ՐԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ
Վերջերս հրապարակուած միջազգային երեք ուսումնասիրութիւններու մէջ ուշագրաւ եւ դրական անդրադարձ կար Հայաստանի մասին: Այսպէս` Դեռահասներու (teenager) մասին համաշխարհային առողջապահութեան կազմակերպութեան (WHO) կատարած մէկ ուսումնասիրութիւնը կ՛եզրակացնէր, որ Հայաստանի դեռահասները ամէնէն երջանիկն են աշխարհի մէջ (քանատացիները կը գրաւէին վերջին դիրքը): Gallup Law and Order Index 2015-ի համաձայն, աշխարհի ամէնէն ապահով երկիրներէն մէկը Հայաստանն է, ուր մարդիկ գիշերները առանձին քալելու վախ չունին: Վերջապէս, ըստ Համաշխարհային դրամատան Doing Business 2016-ի հետազօտութեան, 189 երկիրներու մէջ, գործարարութեան դիւրութեան առումով, Հայաստան կը գրաւէ 35-րդ դիրքը, իսկ նոր գործ սկսելու առումով` 5-րդ պատուաբեր դիրքը:
Այն, որ Հայաստան աշխարհի ամէնէն ապահով երկիրներէն մէկն է, զարմանք չի պատճառեր: Իսկապէս քիչ են գողութիւններն ու ոճրագործութիւնները` հակառակ մօտ 40 տոկոս աղքատութեան: Հայաստան այցելողները յաճախ կը զարմանան, երբ կը տետնեն, թէ ինչպէ՛ս մարդիկ մինչեւ գիշերուան ուշ ժամերը անհոգ եւ ազատ կը պտտին փողոցներուն մէջ: Իսկ այն, որ Հայաստանի պատանի¬պարմանուհիները աշխարհի ամէնէն երջանիկ դեռահասներն են, դարձեալ նորութիւն չէ: Երկար¬բարակ հետազօտութիւններու կարիք չկայ տեսնելու համար, թէ հայ հասարակութիւնը որքա՜ն կ՛արժեւորէ երեխայի բարօրութիւնը եւ շատ յաճախ` ի գին մեծ զոհողութիւններու: Աշխարհի մէջ հաւանաբար չկայ երկիր մը, ուր Երեխաներու համաշխարհային օրը (յունիս ամսուան ընթացքին) նշուի այնքան մեծ շուքով ու հանդիսաւորութեամբ, ինչպէս որ կը կատարուի Հայաստանի մէջ:
Զարմանալին, շատերու համար, գործարարութեան վերաբերեալ Հայաստանի ստացած բարձր վարկանիշն է: Ըստ ուսումնասիրութեան, Հայաստանի մէջ գործարարութեան միջավայրը բարելաւուած է օրէնքներու բարեփոխումներուն պատճառով: Վերջին տարուան ընթացքին բարեփոխումներու իբրեւ արդիւնք դիւրացուած են շինարարական արտօնագրերու, սահմաններու վրայ առեւտուրի եւ պայմանագրերու իրագործման հետ կապուած թղթաբանութիւնն ու ընթացակարգերը: 189 երկիրներու միայն 14 տոկոսը երեք եւ աւելի օրէնսդրական¬վարչական նմանօրինակ բարեփոխումներ կատարած են:
Համաշխարհային դրամատան «Doing Business 2016» զեկոյցը, սակայն, չ՛անդրադառնար գործարարութեան հետ կապուած այլ խնդիրներու, մասնաւորաբար` օրէնքի գործադրութեան հետ կապուած խնդիրներու, գործարարութիւն-քաղաքականութիւն սերտ կապին, կաշառքին, առեւտուրի մէջ գոյութիւն ունեցող մենաշնորհներուն, հովանաւորչութեան եւ այլն: Այս երեւոյթներն են (եւ ոչ թէ թուղթի վրայ գրուած օրէնքները), որ կը դժուարացնեն գործարարութիւնը Հայաստանի մէջ: Բայց պէտք է խոստովանիլ, որ տասնամեակ մը առաջ գործարարութեան միջավայրը շատ աւելի վատն էր, քան այսօր: Դրական տեղաշարժի մասին կրնան վկայել Հայաստանի մէջ մեծ կամ փոքր պիզնեսով զբաղող հայ եւ օտար բազմաթիւ գործարարներ: Գործարարութեան միջավայրը բարելաւելու համար երկար եւ բարդ ճանապարհ անցած է Հայաստանը: Օրէնքներու վերամշակումէն եւ դիւրացուած թղթաբանութենէն անդին` խորքային բարեփոխումները կը մնան առաջնահերթ:
Գրեցէ՛ք ինծի: