Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13370

Նամակ Երկրէն. Ընտրութիւններ Եւ Ստուերային Տնտեսութիւն (4)

$
0
0

ՐԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ

Հայաստանի մէջ խորհրդարանական ընտրապայքարը նոր սկսած է, դժբախտաբար սակայն թէ՛ մամուլի մէջ, եւ թէ անհատական խօսակցութիւններու ձեւով շրջանառութեան մէջ են ընտրակաշառքներու կամ քուէի դիմաց տրամադրուող  խոստումներու մասին լուրեր: Մտահոգիչ է երեւոյթը, եթէ ըսուածը համապատասխանէ իրականութեան, որովհետեւ կը նշանակէ, թէ գալիք ընտրութիւններուն արդիւնքը դարձեալ պիտի չհամապատասխանէ քաղաքական ուժերու ազդեցութիւններու իրական  պատկերին: Երկրի բարձրագոյն ներկայացուցչական մարմին կրկին պիտի թափանցեն անձեր, մեղմ  ըսելաձեւով, որոնց  տեղը Ազգային ժողովը չէ: Նաեւ հարցականի տակ կրնայ դրուիլ համակարգային  բարեփոխումներու  հռչակուած վարքագիծի ցանկալի ընթացքը: Չհաշուած արդէն ընտրակաշառքի ինքնին քննադատելի երեւոյթին մասին, որ ո՛չ միայն ներքին, այլ նաեւ արտաքին առումով խնդիրներ կը ստեղծէ եւ կրնայ հարցականի տակ առնել երկրի վարկը:

«Ա.»

30 տարեկան Արշակը իր կնոջ, երկու երեխաներուն եւ ծնողքին հետ կ՛ապրի Երեւանի Նոր Նորք շրջանը: Ան յարգուած ու սիրուած է իր հարեւաններուն կողմէ, որովհետեւ ձեռներէց է, աշխատասէր է եւ ծանօթներ ունի իշխող կուսակցութեան ու մանաւանդ` թաղապետարանին մէջ: Քանի մը տարի առաջ, նախագահական ընտրութիւններուն, ան աշխատած էր նաեւ իշխող կուսակցութեան ընտրական գրասենեակի մէջ եւ կոկիկ գումար մը (կանխիկ) ստացած էր` իր մատուցած ծառայութիւններուն համար:

Քանի մը ամիս առաջ իր բնակավայրի կուսակցական մեծերը Արշակին առաջարկեցին թաղի ընտրական գրասենեակի ղեկավարի պաշտօնը` դարձեա՛լ կանխիկ աշխատավարձով: Արշակ, իր կարգին, իր թաղի շէնքերէն, առանձնատուներէն եւ այլ վայրերէ (դպրոց, մանկապարտէզ, բուժհաստատութիւն եւ այլն) գործի հրաւիրեց իրեն ծանօթ մարդիկ, որպէսզի անոնք եւս, իբրեւ «վստահուած անձեր», իր կուսակցութեան համար քուէ ապահովելու աշխատանքին լծուին:

Վստահուած անձերը շէնք առ շէնք, բնակարան առ բնակարան, տուն առ տուն կը ցանկագրեն անունները բոլոր հաւանական քուէարկողներուն, որոնք ծանօթ մարդիկ են, հարեւաններ կամ հարազատներ: Ապա այդ ցանկերը կը տրամադրեն իրենց կուսակցութեան ընտրական գրասենեակին: Անոնք նաեւ լուծումներ կը գտնեն քուէարկողներու բազմազան խնդիրներուն, կը փակեն մէկուն հեռախօսի կամ կազի պարտքը, միւսին ապօրինի շինութիւնը կ՛օրինականացնեն` թաղապետարանին կամ քաղաքապետարանին մէջ իրենց ունեցած կապերով, ուրիշի մը դատական հարցին բարւոք լուծման համար համապատասխան միջամտութիւն կը կատարեն եւ այլն:

Իսկ ամէնէն կարեւորը` գրասենեակին պետերն ու վստահուած մարդիկը առատօրէն կը վարձատրուին զիրենք հովանաւորող կուսակցութեան «շեֆ»-երուն կողմէ: Արշակն ու «վստահուած անձերը»` թիւով 27 հոգի, անցեալ նոյեմբերէն արդէն ամսական աշխատավարձ կը ստանան, իւրաքանչիւրը` 60 հազար դրամ, Արշակը` քիչ մը աւելի: Անոնք նաեւ ապագայ պաշտօններ ստանձնելու խոստումներ ունին, ուրեմն իրենց կարելին պիտի ընեն իշխող կուսակցութեան վերարտադրութիւնը ապահովելու համար: Այսպէս, նոյեմբերէն ի վեր, ամիսը աւելի քան 1.600.000 կանխիկ դրամ կը բաժնուի Երեւանի փոքր թաղերէն մէկուն մէջ: Պատկերացուցէք` Հայաստանի ամբողջ տարածքին, հազարաւոր գրասենեակի պետեր, վստահուած անձեր, թաղային հեղինակութիւններ, «լա՛ւ տղաներ», քարտուղար-քարտուղարուհիներ միլիառներու հասնող կանխիկ աշխատավարձեր կը ստանան իրենց շրջանի «շեֆ»-երէն: Այս գումարները հարկուած չեն, եկամտահարկի ենթակայ չեն, կանխի՛կ են:

Իսկ կանխիկ գումարները հայթայթողները Հայաստանի կառավարման համակարգին մէջ կարեւոր պաշտօններ ստանձնած մարդիկ են, ոմանք նաեւ` մեծ գործարարներ, առեւտրականներ, «վերեւներից» հովանաւորեալներ: Անոնք բոլորն ալ կ՛ուզեն Ազգային ժողովի պատգամաւոր ընտրուիլ, կամ` պահել իրենց պետական բարձր պաշտօնները, որպէսզի շարունակեն օգտուիլ այդ դիրքերուն ստեղծած այլեւայլ «հնարաւորութիւններէն»…Ո՞վ կը համարձակի հարցնել, թէ ի՛նչ աղբիւրներէ կու գան այդ կանխիկ գումարները, իսկ ոստիկանի կամ դատաիրաւական համակարգի դիմելը համազօր է փորձանքի դուռ բանալուն, քանի որ, ի վերջոյ, ոստիկանութիւնն ու դատաիրաւական համակարգը եւս կը սնանին այս մարդոց տրամադրած պաշտօններէն եւ արտօնութիւն ունին անպատիժ օգտուելու ապօրինի հարստացման միջոցներէն:

Ստուերէն եկող միլիառաւոր գումարներու ապօրինի շրջագայութիւնը արդէն իսկ մտածել կու տայ, որ իշխող դրամատէր դասակարգը` սակաւապետութիւնը (oligarchy, plutocracy), ի՜նչ կատաղի պայքար պիտի մղէ, ընդունելի եւ անընդունելի ի՜նչ միջոցներու պիտի դիմէ իր իշխանութիւնը վերարտադրելու համար: Կորսնցնել իշխանութիւնը` կը նշանակէ կորսնցնել ապօրինի եւ օրինաւոր ձեւերով կուտակուած եւ կուտակուելիք միլիառները, որոնց չնչին մէկ մասը այս օրերուն կը բաժնուի խեղճ ու կրակ, բազմիցս անտեսուած ու հարստահարուած ժողովուրդին` անոր քուէն շահելու եւ վերընտրութիւն ապահովելու միտումով:

Գրեցէ՛ք ինծի:
rafdoud@aol.com


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13370

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>