Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13453

Ասկէ-Անկէ. Dualism-ի Ախոյեան, Բայց…Մասամբ

$
0
0

ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ

Ընկերային  գիտութիւններու մէջ փիլիսոփայական իրարու հակադիր երկու ուղղութիւններ վէճի նիւթ դառնալով` տարբեր խմբակցութիւններ կազմեցին եւ երկար ժամանակ իրարու դէմ մելան հոսեցուցին:

Monism, որ կարելի է մեկնաբանել իբրեւ զօրութենական մենապաշտութիւն  եւ  dualism` երկակի ուժապաշտութիւն:

Ըստ առաջինին,  պատմութեան  անիւը շարժողը նիւթն է, այսինքն ընկերութեանց տնտեսութիւնը, որ կը կազմէ  առարկայական այն խարիսխը, որուն վրայ իբրեւ վերնակառոյց  յառաջացած  են ընկերային կարգուսարքն ու ըմբռնումները` ընտանիք, ազգ, հայրենիք ու պետութիւն, արուեստ ու բարոյական ըմբռնումներ, ազատութեան, հաւասարութեան, արդարութեան ու իրաւունքի գաղափարներ եւ այլն: Շատ սեղմ` ասիկա կարելի է նկատել խտացումը Մարքսի փիլիսոփայական տեսութեան:  Այս տեսութիւնը ենթակայականին, այսինքն մարդկային գործօնին կու տայ երկրորդական կարեւորութիւն:

Միւս տեսութիւնը ոչ միայն չի ժխտեր առարկայականութեան ազդակը, այլ  նոյնպէս  անոր կու տայ հիմնական նշանակութիւն, բայց եւ այնպէս այդ ազդակին քով ու զուգահեռ, նոյնարժէք ու հաւասարազօր կը դասէ ենթակայականը, այսինքն` մարդկային գործօնը ու կը յանգի երկակի ուժապաշտութեան (dualism)-ի, որով, կ՛եզրակացնէ, թէ  պատմութիւնը կը կերտուի առարկայական պայմաններու եւ ենթակայականի, մարդկային գործօնի փոխներգործութեամբ, փոխօգնութեամբ: Օրինակ մը տալու  համար. 5-րդ դարու առարկայական պայմաններու մէջ Աւարայր պիտի ունենայի՞նք, եթէ Վարդանի ու ընկերներուն պէս մարդիկ չըլլային: Անշուշտ` ո՛չ (ենթակայական գործօն): Հակադարձաբար` Վարդանի ու իր ընկերներու ժամանակաշրջանին Աւարայրի հերոսամարտ պիտի ունենայի՞նք, եթէ Հայաստանի առարկայական պայմանները բարենպաստ ըլլային: Դարձեալ` ո՛չ: Ուրեմն կը հետեւի, որ պատմութեան անիւը յառաջ կը մղուի այդ երկուքով, այսինքն` առարկայական պայմաններու ու ենթակայականի  փոխներգործութեամբ:

Սակայն այս կէտին թողունք, որ ընկերային գիտութիւն ուսումնասիրողները զբաղին  փիլիսոփայական այս տեսութիւններով, իսկ մենք սեւեռումի տակ առնենք մեր ածուն:

Հայութեան երէկի ու այսօրուան պարզած ընդհանուր պատկերը ենթադրել կու տայ, որ մենք կրքով ու հաւատարմութեամբ փարած ենք երկրորդ տեսութեան` երկակի ուժապաշտութեան` dualism-ին, բայց… մասամբ: Մանրամասնենք.

  1. Երկու հայրենիք (Արեւելահայաստան եւ Արեւմտահայաստան)
  2. Երկու հասարակաց բարբառ (արեւելահայերէն եւ արեւմտահայերէն)
  3. Երկուքի կոտորակուած տեղաբաշխուածութիւն (հայրենիք եւ սփիւռք)
  4. Երկու ուղղագրութիւն (դասական եւ աբեղեանական)
  5. Երկու կաթողիկոսութիւն (Էջմիածնի եւ Կիլիկիոյ)
  6. Շարքը ամբողջացնելու համար աւելցնենք վեցերորդն ալ.

Երկա՜ր դարեր զրկուած էինք անկախ պետականութենէ: Վերանկախացած ազգային պետականութիւն ունենալէ անմիջապէս ետք  ստեղծեցինք երկրորդը` Ղարաբաղինը, եւ այն ալ` ազատամարտի յաղթարշաւի այն օրերուն, երբ ռազմաքաղաքական պայմանները  ձեռնտու էին  մեզի, որ մնայինք ազգային մէկ ու միակ պետականութեամբ: Այդ տուեալ ժամանակին, ազերիին խնդրած-փնտռած զինադադարին դիմաց  իբրեւ վճիռ ու նախապայման, կրնայինք պահանջել-պարտադրել Արցախին միացումը Հայաստանին: Բայց`  չըրինք: Նախընտրեցինք երկու պետութիւնը:

Duali~sm…

Ահա պատճառը մեր վերնագրին` «ախոյեան dualism-ի»: Սակայն ինչո՞ւ  աւելցուած է  «Բայց… մասամբ»-ը այդ վերնագրին վրայ:

Ինչպէս կը տեսնուի, առարկայականօրէն  «երկակի ուժապաշտութեան» կրողներ ենք:

Արդ, այդ տեսութիւնը էապէս հիմնուած է երկու ուժերու փոխներգործութեան վրայ եւ խորապէս կը հաւատայ, որ պատմութիւնը կը կերտուի անոնց փոխօգնութեամբ:

Այս առումով, գործնապէս հաւատարի՞մ ենք տեսութեան, լիարժէք կը կիրարկե՞նք փոխներգործութիւնն ու փոխօգնութիւնը, թէ՞ մասամբ միայն:

Ընթերցողը կը դատէ ու կու տայ պատասխանը:

Օրինակ, անցնող 25 տարիներու ընթացքին վերը նշուած 6 կէտերէն գէթ ուղղագրութեան ցաւոտ խնդիրը չէի՞նք կրնար հպատակեցնել փոխօգնութեան սկզբունքին եւ որոշ ճշգրտումներով ու պատշաճեցումներով որդեգրել մէկ  ուղղագրութիւն: Կրնայի՛նք: Բայց չըրինք: Duali~sm:

Կը Կարծէինք, թէ բացառապէս ղարաբաղեան խնդրի լուծման` «լիարժէք ինքնորոշում»-ի մեր պատկերացումին մէջ անզիջող` երկուութիւն չունէինք, այդ պատկերացումին հաւատարիմ` կը գործէինք փոխներգործութեան ու փոխօգնութեան սկզբունքով, բայց  խէ՛րն անիծած, այդ պատկերացումին դէմն  ալ վերջերս սկսած են  լսուիլ խռպոտ ձայներ, յատկապէս ՀՀ առաջին նախագահէն ու անոր հաւատարիմ շրջապատէն:

Իր երեւոյթով, վերի տախտակը  անգիտակի մը համար թերեւս տայ հարստութեան մը տպաւորութիւնը: Բայց գիտակից  հայ մարդուն համար անիկա կը պարզէ ողբերգութիւնը անցեալի մեր պատմութեան եւ ներկայի կացութեան:

Այդ ողբերգութիւնը պիտի կարենա՞նք բարիքի վերածել` փոխներգործութեան ու փոխօգնութեան սկզբունքով:

Ասիկա օրահրամանի շեշտով դրուած մեր մեծ ու անյետաձգելի օրակարգն է, որ ահա 25 տարիներէ ի վեր կը յամենայ մեր շրթներուն վրայ, բայց լուծումի չի յանգիր…

Համակարգիչի առջեւ անցանք` «ասկէ-անկէ»  առնուած մտածումներու վրայ դեգերելով քիչ մը թեթեւնալու տրամադրութեամբ, բայց կամքէ անկախ` լրջացանք:

Կ՛երեւայ4 թէ մեր կեանքը յարատեւ լրջութիւն կը պարտադրէ մեզի:

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13453

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>