Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13366

Մոռցէք Լափշինը. Գործ Ունինք Ընելիք

$
0
0

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ

Այսպէս: Իսրայէլեան եւ ռուսական զոյգ հպատակութիւն ունեցող Ալեքսանտր Լափշին Պիելոռուսիոյ կողմէ արտայանձնուեցաւ Ազրպէյճանի, վերջինին սահմանները «ապօրինի» կերպով անցած ըլլալու եւ «բռնութեան կոչեր» ուղղած ըլլալու յանցանքով: Լափշինի «յանցանքը» այն էր, որ ան պարզապէս Արցախ այցելած էր երկու անգամ ու այս ձեւով ալ մտած էր Ազրպէյճանի «սեւ ցանկ»:

Պիելոռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքօ, Ազրպէյճանի պահանջով Լափշինը ձերբակալել տալէ ետք, ինքզինք աճուրդի դրաւ Ռուսիոյ եւ Իսրայէլի դիմաց, սպասելով, որ այս երկուքէն ո՞վ աւելի «պիտի վճարէ» իրեն: Ի վերջոյ, ենթական թէ՛ Իսրայէլի, եւ թէ Ռուսիոյ հպատակ էր, ու այս երկիրները, սկզբունքով, պէտք էր պաշտպանէին իրենց քաղաքացին:

Մոսկուա եւ Թել Աւիւ հետաքրքրութիւն չցուցաբերեցին այս «աճուրդ»-ին նկատմամբ, որովհետեւ գիտէին, որ ծիծաղելի էր թէ՛ Լափշինը ձերբակալելու պատրուակը, եւ թէ այդ աճուրդին բնոյթը: Այս ձեւով նաեւ, նշեալ զոյգ մայրաքաղաքները արհամարհեցին Լուքաշենքոն: Այս վերջինը, ճարահատ, Իսրայէլէն ու Ռուսիայէն իր բարկութիւնը թափեց Լափշինի գլխուն` զայն արտայանձնելով Ազրպէյճանին:

Լափշին վաղը-միւս օր կրնայ ազատ արձակուիլ Պաքուի մէջ, յետ ձեւական դատավարութեան մը` «ներողութիւն խնդրելէ» ետք Ազրպէյճանէն եւ խոստանալով անգամ մըն ալ չկրկնել նոյն «սխալը». այսինքն` Արցախ չայցելել:

Անշուշտ այս ճղճիմ երեւցող խաղին բուն թիրախը Հայաստա՛նն է: Որովհետեւ Ազրպէյճան այս ձեւով կ՛ուզէ աշխարհէն մեկուսացնել Արցախը եւ Լափշինի օրինակը թափահարելով բոլոր օտար լրագրողներուն, մարդկային իրաւանց գործիչներուն կամ պետական անձնաւորութիւններուն` կը սպառնայ զանոնք եւս ձերբակալել տալ, եթէ համարձակին կրկնելու ռուս-հրեայ պլոկըրին սխալը. այսինքն` եթէ համարձակին Արցախ այցելել:

Լափշինի արտայանձնումը, յատուկ օդանաւով մը Պաքու հասնիլը լայնօրէն շահագործուեցան ազրպէյճանական քարոզչութեան կողմէ` լուսանկարներով եւ այլն: Դժբախտաբար գտնուեցան հայկական լրատուամիջոցներ եւս, որոնք լուր հաղորդելու «սկզբունքէն» մղուած` իրենք եւս լայն տեղ տուին ազրպէյճանցիներու այս «լուսանկարչական քարոզչութեան» ու այս ձեւով ազրպէյճանական քարոզչական ջաղացքին ջուր լեցուցին` փոխանակ ներսի էջերուն մէջ, կամ կայքի յետին անկիւնի մը մէջ քանի մը տողով բաւարարուելու: Այսինքն, ազրպէյճանական կողմը փաստօրէն կրցաւ հայկական կարգ մը լրատուամիջոցներ ալ շահագործել իր քարոզչութեան համար…: Բայց սա արդէն ուրիշ խնդիր է` այլապէս քննելի:

Հայկական մամուլին եւ ընկերային ցանցերուն մէջ վերաբերումը քաղաքականօրէն տհաս մակարդակի վրայ էին. զայրոյթն ու անէծքը շռայլօրէն թափուեցան Լուքաշենքոյի ու Ալիեւի գլխուն, փոխանակ քննելու հայկական ազդու հակազդեցութեան մը կարելիութիւնները:

Նոյնպիսի զգացական ու մինչեւ իսկ քաղաքական մտածողութեան անյարիր յայտարարութիւններ կատարուեցան Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ, երբ Ազգային ժողովի փոխնախագահ Էդ. Շարմազանով յայտարարեց, թէ Լափշինի արտայանձնումը «հարուած է` ուղղուած Ռուսիոյ դէմ»: Մե՞նք մնացինք մտահոգուողը այս կամ այն երկրին հասած «հարուածով», երբ բո՛ւն թիրախը Հայաստանն ու հայութիւնն են… Ճիշդ հոս է, որ այս յօդուածագիրը չի կրնար ըմբռնել պաշտօնական Երեւանի կողմէ բուռն արձագանգի բացակայութիւնը ու ճիշդ հոս կը կայանայ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան անըմբռնելի լռութիւնը: Նախարարական մակարդակի հակազդեցութիւնը եկաւ արդարադատութեան նախարար Արփի Յովհաննիսեանէն. սակայն այդ յայտարարութիւնը օրինական հարթութեան վրայ էր` ինչպէս կը սպասուէր եւ ինչպէս բնական է ակնկալել այդ նախարարութենէն:

Հայկական կողմը պէտք է ըմբռնէ, որ Լափշինի հարցը իրաւական չէ, այլ` քաղաքական, որուն թիրախը, ինչպէս ըսինք, Հայաստանն ու հայութիւնն են:

Մենք, այսինքն հայկական կողմը, ի՛նչ կրնանք ընել:

Հաշուի առնելով, որ Պաքու Լափշինը իբրեւ օրինակ յառաջ մղելով, կ՛ուզէ «զգուշացնել» բոլոր օտար շրջանակները, որ հեռու մնան Արցախէն, եւ կ՛ուզէ կանխաւ «դաս» տալ բոլոր «անսաստողներուն», մենք այս բնագաւառին  մէջ շատ գործ ունինք ընելիք:

Մեր գործը պիտի ըլլայ նոյն հարթութեան վրայ:

Այսինքն, կարելի եւ անհրաժեշտ է գործի լծել սփիւռքի մէջ մեր կապերն ու յարաբերութիւնները մարդկային իրաւանց, լրագրողներու պաշտպան ու նման բազմաթիւ կազմակերպութիւններու հետ: Այս յօդուածագիրին կարծիքով, ճիշդ է, որ Պիելոռուսիան ու Լուքաշենքոն Արեւմուտքին համար սիրելի տարրեր չեն. ճիշդ է, որ Լուքաշենքոն արեւմտեան մամուլին համար «բռնատէր» եւ այլն է, սակայն այսօրուան տուեալներով (կը շեշտենք` ԱՅՍՕՐՈՒԱՆ տուեալներով), Պիելոռուսիան չի գտնուիր Արեւմուտքի թիրախներու ցանկին վրայ, այնպէս որ այդ երկրի դեսպանատուներուն դէմ հիմնական խնդիրը Պիելոռուսիան չէ: Արեւմուտքին համար, Պիելոռուսիոյ մէջ իշխանափոխութիւն փորձելու պահը տակաւին չէ հասած. մեզի համար այդ իշխանափոխութիւնը նպաստաւո՞ր է, թէ ոչ` ուրիշ խնդիր է: Բայց տակաւին նման բան չկայ Արեւմուտքի օրակարգին վրայ: Այնպէս որ, եկէք մոռնանք Լուքաշենքոն:

Փոխարէնը, եւ արդարօրէն, մեր քայլերուն թիրախը պիտի ըլլայ նոյնինքն Ազրպէյճանը:

Այս վերջինը Լափշինի հարցով ձեռնոց մը նետեց մեզի: Մենք պարտաւոր ենք վերցնել այդ ձեռնոցը եւ աւելի ուժգին շպրտել անոր երեսին: Սա քաղաքականութիւն է, որ կը պարունակէ «փոքերի» մտածողութեան տարրեր: Տարբեր խօսքով` երբ խաղաքարտի մը հիման վրայ գրաւ կը դրուի, հակառակորդը կրնայ պատասխանել` կրկնապատիկը գրաւ դնելով:

Անիրապաշտ պիտի չըլլար առաջարկելը, որ քանի մը շաբաթ վերջ բազմատասնեակ «լափշիններ» հրաւիրել Ստեփանակերտ, մեծ ու փոքր: Ոչ միայն Լափշինի մակարդակով ու տարողութեամբ, այլ մինչեւ իսկ լայն տարածում ունեցող լրատուամիջոցներու լրագրողներ եւ պաշտօնական հանգամանք ունեցող անձնաւորութիւններ, զանազան երկիրներէ: Համադրում ու համակարգում պահանջող այս աշխատանքը կարելի է հասցնել այն աստիճանի, որ անհեթեթ դառնայ Ազրպէյճանի կազմած որեւէ «սեւ ցուցակ»:

Չմանրամասնենք. հոս տեղը չէ մանրամասնութիւններու: Եւ այս մասին ինչքան քիչ խօսինք, այնքան լաւ: Որովհետեւ շատ գործ կայ ընելիք:

Լոս Անճելըս
10 փետրուար 2017


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13366

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>