Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13366

«Էմ. Թի. Վի.» Եւ «Էլ. Պի. Սի.»

$
0
0

Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ

Լիբանանեան պատկերասփիւռի կայաններու մրցակցութիւնը ընդհանրապէս զզուելի ու անհանդուրժելի վիճակի հասած է:

Ժողովուրդը իր առօրեայ հեւքէն եւ մտահոգութիւններէն անդին, երեկոները, երբ պիտի փորձէ պատկերասփիւռի կայանէ մը բանի մը հետեւիլ, հոն հիմնականօրէն բամբասանքի եւ զզուելի երեւոյթներու ականատես կ’ըլլայ:

Չենք հետաքրքրուած` ո՞վ ի՛նչ կ’ընէ եւ ինչպէ՛ս կ’ընէ:

Չենք հետաքրքրուած` ո՞վ ի՛նչ լեզուական սխալներով յայտագիր կը պատրաստէ:

Չենք հետաքրքրուած` նկարահանման ի՛նչ բացթողումներ կան:

Չենք հետաքրքուած` ո՛ր յայտագիրը միւսէն լաւ է:

Հանրային կարծիքը այս պայքարին պատճառով սկսած էք ոտնակոխել:

Երկուքդ ալ զզուելի յայտագիրներու շարան մը ունիք:

Երկուքդ ալ ձեր մրցակցութեան պատճառով հետեւողներու թիւ կը կորսնցնէք:

Ձեր այս մրցակցութեան նիւթը կարծէք ձեր կայաններու քաղաքականութիւնը եղած է, որպէսզի ժողովուրդը զբաղցնէք:

Երկու կայաններու յայտագիրները գռեհկութեան սահմանը շատոնց անցած են:

Ազատութեան անուան տակ ամէն բան չէք կրնար ընել:

Ո՛չ գեղարուեստական, ո՛չ դաստիարակիչ, ո՛չ ալ Լիբանանի դիմագիծի յարիր քարոզչական յայտագիրներ կը պատրաստէք:

Բայց բոլորին ըսելիք ունիք: Բոլորին դաս տալու ելած էք: Լրատուական բաժինէն մինչեւ ամէնէն անհիմն յայտագիրը:

Լիբանանի պատկերասփիւռի կայանները տեղ մը, ժամանակ մը մրցակից դիրքերու վրայ կը գտնուէին: Միայն գոյնը, թեքնիքը, նորոյթը եւ գռեհկութիւնը չէ, որ մրցելի կը դարձնեն կայան մը:

Անգամ մը աչք մը նետեցէք ֆրանսական կայաններու` TV5, TF1, A2 եւ ուրիշներու վրայ, եւ պիտի տեսնէք, որ հոն նոյնիսկ ծանուցումները մտածուած են ու որակաւոր:

Իրաւունք չունի՛ք ձեր մրցակցութեան մակարդակը այսքան իջեցնելու, խնայեցէ՛ք ժողովուրդը:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13366

Trending Articles