Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13481

Ընկեր Արան

$
0
0

ԿԻՐԱԿՈՍ ԽՕՇԵԱՆ

ara-demirdjian_00Երկար տարիներու ընթացքին  այսպէս ճանչցան քեզ քու  անմիջական գործակիցներդ եւ ընկերներդ` կազմակերպական հարցերը շեշտակի եւ արագ ձեւով լուծող կա՛րճ ու կտրուկ:

Հիմա որ հրաժեշտ տուիր այս անցաւոր աշխարհէն` դժուար է կատարել գործունէութեանդ բնութագրումը այս, քանի մը տողերուն մէջ:

70-ական տարիներուն թեւ ու թռիչք ունեցար: Մեր  երիտասարդական ԼԵՄ-ական կազմաւորման ընթացքին ԼԵՄ-ի առաջին յաջող բանակումէն ետք, ջանք չխնայեցիր քու անմիջական գործակիցներուդ հետ ԼԵՄ-ի մնայուն բանակավայր ունենալու համար եւ այդ մէկը յաջողցուցիր, ու գործը կը շարունակուի:

Իրերայաջորդ քանի մը սերունդներու օրինակ հանդիսացար քու ներհայեաց եւ շեշտակի դրսեւորումներով, հանրային, ընկերական հանդիպումներուն երբեք ամբոխավար չեղար, բայց նեղ շրջանակի մէջ թամատա ըլլալու չափ  սրամիտ եւ պերճախօս էիր:

Ազգային հասարակական գործիչի որակումը արդարօրէն դափնեպսակ մըն է ճակտիդ: Թուլամորթներէն եւ պարագայական մարդոցմէ հեռու մնացիր եւ կեանքիդ ընթացքին փնտռեցիր տիպար հայը, տիպար մարդը, պինդ ու վստահելի կուսակցականը: Պինդ բառը (քու բառդ) յաճախ շեշտեց իր երիտասարդականներու հարցաքննութեան ընթացքին, եղար պահանջկոտ եւ խիստ` աւելի թափ տալով որակին, քան` քանակին, եւ այդ սերունդներու վկայութիւնները հոգիդ կը լեցնեն անհուն ուրախութեամբ:

Լիբանանեան պատերազմի թէժ օրերուն, որպէս գորովագութ հայր, ընտանիքէդ եւ փոքրիկներէդ օրերով  եւ ամիսներով հեռու մնացիր, եղար պատնէշի վրայ` մեր քաջարի տղոց հետ պաշտպանելով  մեր թաղերն ու կառոյցները:

Ընկե՛ր Արա, կուսակցութիւնը եւ Ազգային իշխանութիւնը վաստակիդ լիարժէք համարումով կատարեցին ազգային թաղում` շնորհելով քեզի  «Կիլիկեան ասպետ»-ի շքանշան, վեհափառ հօր կողմէ, որ հանգիստ ննջես յաւիտեան քու ազնուազարմ գործակից փաղանգին հետ, ՀՅԴ պանթէոնին մէջ:

Ընկե՛ր, վա՛րձքդ կատար:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13481

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>