Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻԱ ԱՐԱՊԱԹԼԵԱՆ
«Թղթակիցներ առանց սահմանի» կազմակերպութիւնը տարեկան ուսումնասիրութիւններու արդիւնքները ներկայացնելով յայտնած է, որ 2016 թուականին աշխարհի մէջ 57 լրագրողներ իրենց մասնագիտական պարտականութիւնները կատարելու ընթացքին զոհուած են: 2015 թուականին աշխարհի մէջ զոհուած էր զանգուածային լրատուամիջոցներու 67 աշխատակից:
Լրագրողները առաւելապէս զոհուած են տագնապի գօտիներուն մէջ: Այդ ծիրին մէջ Սուրիան առաջին տե՛ղը կը գրաւէ` 19 զոհերով: Անոր կը յաջորդէ Աֆղանիստանը, ուր զոհուած լրագրողներուն թիւը հասած է 10-ի: Այդ ցանկին յաջորդ երկիրներն են Իրաքը (7 հոգի) եւ Եմէնը (5 հոգի):
«Թղթակիցներ առանց սահմանի» կազմակերպութիւնը առաջին անգամ ըլլալով ընդհանուր ցանկին մէջ տեղադրած է նաեւ ոչ մասնագէտ լրագրողները` պլոկըրները (9 հոգի) եւ այլ մասնագիտութիւններէ եւս ութ ներկայացուցիչներ, որոնք տեղեկութիւններ կը հաղորդէին զանգուածային լրատուամիջոցներու աշխատողներուն եւ այդ պատճառով իրենց կեանքը զոհած են: Աւելի կանուխ անոնք կը ներառուէին վիճակագրական առանձին ցանկերու մէջ:
Զեկուցումին մէջ նշուած է, որ «այս տարի զոհերու թիւին ակնյայտ նուազումը կախեալ է այն բանէն, որ լրագրողները կը ջանան խուսափիլ ամէնէն վտանգաւոր երկիրներէն` Սուրիայէն, Իրաքէն, Լիպիայէն, Եմէնէն, Աֆղանիստանէն, Պանկլատէշէն եւ Պուրունտիէն: