Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13366

Պարոն Աշոտը Պիտի Չմոռցուի

$
0
0

Խոր կսկիծով իմացանք այն դժբախտ պատահարին մասին, ապա լսեցինք այն գուժը, որ կու գար հայրենիքէն եւ կը տեղեկացնէր մահը մարդու մը, արուեստի նուիրեալ գործիչի մը, հայրենասէրի մը եւ գուրգուրոտ հօր մը, պարզապէս` Ճենտերէճեան Աշոտի:

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան հրաւէրով տարիներ առաջ Աշոտ Ճենտերէճեան ժամանեց Պէյրութ` իբրեւ «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցի տնօրէն: Մեր ծանօթացումը կարծես հին ընկերներու կամ հարազատներու հանդիպում ըլլար, կարծես մենք տարիներու ծանօթ ըլլայինք, եւ ոչ թէ վաստակաւոր երաժիշտի, արուեստագէտի եւ իր որդւոյն տարիքի երիտասարդի մը առաջին հանդիպումը եւ Լ. Շանթի յարկին տակ:

Աշոտ Ճենտերէճեան իր նոր պաշտօնը ստանձնեց եւ սկսաւ իր նոր աշխատանքին ոչ թէ պարզապէս իբրեւ արտագնայ որեւէ աշխատանք մը, որ կը կատարէ անտարբերօրէն եւ անոր աւարտէն ետք կը վերադառնայ հայրենիք, այլ բծախնդրութեամբ եւ գուրգուրոտ վերաբերմունք ցուցաբերելով ամէն բանի նկատմամբ, կարծես տակաւին հայրենի հողին վրայ կամ Բերձորի շրջանի մէջ կը կատարէր իր հայրենասիրական պարտքը` վերաբնակեցուած շրջանի երեխաներուն դասաւանդելով երաժշտական կրթութիւն:

Աշոտ Ճենտերէճեան արիւն քրտինք թափած էր իր ասպարէզին մէջ` իր կրտսեր եղբօր երկուորեակ Արմէնի հետ անբաժանօրէն: Այո՛, անբաժանօրէն, որովհետեւ կարելի չէր զանոնք տեսնել անջատաբար եւ հիմա ալ կարելի չէ նոյնիսկ այս դժբախտութեան պատճառով, անոնք մեզի համար միշտ պիտի մնան մեր սիրելի «Աշոտները»:

Ճենտերէճեան եղբայրները արժանաւոր կերպով վաստակած են արուեստի կոչումներ եւ պատուով ստացած են Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Մեսրոպ Մաշտոց»-ի շքանշանը` առ ի խոնարհում իրենց վաստակին եւ մշակոյթի կեանքին մէջ ունեցած աւանդին դիմաց:

Պրն. Աշոտին աշակերտները տակաւին երկար պիտի յիշեն իրենց խստապահանջ, բայց գուրգուրոտ ուսուցիչը, որ իրենց հետ միասնաբար բաժնեկցեցաւ բեմերը` զիրենք խրախուսելով ազնիւ եւ խոնարհ հոգիով: Իսկապէս, որ «երաժշտութիւնը կ՛ազնուացնէ հոգին», եւ այս իրականութեան մարմնացումն էր պրն. Աշոտը, որուն ազնիւ հոգին այս օրերուն մեզմէ առյաւէտ կը բաժնուի, երբ մենք այնքան կարիքը ունինք ազնիւ հոգիներու:

Հողը թեթեւ գայ վրադ, պրն. Աշո՛տ, վստահօրէն քու ցանած սերմերդ ծիլեր պիտի տան…

Յ. Գ.


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13366

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>