Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13602

125 Դէմք Եւ Խորհուրդ` ՀՅԴ 125-Ամեակին

$
0
0

Avetis_Aharonian-(1)_110615

Ես հաւատում եմ, հա՛յ ժողովուրդ քո դարձին, ինչպէս հաւատում եմ որ ամէն առաւօտ արշալոյսը կը բացուի: Հաւատում եմ վասնզի կամրջընկեց Արաքսի ափերին. Մասիսի խորհրդաւոր հայեացքի տակ մեր հայրենիքը կայ, որ մեր թրթռացող հոգին է բռնել իր մայրական քնքոյշ ձեռների մէջ եւ ակնդէտ ու խռովայոյզ նայում, նայո՜ւմ է ճամբաներին:

ԱՒԵՏԻՍ ԱՀԱՐՈՆԵԱՆ

 

mikael-varantian_110615

Հերոսի ստրիբուտները միմիայն գոռ ճակատամարտներն ու յաղթանակները չեն, ոչ էլ ամէն բան դիմագրաւող յանդգնութիւնն ու իմացականութիւնը: Բաւական է եւ մեծ հոգին, բաւական է անյողդողդ վճռականութիւնն ու որոշումը – ժխտել «ես»-ի բոլոր կենսատենչ պահանջները, մերժել կեանքի ամէն վայելք, մերժել անգամ հարազատների, անօգնական ծնողների աղերսանքն ու վայնասունը – եւ զոհաբերուել յանուն աւելի բարձր, վսեմ մի իրականութեան` գիտակցօրէն ու ինքնաբերաբար:

Մ. ՎԱՐԱՆԴԵԱՆ

 

Karekin-Khajak-44_110615

Երանի՜ թէ մենք լինենք հայ ժողովրդի սեղանին նուիրուած վերջին զոհերը. երանի՜ թէ մեր արիւնով, վերջապէս հանգիստ առնէր այդ թշուառ ազգը: Մնա՜ք բարով. ամբողջ հոգիս թափում եմ համբոյրիս մէջ, որ դրոշմում եմ այս թղթի կտորին: … Թող զաւակներս երթան իմ ճամբայով, դառն, բայց ազնիւ ճամբայ:

ԳԱՐԵԳԻՆ ԽԱԺԱԿ

 

Topdjian_110615

Արիւնոտ է այդ վաթանը, աւերակներով ու մոխիրով ծածկուած, բայց նա մերն է, մեր դարաւոր պատմութեան հետ կապուած եւ այսուհետեւ էլ մերը պէտք է մնայ, եթէ մենք գիտակցում ենք ազգային ամբողջութեան շահերը եւ չենք ուզում րոպէական վշտի ազդեցութեան տակ կորստի մատնել` թէ՛  ընդհանուր եւ թէ՛ նոյն իսկ մասնաւոր անհատների ու խմբերի ապագան:

Ե. ԹՈՓՃԵԱՆ

 

0622Agnouni_110615

Նայեցէք միշտ դէպի Երկիր, եւ հաւատացէք նրա ապագային: Ճիշդ է, քաղաքական կարմիր ամպերը նորից կուտակւում են – բայց ազատութեան վերելքը – թէեւ ծանր, թէեւ յամրաքայլ – անդիմադրելի է:

Ու եթէ մի օր ձեզանից մէկը, իմ ընկերներ, արժանանայ այդ չքնաղ բախտին, թող յիշէ որ իմ ասածը մարգարէութիւն չէր, այլ միայն հաւատ, անխախտ հաւատ դէպի այն ճամբան, որ թէեւ արեամբ ներկուած, միշտ առաջնորդում է դէպի աշխատանքի եւ գաղափարի յաղթադաշտը:

Է. ԱԿՆՈՒՆԻ

ՀՅԴ 125-Ամեայ Ուղին`
125 Դրուագով

23.- Փետրուար 1903-ին, Փարիզի եւ եւրոպական այլ մայրաքաղաքներու մէջ մակեդոնական շարժման ի նպաստ իր կազմակերպած զօրակցական ցոյցերով, ՀՅԴ նոր թափ կու տայ արտասահմանեան իր գործունէութեան:

24.- Սահմանը անցնող դաշնակցական խումբերու պատմութեան մէջ իր անկիւնադարձային տեղը ունի Թորգոմի ձիաւոր Մրրիկ խումբը, որ 1903-ի ամրան սկիզբին հասաւ Սասուն: Առաջին անգամն էր Սասնոյ կեանքին մէջ, որ հեռաւոր Կովկասէն 23 հոգիէ բաղկացած հեծելախումբ մը կը հասնէր Սասուն, ինչ որ զարմանք եւ հիացմունք առթեց սասունցիներուն: Եկուորներուն մէջ էին ՀՅ Դաշնակցութեան յայտնի կռուողներն ու զինուորականները, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կրնար խումբի մը ղեկավար ըլլալ. շատերը հին գործիչներ էին եւ տասնեակ  տարիներու յեղափոխական մարտիկներ:

25.- 1903-ի յուլիս-օգոստոս ամիսներուն, հայոց եկեղեցապատկան կալուածներու բռնագրաւման ցարական հրամանագրին դէմ, Դաշնակցութիւնը ոտքի հանեց Կովկասի ողջ հայութիւնը: Համազգային բողոքին ի վերջոյ միացաւ նաեւ Էջմիածինը, մինչեւ որ ցարական կառավարութիւնը տեղի տուաւ: Յաղթանակը գօտեպնդիչ էր եւ Դաշնակցութեան առջեւ լայն կը բացուէր դուռը կովկասեան գործունէութեան:

26.- Սասունը զինելու պահանջը ճնշող էր. ընդառաջելով այդ կոչերուն, Բիւրոն եւ Կարսի Կ. Կոմիտէն պատրաստութիւն տեսած էին` ստուար խումբ մը Սասուն ղրկելու համար: 1903-ի սեպտեմբերին կատարուած այդ երկրորդ փորձը սակայն, կ՛ըլլայ անյաջող եւ կ՛ունենայ ողբերգական վախճան: Եթէ Խանի ձիաւոր եւ Նեւրուզի հետեւակ խումբերը – լիագումար` շուրջ 150 զինեալներ – ապահով Սասուն հասած ըլլային, հաւանօրէն տարբեր ելք կ՛ունենային Սասնոյ 1904-ի կռիւները: Խումբը հերոսաբար կը մղէ Դաշնակցութեան պատմութեան ամէնէն կատաղի եւ ամէնէն հերոսական կռիւներէն մէկը:

27.- 1904-ի սկիզբը տեղի կ՛ունենայ ռուս սահմանապահ զօրքերու պետական պահեստի թալանը` Դաշնակցութեան որոշումով: Արդիւնքը շատ բեղմնաւոր էր: Ոմանք կ՛ըսէին, թէ տասնեակ միլիոն փամփուշտ, մի քանի հարիւր հրացան ձեռք բերուած էր: Այդ հանուածները կը գործածուէին սահմանային մեր կռիւներուն մէջ, կ՛ուղարկուէին Երկիր, կը գործածուէին Կովկասի հայ-թաթարական կռիւներուն մէջ:

28.- Երրորդ Ընդհանուր Ժողովը կը գումարուի Սոֆիա, 1904-ի փետրուար եւ մարտ ամիսներուն: Դրամական անձկութիւնը կարեւոր չափով մը դարմանուած է` «Փոթորիկ»-ի մուտքերուն շնորհիւ: Ներկայ են Դաշնակցութեան աչքի զարնող ղեկավարներէն շատեր: Մեծ բացական Ռոստոմն է, որ, կազմակերպական գործով, մնացած է Կովկաս: Հրաւիրուած է եւ կարգ մը նիստերու հիւրաբար ներկայ կ՛ըլլայ նաեւ «Փրօ Արմենիա»-ի խմբագրապետ Փիէռ Քիյառ:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13602

Latest Images

Trending Articles



Latest Images

<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>