Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13366

Ըստ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան Աշխարհի Տարածքին Գտնուող Տագնապներու 20 Գօտիներու Մէջ Աւելի Քան 220 Միլիոն Երեխաներ Կ՛ապրին

$
0
0

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻԱ ԱՐԱՊԱԹԼԵԱՆ

220million-children_121816220million-children1_121816ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ 18 դեկտեմբերին ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի` երեխաներու եւ զինեալ տագնապներու հարցերու ներկայացուցիչ Լէյլա Զերուկի` Ալճերիոյ Օրանէ քաղաքին մէջ Ափրիկէի մայր ցամաքի խաղաղութեան եւ անվտանգութեան հարցերուն նուիրուած միջազգային համաժողովին ընթացքին ունեցած իր ելոյթին ընթացքին յայտնած է, որ աշխարհի տարածքին զինեալ տագնապներու գօտիի վերածուած 20 երկիրներու մէջ աւելի քան 220 միլիոն երեխաներ կ՛ապրին:

Լուրը հաղորդած «Ալճերի փրես Սըրվիս» գործակալութիւնը կը մէջբերէ Զերուկիի հետեւեալ խօսքը. «Աւելի քան 220 միլիոն երեխաներ կ՛ապրին զինեալ տագնապներու գօտիներու վերածուած 20 երկիրներու մէջ, որոնց շարքին կը գտնուին արաբական եւ ափրիկեան 8-ը երկիրներ»:

«Ընդհանուր առմամբ տագնապի այդ գօտիներէն փախած է 65 միլիոն մարդ, որոնց 28 միլիոնը` երեխաներ», ըսած է ան` ընդգծելով «ապագայ սերունդներուն համար այդ ողբերգութեան վտանգը»:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13366

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>