Quantcast
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13556

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Արա Տեմիրճեանին

ՄԿՕ ԱԲԷԼԵԱՆ

Քեսապի զաւակ Արա Տեմիրճեան
Դու հպարտանք ես համայն հայութեան
Նուիրեալ ընկեր հայ Դաշնակցութեան
Օրինակելի տիպար մարդկութեան:

Քեզ պէս հերոսներ յաւերժ պիտի ապրին,
Քու օրինակով սերունդներ սնուին:

Կեանքդ դու ընծայ տուիր հայութեան,
Լուռ պայքարեցար ընդդէմ դժուարութեան
Մերժեցիր փառքը` օրինակ համեստութեան
Կատարեալ անձ ես դուն անկեղծութեան:

Քեզ պէս հերոսներ յաւերժ պիտի ապրին
Քու օրինակով սերունդներ սնուին:

Բարի գեղեցիկ եւ առաքինի
Անկեղծ ընկեր ես դաշնակցականի
Ինծի համար ընկեր, եղբայր սիրելի
Պիտի մնաս յաւերժ մէջը իմ սրտի:

Քեզ պէս հերոսներ յաւերժ պիտի ապրին,
Քու օրինակով սերունդներ սնուին:

Մեզ միշտ սիրելի Արա Տեմիրճեան
Քու յիշատակով ապրինք յաւիտեան
Պայքարինք յաւերժ յանուն հայութեան
Միացեալ մեր մեծ հայրենիքի կերտութեան:

Քեզ պէս հերոսներ յաւերժ պիտի ապրին,
Քու օրինակով սերունդներ սնուին:

16 նոյեմբեր 2016


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13556

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>