ՅԱԿՈԲ ՈՒՌՀԱՅԵՑԻ
Լիբանանի դիմագրաւած աղբերու տագնապը ինծի համար մտածումներու դուռ բացաւ: Յիշողութեամբ գացի դէպի ետ, դէպի տարիներ առաջ, երբ գաղափարական, իմացաբանական, փիլիսոփայական մնայուն փնտռտուքի մէջ էի, ճշմարտութեան փնտռտուքի ճամբայ մը, որ կը թուէր անվերջանալի ըլլալ: Ասիկա` նախքան որոշակի եզրայանգումի հասնիլս, որ ներկայ աշխարհին մէջ, մեր դիմագրաւած գրեթէ բոլոր տագնապներուն համար լուծման բանալիներ կան քրիստոնէութեան ընկերային ուսմունքին եւ քրիստոնէական ձախին մէջ:
Տակաւին շատ լաւ կը յիշեմ: Աշխատանքային ժամերէս դուրս մնացած քիչ ազատ պահերս յատկացուցած էի անյագ ընթերցանութեան: Նիւթերը կ՛ընդգրկէին մարքսական մտածողութենէն սկսեալ մինչեւ ընկերվարական եւ ձախակողմեան զանազան ուղղութիւնները, անիշխանականութեան գաղափարախօսութիւնը, ընկերային ուղղուածութեամբ քրիստոնէական վարդապետութեան զանազան ուղղութիւնները եւ, մասնաւորաբար, թաքնագիտական մտածողութեան հոսանքները: Այս դպրոցներուն վերաբերեալ ինչ որ կար համացանցին վրայ, կը փորձէի տեղեակ ըլլալ անկէ:
Մանաւանդ նոր հոգեւոր հոսանքները` «Նիւ Էյճ»-ի ուղղութիւնները կ՛առինքնէին զիս: Մտահորիզոնի ընդլայնման իմաստով կարեւոր էր այդ ուղղութիւններուն դերակատարութիւնը այն բանին մէջ, որ բոլոր հոգեւոր ուսմունքներն ալ կ՛առաջնորդեն ճշմարտութեան: Չկայ բացարձակ ճշմարտութիւն, ամէն ինչ յարաբերական է: Յարաբերականութեան գաղափարներով տարուիլս եւ այդ մասին խօսիլս բաւական սուր վիճաբանութիւններու դուռ բացած էին իմ եւ հոգեւոր մարզին մէջ յանձնառու անհատներու միջեւ: Հիմա ալ տարբեր չէ պարագան, նոյն «հերետիկոսական» մօտեցումները կը շարունակեմ ունենալ, բայց հիմա արդէն այդ մօտեցումները աւելի «կոկուած են» մէջս…
Ինչ որ հետաքրքրական կը թուէր ինծի, այն էր, որ այս նոր հոգեւոր հոսանքները իրենց մէջ կը համադրէին կրօնական եւ հոգեւոր հին թէ նոր փորձառութիւններ, գաղափարներ ու միտքեր` քրիստոնէութենէն, իսլամութենէն, թաքնագիտական մովսիսականութենէն, պուտտայականութենէն, հինտուականութենէն եւ նոյնիսկ հին ժողովուրդներու բազմաստուածեան դիցաբանական ուսմունքներէն: Նոյն ժամանակաշրջանին էր, որ պատահաբար Համազգայինի գրախանութին մէջ ձեռքս անցան իզոթերիք քրիստոնէութեան նշանաւոր ռահվիրայ, պուլկարացի-ֆրանսացի մեծ ուսուցիչ, փիլիսոփայ Օմրաամ Միխայիլ Այվանհովի ունեցած զրոյցներուն եւ դասախօսութիւններուն հիման վրայ պատրաստուած հատորներուն հայերէն թարգմանութիւնները, որոնք ամբողջութեամբ փոխեցին մօտեցումներս կեանքի զանազան երեւոյթներուն գծով: Այվանհովի գաղափարներուն մէջ ալ մեծ չափով կ՛ընդնշմարենք վերոյիշեալ համադրողական մօտեցումը: Մարդ անհատը հոգեւոր առումով զանազան թելերով կապուած է իր անմիջական շրջապատին հետ, եւ` նոյնիսկ այն բաները, որոնք մեզի համար յաճախ անկենդան գոյացութիւններ են, կենդանութեան նշոյլներ ունին, կենդանի կապ կայ մեր եւ անոնց միջեւ…
Այս նոր հոգեւոր հոսանքները շատ բան ալ առած էին հին յունական դիցաբանութենէն: Այդ դիցաբանութեան մէջ հանդիպեցայ իւրայատուկ աստուածութեան մը, որ Երկիր մոլորակի աստուածութիւնն է` Կայան: Երկիր մոլորակը` Կայան, ինքնին կենդանի գոյացութիւն մըն է, որ մայրն է ապրող բոլոր էակներուն: Հոգեւոր եւ դիցաբանական այս տարրը այդ հոգեւոր հոսանքներուն մէջ ամուր կայք հաստատելէ բացի, ներթափանցած էր նաեւ ժամանակակից բնապահպանական շարժումին խորքը եւ մանաւանդ Արմատական, Խոր կանաչ դիմադրութեան (Տիփ կրին ռեզիսթընս) շարժումի հիմնական բաղկացուցիչ տարրերէն մէկն էր: Երկիր մոլորակը` իբրեւ մայր ամենայն գոյացութեանց, կը շնչէ ինչպէս բոլոր ապրող էակները, կը զգայ, կը տառապի իր նկատմամբ կատարուած դոյզն ինչ անարդարութենէն: Կը յիշեմ` այնքան մը տարուած էի այս գաղափարներով, որ օր մը նաեւ գրած էի յօդուած-տեսակէտ մը, որուն մէջ դրամատիրութիւնը հիմնական պատճառը նկատած էի երկրաշարժերուն եւ այլ յաճախակի դարձած բնական աղէտներու, եւ ասիկա բաւական տարակուսալի վիճակ յառաջացուցած էր խմբագրութեան մէջ…
Այո՛, որովհետեւ, հիմա ալ կը հաւատամ, եթէ վատ վերաբերմունք ունենանք այս երկրագունդին նկատմամբ, որուն բարիքներէն ձրիօրէն օգտուած ենք մեր գիտակցական ամբողջ կեանքին ընթացքին, այս մոլորակն ալ լաւ կերպով պիտի չհատուցէ մեր վատ վերաբերմունքին: Ճիշդ հարազատ մօր մը պէս է. եթէ մեզի սնուցած, մեծցուցած, մեր կրթութեան ու դաստիարակութեան հսկած հարազատ մօր հետ վատ վերաբերում ունենանք, լքենք զինք իր ճակատագիրին` յետ երկարատեւ կեանքի, միգուցէ անիծէ մեզ, մինչդեռ այդ հարազատ արարածին վրայ գուրգուրալը երաշխիք է, որ հոգեւոր առումով մեծ բարիքներու տիրանանք: Նոյնը Երկիր մոլորակին պարագային է: Որքան բարիք գործենք անոր նկատմամբ, այնքան մեր կեանքը աւելի պիտի ծաղկի եւ փոխադարձ բարիքը կրկնապատիկը պիտի ըլլայ:
Եւ հիմա, երկրին ապրած աղբերու այս համալիբանանեան ժամանակակից տագնապին լոյսին տակ, երբ այս մտորումները կ՛ունենամ, կը մտածեմ եւ խոր ցաւ կ՛ապրիմ ի տես այն իրողութեան, որ մենք բոլորս` իբրեւ անհատներ, քաղաքական գործիչներ, ընկերութիւններ, գործարաններ, որքան մեծ ոճիրներ կը գործենք այս երկրին օդը, ջուրը եւ հողը ապականելով, անկարող գտնուելով ներկայ տագնապը լուծել, աղբերը այրելով եւ հիւանդութիւններ տարածելով, հեռուն չտեսնելով: Ինչ որ ցանեցինք, այդ ալ պիտի հնձենք: Քամի ցանեցինք` փոթորիկ պիտի հնձենք: Բացի եթէ նոր մարդ դառնանք, փորձենք աւելի գուրգուրալ այս Երկիր մոլորակին եւ բարիք ցանենք: