ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ
Վերյիշելով Հրանդ Տինքը. 2007-2017:
Սա պարզ բառերով պիտի ուզէի վերնագրել գրութիւնս, զոր նուիրուած է եզակի հայորդիի մը յիշատակին: Սակայն, ինչպէս միշտ, միտքս չարտօնեց ու ազգային արժանապատուութիւնս թոյլ չտուաւ նման «սխալ» գործել, որովհետեւ ցարդ թուրք զազրամիտ պետական համակարգը կը շարունակէ խծբծել, անարգել, ուրանալ եւ ստորագնահատել հայն ու Հայաստանը, Հրանդ Տինքի յիշատակն անգամ, ծաղր ու ծանկի ենթարկելով արդարութեան հասնելու ամէն ճիգ ու աշխատանք:
Ուստի, յարմարագոյնն էր կրկին վկայակոչել Հրանդի «ծակ» կօշիկները:
Իրօք, տասը տարի շարունակ այսպէս ըսած Թուրքիոյ արդարադատական համակարգը, իր ետին ունենալով «խորքային պետութեան» բոլոր լծակները, կրցաւ Հրանդ Տինքի դատական-պաշտպանական գործընթացները իրենց հունէն շեղել, մե՛րթ այլանդակ ու այլազան պատճառաբանութիւն յառաջ քշելով, մե՛րթ ստապատիր խօսքեր, շինծու խոստովանութիւններ եւ մտացածին քննութիւններ հրապարակելով, եւ շատ անգամ մարդակերի պահուածքով` թաքուն սպառնալիքներ ուղղելով բոլոր անոնց, որոնք արդարութիւն կը պահանջէին յանուն խօսքի ազատութեան եւ մարդկային իրաւունքներու ձեռքբերման:
Ընդգծուածին ապացոյցը տուին Հրանդի պաշտպան փաստաբանները, որոնք շնորհիւ իրենց անդուլ եւ յամառ աշխատանքին, կամքին ու արդարատենչ ձայնին, ամէն ճիգ ի գործ դրին հասնելու արդարութեան, յաչս աշխարհին ցոյց տալու իսկական դահիճն ու անոր հովանաւորը, սակայն, ամէն անգամ որ դատաիրաւական արխիւները կը լրացուէին նոր փաստարկներով, ի յայտ կու գային վաւերական տուեալներ` սպանդին եղելութիւնը բացայայտող, յեղակարծօրէն կը ցցուէին շինծու խոչընդոտներ, որոնք արգելք կը հանդիսանային դատական ճիշդ գործընթացի շարունակութեան:
Այլ խօսքով, պիղծ թրքութիւնը «կը յաղթէր» արդարութեան հաշուոյն:
Պոլսահայ մտաւորական, խմբագիր ու հրապարակախօս Հրանդ Տինք իր ողջուց կրցած էր ամբողջ հասարակութիւն մը զգաստութեան հրաւիրել, խօսիլ ու քարոզել, բացատրել ու բացայայտել, բայց մանաւանդ շեշտադրել, որ արդի թուրքի թէ ազատամիտ քաղաքացիի առաջնահերթ պարտաւորութիւնն է ճանչնալ իր մօտիկ անցեալի տխուր պատմութիւնը, իր պապերու կատարած սարսափելի սպանդը, ըմբռնել պատահածին` Հայոց ցեղասպանութեան ահաւորութիւնն ու հայրենազրկուի արհաւիրքը, առերեսուիլ այս բոլորին հետ եւ լծուիլ հայ-թուրք յարաբերութիւններու նորովի ձեւաւորման:
Աւելի՛ն. քաջասիրտ հայորդին եւ ազնուահոգի մտաւորականը, ապաւինած իր գիտական պատրաստութեան, մտքի լոյսին եւ հաւատքի զօրութեան, կանգնեցաւ թուրք հասարակութեան դիմաց, թափանցեց անոնց սրտերու ալքերը, վկայակոչեց իր սեփական պատմութիւնն անգամ, կշռադատեց քաղաքական դէպքերու ծանրութիւնը, լոյսին բերաւ պատմական իրողութիւններու եւ ընկերային անարդարութիւններու հսկայ պաստառներ, եւ ատոնցմով ուզեց ուշքի բերել արդի քաղաքացի թուրքը, քիւրտը, ալաուին, զազան եւ այլ փոքրամասնութիւններ:
Իսկ ի՞նչն էր, որ զինք կը մղէր նման «վտանգաւոր» նախաձեռնութիւններու ձեռնարկելու եւ կեանքի գնով պատնէշի վրայ մնալու հաստատակամութիւնը:
Յայտնապէս Հրանդի Տինքին Արարատասէրի հաւատամքն ու ողջմիտ քաղաքացիի խղճմտանքն էր, որոնց մղումով կ՛առաջնորդուէր, կը գործէր ու կը գրէր:
Ան իր արեան մէջ կը կրէր մէկուկէս միլիոն նահատակներու տառապանքը, ճիչը, ձայնն ու պատգամը: Այո՛, պոլսահայ խմբագիրը ջատագովն էր ազգային իղձերու իրականացման, երկու ժողովուրդներու մերձեցման, հաշտեցման եւ առհասարակ արդարութեան հաստատման:
Վստահ ենք, որ հայաշունչ հրապարակախօսը իր կարգին լաւ ճանչցած էր թուրք ոճրամիտ բնազդը, սադայելատիպ կազմաւորումն ու դաւադիրի պահուածքը: Ան իր նահատակութենէն առաջ իսկ ստացած էր բազում սպառնալիքներ եւ սակայն մնացած էր ամուր ու պինդ իր կեցուածքին մէջ:
Այդուհանդերձ ան օրին, իջաւ արդարութեան կրկէս եւ պահանջեց պատմութեան սրբագրութիւնը: Ուստի, կարելի չէ ըսել երբեք, որ Հրանդին արարքը միամտութիւն եւ մտքի խեղճութիւն կ՛ենթադրէր:
Միւս կողմէ, ինչպէս իր կենդանութեան, Հրանդ Տինք իր արեան հեղումով իսկ շատ աւելի ուժգին եւ սարսռացնող հարուած հասցուց թուրք պետութեան, երբ առանց վարանումի եւ անվեհերօրէն մերկացուց պետական մակարդակի հայատեացութիւնը, այլամերժութիւնն ու բարբարոսի դիմագիծը:
Հրանդ Տինք գրեթէ իր բոլոր հրապարակային ելոյթներուն ընթացքին թէ գրաւոր էջերուն վրայ ջատագովեց արդարութեան հասնելու հրամայական պահանջը, յանուն այսպէս ըսած նոր Թուրքիոյ եւ ժողովուրդի բարեկեցութեան ու եղբայրութեան:
Ան քաջ համոզուած կ՛աշխատէր այս ուղղութեամբ:
Սակայն, ինչպէս միշտ, «յաղթողը» եղաւ Գորշ գայլերու վոհմակը, ցեղապաշտ ու մարդակերի պահուածք ունեցող բնազդը` թրքութիւնը: Եւ ատեն մը ետք արդէն յստակ կը դառնար այն, որ, հակառակ որոշակի «թոյլտուութեան», Թուրքիոյ խորունկ պետութեան հարուածը պիտի չուշանար եւ իր դաւադիրի դիմակը բացայայտէր:
Եւ, յաչս աշխարհին, հայոց սիրելի ու խաղաղասէր խմբագիրը զոհ կը դառնար վայրագութեան` սպաննուելով իր իսկ խմբագրատան դիմաց:
Եւ ճակատագիրի ի՜նչ հեգնանք, սպաննողը` ցեղապաշտ «դեռատի» Օկիւն Սամասթ, իսկ պատուիրատուն` Գորշ գայլ Եասին Հայալ:
Ա՛լ ինչ խօսք դատական գործընթացի մասին, երբ տարուէ տարի անոր բնոյթն ու տարողութիւնը ապրեցաւ ելեւէջ, երբ պաշտան փաստաբաններու կատարած բոլոր նկատողութիւններն ու իրաւական մօտեցումները մնացին թուղթի վրայ, երբ իրաւացի տուեալներն ու գերազանց փաստարկները անտեսուեցան դատական գերագոյն ատեաններու կողմէ, երբ ինչ-ինչ հաշիւներով բացայայտուած (թուրք ոստիկանութեան եւ հետախուզական մարմիններու կողմէ) ճշմարտացի տեղեկութիւններն անգամ լռութեան մատնուեցան, եւ ահա հասաւ այն օրը, երբ նոյնինքն Թուրքիա կ՛ապրի իր քաոսային օրերը:
Փաստօրէն, Թուրքիոյ մէջ պատահած վերջին իրադարձութիւնները` յեղաշրջումի փորձ, մարդակեր խմբաւորումներու անսահման աջակցութիւն, Սուրիոյ քանդումին մէջ ուղղակի դերակատարութիւն, Տիգրանակերտի կարգ մը գիւղերու եւ քաղաքներու հիմնայատակ կործանում, քիւրտերու դէմ հաւաքական սպանդ, Իրաքի մէջ ահ ու սարսափի տարածում եւ այլն, արդէն բաւարար ձեւով յագեցուցած են այսպէս ըսած էրտողանեան ռազմաքաղաքական մօտեցումները, որոնց ապաւինած ան կը փորձէր իրականացնել նոր օսմանականութիւնը:
Ժամանակի թաւալքին հետ Հրանդի Տինքի նահատակութեան խորհուրդը չնսեմացաւ երբեք, այլ անիկա ստացաւ աւելի հիմնարար իմաստ: Փաստօրէն, Հրանդի արծարծած նիւթերը եւ բարձրաձայնած մտահոգութիւնները վերակենդանացան եւ ստացան նորովի ըմբռնում:
Ճիշդ չէ ըսել, որ Հրանդ տինքեան դատական գործընթացները ի դերեւ ելան եւ կամ պաշտպան փաստաբաններու աշխատանքները իրենց արդիւնքը չտուին: Կարելի է ընդգծել մէկ ճշմարտութիւն, որ թուրքը կը մնայ նոյն ցեղապաշտը, Թուրքիա կը ղեկավարուի, ինչպէս միշտ, (սուլթանական, երիտթուրք թէ հանրապետական) ներքին խորքային պետութեամբ, իսկ թուրք ազգայնամոլ խաւը իր գոյութեան իմաստը կը նկատէ հայատեացութիւնը:
Հրանդի թաղման օրերուն Պոլսոյ թաղերու մէջ ի լուր աշխարհին հազարաւոր քաղաքացիներու բարձրացած կարգախօսերը, ճիշդ է, որ ի սրտէ եւ ցասումէ արձակուած ճիչեր էին, այդուամենայնիւ անոնք մնացին ձայն յանապատի բարբարոյ, որովհետեւ հետագայ դէպքերու տարողութիւնը պատուհասեցին արդարադատական ամէն պահանջ ու կեցուածք:
Յայտնապէս ժամանակակից Թուրքիոյ մէջ կ՛արձանագրուին այնպիսի քաղաքական ու ապահովական ցնցումներ (Ռուսիոյ դեսպանի ահաբեկում, զբօսավայրերու ռմբահարում, սպանդ ու ներքին հալածանք), որոնց զարգացումը կրնայ անակնկալի բերել ամբողջ աշխարհը:
Եւ այս ընդհանուր պատկերին մէջ հարկ է կրկին շեշտադրել, որ չկայ հին թէ արդի Թուրքիա, այլ կայ ցեղապաշտ ու բարբարոս թրքութիւնը, որ արմատացած է այսպէս ըսած «ժողովրդավար» պետական համակարգին մէջ, կը ղեկավարուի խորքային պետութեամբ, ունի հետախուզական երկդէմ կառոյցներ եւ բազմադիմակ աշխատանք տանող ոստիկանական-ահաբեկչական ջոկատներ:
Ահա հայոց յաւիտենական թշնամին, որ օրն ի բուն կ՛որոճայ բնաջինջ ընել հայութիւնն ու Հայաստանը: Արդ, ինչո՞ւ զարմանալ ի տես ազնուասիրտ հայ մտաւորականի մը դատաիրաւական գործընթացներու գրեթէ ամէնօրեայ ձգձգումին, «այլակերպումին», խեղաթիւրումին եւ ճշմատութիւններու անյայտացումին:
Հայութիւնը, ի սփիւռք եւ Հայաստան, պարտաւոր է Հրանդ Տինքի դատը վառ պահել ու խոնարհիլ անոր պատուական յիշատակին առջեւ: