Մեծ ուրախութեամբ կը տեղեկացնենք, որ տարիներէ ի վեր «Ազդակ»-ի էջերուն մէջ սննդագիտական-առողջապահական նիւթերով բազմաթիւ յօդուածներու հեղինակ Քարլա Եարտըմեան-Հաժ ստացած է սննդագիտութեան դոկտորական աստիճան` Անգլիոյ Օքսֆորտ Պրուքս համալսարանէն: Քարլա իր ուսումնասիրութեամբ հետազօտած է սնունդի անապահովութեան ազդեցութիւնը Լիբանանի դպրոցական երեխաներուն եւ անոնց ընտանիքներուն վրայ («Studies on Child Food Insecurity in Lebanon»): Քարլան ուսումնասիրած է կենցաղային տարբեր գործօններ, որոնք կրնան առաջնորդել տան անդամներու, ի մասնաւորի երեխաներու սնունդի անապահովութեան: Աւելի՛ն. ան ուսումնասիրած է ուտելիքի սխալ ընտրութեան բացասական ազդեցութիւնը երեխաներուն բարեկեցութեան կամ առողջութեան վրայ, ըլլայ ան չափազանց սննդառութեան կամ սնունդի պակասի պարագային:
Հետազօտութեան մասնակցած են աւելի քան 3.000 ընտանիքներ, որոնք ունին դպրոցական երեխաներ, անձնական թէ պետական դպրոցներու մԷջ, Լիբանանի տարբեր վարչական եւ աշխարհագրական շրջաններու մէջ տարածուած: Քարլային դոկտորականը մշակած է նաեւ կրթութեան նորօրինակ ու համապարփակ դերը` չափաւորելու համար ուտելիքի անապահովութեան հետեւանքները երեխաներու առողջութեան վրայ եւ նպաստելու ու խթանելու անոր զարգացումն ու բարեկեցութիւնը:
Կը շնորհաւորենք Քարլային ձեռքբերումները եւ կը մաղթենք նորանոր յաջողութիւններ` իր ապագայ գործունէութեան մէջ: