչ միայն եղելութեան մը մասին չոր լրատուութեան, այլ` մեկնաբանակա՛ն լրատուութեան մասին: Կատարեալ խառնաշփոթ, ուր յայտնի չէ, թէ ո՛ւր կը սկսի լրատուութիւնը, ո՞ւր կը սկսի մեկնաբանութիւնը:
Տանք քանի մը թարմ օրինակներ: Նախագահ Ճորճ Պուշի (հայր) հրահանգով ամերիկեան ուժերը գրաւեցին Փանաման եւ ձերբակալեցին նախագահ Նորիեկան: Այդ օրերուն ամերիկեան մամուլին մէջ լայնօրէն հաղորդուեցաւ նաեւ, որ Նորիեկայի նախագական պալատի նկուղներուն մէջ տոպրակներով քոքային յայտնաբերուած է. այսինքն` «Տեսա՞ք, ձեզի չըսի՞նք, թէ այս մարդը ի՛նչ տեսակ չարիք է»: Վեց ամիս անցաւ, մինչեւ որ բրիտանական պահպանողական «Իքոնոմիսթ» շաբաթաթերթի մեկնաբանական յօդուածի մը խորերը թաղուած տող մը կարդացինք, ուր կ’ըսուէր, թէ այդ տոպրակները կը պարունակէին… կորեկի ալիւր:
2003-ի Իրաք ներխուժումի նախօրեակին, ամերիկեան մամուլը, գլխաւորաբար` «Նիւ Եորք Թայմզ»-ը, պատերազմի թմբուկները ամիսներով զարկաւ. այդ ալ` ի՜նչ կշռոյթով եւ ուժգնութեամբ…Գլխաւոր թմբկահարն էր նոյն թերթի լրագրող Ճիւտիթ Միլըրը: Ուաշինկթընի «անանուն աղբիւրներ»-ու վրայ յենելով` ան կը պնդէր, թէ Իրաքը զանգուածային ոչնչացման զէնքեր ունի, որոնք պէտք է «չէզոքացնել» ամէն գնով: Իշխանութիւններն ալ, իրենց կարգին, իրենց ռազմաշունչ յայտարարութիւնները կը հիմնէին…Ճիւտիթ Միլըրի «տեղեկատուութեան» վրայ: Հետեւանքը գիտենք. Իրաքը գրաւուեցաւ, պետական կառոյցները քանդուեցան. նաեւ` միլիոնաւոր զոհեր, վիրաւորներ, գաղթականներ, եւ ահաւասիկ այսօր Մ. Արեւելքի Արգաւանդ մահիկի տարածաշրջանը ինկած է աղէտի ոլորապտոյտի մը մէջ, որուն ելքը յայտնի չէ:
Լրագրողական անպատասխանատուութեա՞ն, թէ՞ սատանայական ինչ ֊ ինչ հաշիւներով էր միայն, որ հեռատեսիլի ռուսական RT (Russia Today) կայանի խօսնակը Քեսապի տեղահանումի լուրը հաղորդեց…10 օր վերջ:
Նորագոյն օրինակը քանի մը շաբաթ առաջ Սուրիոյ Խան Շէյխուն աւանին մէջ տեղի ունեցած դէպքն էր. թունաւոր կազ գործածուեցաւ ու քաղաքային անմեղ զոհեր ինկան: Արեւմտեան մամուլը, լաւապէս ղեկավարուած երգչախումբի նման, անմիջապէս ամբաստանեց սուրիական իշխանութիւնները` առանց սակայն տուեալներ ներկայացնելու: Ինչ որ մեզ կը բերէ ուրիշ յղացքի մը: Այդ ալ Եղելութիւնն է (գլխագիր), Իրականութիւնը:
Բայց այս Իրականութիւն հասկացողութիւնը եւս խեղաթիւրելու փորձն ալ կը կատարուի այսօր, երբ նախագահ Թրամփի վարչակազմը սկսաւ խօսելու…«այլընտրանքային իրողութիւն» ըսուած եւ ցարդ աշխարհին անծանօթ բանի մը մասին (alternative facts): Կատարեալ խառնաշփոթ:
Կը կարծուէր, թէ վերոնշեալ աշխատանքային բուրգն է լրատու դաշտին տէրն ու տիրականը: Այդպէս կը կարծուէր մինչեւ մօտաւորապէս տասնամեակ մը առաջ, երբ Մարք Զիւքըրպըրկ անունով մէկը ըսաւ` «Հէ՛յ, ժողովո՛ւրդ, ես ձեզմէ իւրաքանչիւրիդ այնպիսի գործիք մը պիտի տամ, այդ ալ` ձրի, որ ձեզմէ ամէն մէկը պիտի կարենայ ինք իր լրատուամիջոցը ունենալ. իւրաքանչիւրդ թէ՛ լրագրող էք, թէ՛ մեկնաբան եւ թէ՛ խմբագիր»: Եւ ստեղծուեցաւ Դիմատետրը:
Տիեզերական ճշմարտութիւն է, որ տեղեկութիւն կամ լուր ըսուած բանը զէնք է: Այդ տեղեկութիւնը կրնայ նաեւ անճիշդ ըլլալ. կրնայ միայն մասա՛մբ ճիշդ ըլլալ: Հետեւաբար այս «զէնք»-ի գործածութեան հմտութիւնը նոյնքան անհրաժեշտ է, որովհետեւ զէնքը գործածելէ առաջ անհրաժեշտ է նախ «մարզուիլ» այդ ուղղութեամբ: Իսկ եթէ «մարզում» չկայ, արդիւնքը կրնայ աղէտի համազօր ըլլալ:
Հասանք բուն խնդրին:
Ամէն մարդ, կողմ, կազմակերպութիւն կամ պետութիւն, վերոնշեալ զէնքը կը գործածէ այնպէս, ինչպէս կը պահանջեն իր շահերը: Աշխարհի օրէնքն է սա: Չենք կրնար փոխել: Արդա՞ր, թէ՞ անարդար օրէնք է, ուրիշ խնդիր է ատիկա: Իրականութիւնը այս է: Եւ մենք, իբրեւ հայկական պետութիւն եւ ժողովուրդ, հաշուի պիտի առնենք միայն ու միայն իրականութիւնները:
Այս համաշխարհային խառնաշփոթին մէջ, հայկական լրատուական դաշտին պարտականութիւնն է.-
Առաջին հերթին պաշտպանել մեր ժողովուրդը օտար լրատուամիջոցներու հզօր քարոզչութենէն, CNN ըլլայ ատիկա, թէ RT (օրինակի համար), «Ազատութիւն» ըլլայ, թէ «Սփութնիք»: Կարելի չէ այս (իբր թէ) լրատու աղբիւրներու հաղորդումները հալած իւղի նման կուլ տալ, կամ տարածել հայկական միջավայրէն ներս, սփիւռք ըլլայ ատիկա, թէ Հայաստան:
Երկրորդ, տուեալ դէպքի մը, կամ երեւոյթի մը մասին լրատուութիւնը կամ մեկնաբանութիւնը պէտք է յենի բացառապէս ու միայն այն տրամաբանութեան վրայ, թէ հայութեան ու Հայաստանի համար որքանո՛վ օգտակար է այդ մէկը:
Երրորդ, ներհայկական իրադարձութիւններու մասին եւս, նոյն ներքին տրամաբանութիւնը պիտի ըլլայ մեր կողմնացոյցը, սյսինքն, համահայկական շահերու, գլխաւորաբար մեր պետակա՛ն շահերու տեսանկիւնէն դիտել, հաղորդել կամ վերլուծել տուեալ դէպքը, կամ զարգացումը:
Չորրորդ. Հայաստանն ու հայութիւնը այսօր ունին պատմական իրաւունքներու վերատիրացման խնդիր: Ասիկա սոսկական «խնդիր» չէ. ասիկա այլեւս կռիւ է, պատերազմ է: Գոյութեան կռիւ մըն է, ուր պարտաւոր ենք համաշխարհային լրատուադաշտէն ներս գոյութիւն ունեցող բոլոր տեսակի զէնքերը գործածելու` ըստ յարմարութեան: «Չ’ըլլար ճանըմ, ամօթ է, համաշխարհային այսինչ կամ այնինչ կազմակերպութիւնը ի՞նչ կ’ըսէ մեր մասին. հապա՞ եթէ մեզի խոստացուած մետալը չտան»… Ներեցէք, բայց այս մօտեցումին տեղը միայն աղբանոցն է:
Եւ վերջապէս, հինգերորդ, Դիմատետր գործածող իւրաքանչիւր հայորդի պարտականութիւն պէտք է նկատէ տարածել միայն այն լուրերը, որոնք նպաստաւոր են հայութեան համար: Պարզապէս «հետաքրքրական է» ըսելով` կարելի չէ հայութեան համար աննպաստ հաղորդումներ տարածելը: Անձնապէս այս յօդուածագիրը խնդիր չունի, թէ Դիմատետրի իւրաքանչիւր օգտատէր ի՞նչ կ’ընէ այսինչ կամ այնինչ ճաշարանին մէջ, ո՞ւր կ’այցելէ իր ընկերներուն հետ, իր ընտանեկան պարագաներուն հետ: Խօսքը այդ մասին չէ: Միւս կողմէ, հայկական մամուլին (տպագիր, եթերային կամ ելեկտրոնային) պարտականութիւնն է հանրութեան համար կողմնացոյց հանդիսանալ այս բնագաւառէն ներս:
Բարդ օրերու մէջ կ’ապրինք, բայց ոչ` անելի, այնքան ատեն որ Հայաստանի ու հայութեան շահերուն կողմնացոյցը մեր ձեռքերուն մէջ կը պահենք: