Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13366

Նամականի

$
0
0

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Սարօ Սարոյեանի «Արտագաղթը` ազգային կենսակերպ» («Ազդակ», 22 սեպտեմբեր 2015) գրութիւնը կ՛արծարծէ Հայաստանի վերանկախացումէն ետք մեր ժողովուրդին ծանրագոյն եւ լրջագոյն տագնապներէն մին` արտագաղթը: Իսկ այս խիստ ահազանգային խորագիրը, ըստ էութեան, արդարացուած չեմ տեսներ գրութեան մէջ: Պիտի փորձեմ քննել հեղինակին կատարած որոշ հաստատումները:

1.  «Առաջնային պատճառների թւում անշուշտ ընկած են երկրում տեղ գտած քաղաքական, տնտեսական, ընկերային լրջագոյն խնդիրները»:

Յ. Չ. Ճիշդ է, որ այս դրդապատճառը կ՛օգտագործուի արտագաղթողներուն կողմէ, սակայն աշխարհի վրայ քանի՞ երկիր զերծ է այս խնդիրներէն:

2.  «Բացի այդ, աշխարհի համակարգուած միասնականացման ներկայ դարաշրջանում գաղթը անխուսափելի գործընթացի է վերածուել»:

Եթէ միասնականացման դարաշրջան է, ինչո՞ւ այսքան պատերազմներ, բախումներ եւ մրցակցութիւն: Հեղինակը այս հաստատումը չէ հիմնաւորած, թէ ինչո՛ւ «անխուսափելի» է, այս հարցը լուրջ քննարկումի կը կարօտի:

3.  «Ընդ որում, օտար հողի վրայ հաստատուելուց յետոյ այդ մարդիկ առաւելապէս շփուել ու շփւում են այն նոյն կենցաղով, բարքերով, յաճախում այն նոյն դպրոցն ու եկեղեցին, որը թողել են հայրենիքում»:

Այս հաստատումը կը վերաբերի հին, պատմական այն շրջաններուն, որ յիշուած է իր գրութեան մէջ, սակայն` ոչ ներկայիս գաղթողներու պարագային:

4.  «Ամէն դէպքում մեր ազգը հայրենիքում ունեցած խնդիրների բեռից երբեք էլ թեթեւացած չի եղել եւ հարիւրամեակներ շարունակ զանգուածաբար լքել է այն»:

Այս հաստատումը թերի կը գտնեմ. արտագաղթը կամովին, հայրենիքի մէջ տեղի ունեցած խնդիրներուն պատճառով չէ եղած, այլ` միշտ օտար արշաւանքներուն կամ բռնի տեղահանութեան իբրեւ հետեւանք:

Օրինակ, հեղինակին տրամաբանութեան կը հակասէ Նոր Ջուղայի պատմական պարագան: Նոր Ջուղա հայկական քաղաքը, որ հիմնուած է 1606 թուականին, երբ Շահ Աբաս Արեւելեան Հայաստանէն ու յարակից տարածքներէն շուրջ 300 հազար հայ տեղահանեց հայու տաղանդէն օգտուելու համար ու բնակեցուց Պարսկաստանի խորերը` որպէս հրապոյր, խայծ օգտագործելով Ս. Էջմիածնէն փոխադրած քարը: Նմանապէս` Նոր Նախիջեւանի (Տոնի Ռոստով) գաղութի պարագան: Յօդուածէն բոլորովին կը բացակայի մեր նորագոյն պատմութեան Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ անզէն ժողովուրդի բռնի արտագաղթը մեր հողերէն:

Այս նիւթը արժանի է համապարփակ քննարկումի եւ այժմէականացումի: Կ՛ուզեմ յիշել պատմական այլ ժամանակաշրջանի մը մասին, որ անտեսուած է այստեղ, եւ ընդհանրապէս, ու հաւանաբար գլխաւոր պատճառը կը հանդիսանայ այսօրուան Հայաստանի արտագաղթի երեւոյթին, այն է` Խորհրդային Միութեան ժամանակաշրջանը: Խորհրդային ժամանակաշրջանին, ազգային հողային սահմանները արհեստական ըլլալով, Մեղրի քաղաքէն, ծայրագոյն հարաւ, մինչեւ Թալին` Էսթոնիա, ծայրագոյն արեւմուտք, մինչեւ Վիլքիթցքի` հիւսիսային բեւեռ եւ Պերինկ նեղուց ծայրագոյն արեւելք, կարելի էր համարել «մեծ հայրենիք»: Կ՛արժէ մասնագէտներու կողմէ ճիշդ այս այժմէական նիւթը քննարկել` որպէս ներկան նախորդող հոգեբանական եւ պատկանելիութեան իրավիճակ:

Այստեղ կ՛ուզեմ շեշտել հայրենասիրութեան գերագոյն ցուցանիշը եղող հին եւ նոր ազատագրական պայքարը, երբ ժողովուրդը ամենադժուարին պայմաններու տակ դիմադրեց, մնաց կառչած հողին եւ  կերտեց առաջին անկախ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, եւ մասամբ ազատագրեց Արցախը: Այս է իսկական հայու տիպարին կենսակերպը:

22 սեպտեմբեր 2015

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13366

Trending Articles