Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Այս գրութեան թուագրեալ բաժինները թուղթին յանձնած էի բաւական առաջ, սակայն չէի հասած ամբողջացնելու: Խորքին մէջ, Ա., Բ. եւ մնացեալ բաժիններով ներկայացող դրուագները, նաեւ բազմապատիկ քանակութեամբ այլ դրուագներ յիշողութեանս եւ էութեանս մէջ արձանագրուած էին տասնամեակներէ ի վեր, հաւանաբար սկսեալ այն օրէն, երբ Յակոբ Կիւլոյեան անունը գրաւած էր պատանիի ուղեղս, երբ զինք հեռուէն ճանչցայ իբրեւ ասմունքող արուեստագէտ մը, ա՛յն օրերէն` երբ Հալէպի «Արեւելք» օրաթերթը կը ծանուցէր, թէ ան «Վէրք Հայաստանի»-ն պիտի ասմունքէր «Սինեմա Սուրիա»-ի մէջ…
Գրութիւնս կամքէս անկախ պատճառներով կիսաւարտ մնացած էր, սակայն երբեք միտքէս չէր անցած, որ զայն մանր հպումներով պիտի ամբողջացնէի այս առիթով, երբ արդէն վերջին հրաժեշտը տուած ենք իրեն:
Ա.
Մեր կեանքի ճամբորդութեան ընթացքին կը հանդիպինք մարդոց, ծանօթութիւն կը հաստատենք անհատներու հետ, որոնցմէ շատեր որոշ ժամանակ ետք կը վերածուին աղօտ յիշատակի, կը տժգունին յիշողութեան պաստառին վրայ: Սակայն նաեւ կը ծանօթանանք Յակոբ Կիւլոյեանի նման տիպարներու, որոնց թողած առաջին տպաւորութիւնը տարիներու ընթացքին կը խորանայ, ծաղկում կ՛ապրի, դուրս կը ժայթքէ մտապատկերի պաստառէն: Տարիներու փորձառութիւնն ու անձին կերտած վաստակը կը բիւրեղացնեն այն համոզումը, որ կապ ունիս թանկարժէք անհատի մը հետ, որուն նմաններով կը կերտուին մեր ծանօթներու գանձարանը, կրնանք զանոնք իրաւա՛մբ կոչել Ազգային Գանձ:
Իրենք` մարդկային այս արտասովոր էակները հաւանաբար չեն ալ անդրադառնար իրենց գանձային արժէքին, կը քալեն մեր կողքին, կը զրուցեն, կը վիճին, կարծիք կը յայտնեն էական հարցերու մասին, ապրուստի ճամբայ` արհեստին զուգահեռ` կը կերտեն շօշափելի եւ վիթխարի վաստակ, որուն տարողութեան երբեմն հազիւ թէ կ՛անդրադառնան նաեւ զինք շրջապատողները, ուղեկից ճանապարհորդները, սակայն ատիկա բան չի փոխեր իրողութենէն, գանձին արժէքէն ու արժանիքներէն, իսկ իրազեկ եղողներն ալ անսահման բաւարարութիւն կը զգան, որ ժամանակակից եղած են անոնց, հաղորդակից եղած` ներաշխարհին ու բաբախումներուն:
Արուեստագէտ-ոսկերիչ էր Յակոբ Կիւլոյեան, որ տասնամեակներ առաջ, 40-ականներուն, Երուսաղէմէն տեղափոխուած էր Պէյրութ: Ան իր բազկերակը կապած է Լիբանանի հայութեան սրտի տրոփումներուն, որոնք համաչափօրէն արձագանգած են հայրենիքին ու համայն հայութեան բաբախումներուն. այդպէս ալ մնաց իր կեանքին բոլոր օրերուն, եւ այդ բաբախումներուն ականատես վկան եմ եղած մասնաւորաբար Արցախի պատերազմին ու Հայաստանի անկախութեան վերահաստատման օրերուն (այդ մասին` քիչ ետք): Պէյրութն ու Յակոբը հաւասարապէս որդեգրած են զիրար: Այնքա՛ն խորացած են պէյրութեան անոր արմատները, որ Լիբանանի տագնապին ուրուականը չկրցաւ զինք տեղահան ընել Ժըմմէյզէի վտանգաւոր գօտիին մէջ գտնուող իր բնակարանէն, ուրկէ հարկադրաբար հեռացաւ խաղաղութեան վերահաստատումէն տարիներ ետք:
Ան շաղուած էր Լիբանանի հայ համայնքի խմորին ու շուտով դարձած` բուրումնաւէտ հաց, իր բնատուր տաղանդէն բաժին հանելով արուեստասէր հանրութեան: Հաւատարիմ սիրահար մը` մեր գրականութեան ու բանաստեղծական արուեստին, մեր անմահները իւրայատուկ ոճով վերապրեցուցած է բեմերու վրայ ու մշակութային ձեռնարկներու ընթացքին: Միացած է Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբին, իր հզօր ձայնով «երկրաշարժ»-ի մատնած է Լեւոն Շանթի «Շղթայուածը» դիտող հանդիսականները, դարձած է մշակոյթի գործօն ծառայող: Պարբերաբար աշխատակցած է մամուլին, ընթերցողը համակելով իրա՛ւ հայու իր ապրումներով ու մտածումներով, մասնակից եղած է գեղարուեստական հանդէսներու կազմակերպման, մասնաւորապէս երբ Հայաստանէն խումբեր եկած են Պէյրութ, գտած է հանդիսական ու հովանաւոր ապահովելու իր համոզկեր ու իւրայատուկ ձեւը:
Այս բոլորը կատարուած են լուսարձակներէ հեռու. սակայն ինչ որ անքակտելի կերպով կապուած է իր անուան` ասմունքողի իր վաստակն է, որ իւրայատուկ բեմ մը հաստատած է սփիւռքեան մեր կեանքին մէջ, հոն դնելով կիւլոյեանական կնիք մը:
Բ.
Օժտուած ըլլալով սքանչելի յիշողութեամբ, Յակոբ Կիւլոյեան իր յատուկ տեղը նուաճած է տարբեր հանդէսներու մէջ` մեծանուն բանաստեղծներու գործերը մատուցելով բեմականութեամբ: Այս կալուածին մէջ պատմական են գոնէ երկու ծաւալուն գործեր` Խաչատուր Աբովեանի «Վէրք Հայաստանի»-ն եւ Պարոյր Սեւակի «Անլռելի զանգակատուն»-ը:
Աբովեանի գործը նոր սերունդներուն անհաղորդ ըլլալու շատ պատճառներ ունի, մասնաւորաբար բարբառային իր յղացքին պատճառով: Յ. Կիւլոյեան, հաղորդուելէ ետք մեր առաջին վիպագիրին գործին ու ճանչնալով անոր կոթողական արժէքը, ինքզինք դրած է մարտահրաւէրի մը դիմաց: Զայն մտովին իւրացնելէ ետք, Պէյրութէն Հալէպ ու այլ գաղութներ կրած է զայն` հայուն յիշեցնելով, թէ ինչպիսի՛ յեղափոխական ու բանաստեղծաշունչ հանճարի մը հետ պէտք է հաղորդ մնալ յարատեւօրէն: Աբովեանի հեղեղային արտայայտութիւնները ողողած են նաեւ անոր էութիւնը, որովհետեւ ինք ալ, նկարագիրով հեղեղային արտայայտութիւն ունեցող մարդ է, զրոյցի, խօսակցութեան պահուն բառերը, նախադասութիւններն ու մտածումները կը յորդին հեղեղի նման, պատկերաւոր ու բանաստեղծատիպ: Տասնամեակներ ետք, ան անվրէպ կրնար արտասանել «Վէրք»-ին այս կամ այն հատուածը, մասնաւորաբար վերարտադրել այն պատկերները, ուր կը նկարագրուին Զանգու գետին ահեղավազ թափը, Երեւանի Բերդը, Աղասիին այս կամ այն արտայայտութիւնն ու տաղը… Աբովեան վերապրած է իր մէջ, եւ ինք Աբովեանը վերակենդանացուցած է մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ:
60-ականներուն, Ցեղասպանութեան 50-ամեակի նախօրեակին, Սփիւռքի մէջ Պարոյր Սեւակի «գիւտ»-ը որոշ չափով կը պարտինք Յակոբ Կիւլոյեանի: Հեռակայ հոգեկան կապ մը, կամուրջ մը ստեղծուած է երիտասարդ բանաստեղծին, Յակոբ Կիւլոյեանի ու անոնց պաշտամունքի առարկան եղող` Մեծն Կոմիտասի միջեւ: Կոմիտասի անզուգական ներբողականը` «Անլռելի զանգակատուն»-ի ղօղանջները, շնորհիւ Յակոբ Կիւլոյեանի, արձագանգած են Պէյրութէն մինչեւ հայկական տարբեր գաղութներ: Սեւակի անակնկալ կորուստը անդարմանելի վիշտ մը անթեղած է անոր հոգիին մէջ: Մինչ այդ, նամակագրութեամբ կապ պահած է Սեւակի հետ, իսկ այլ ժամանակակիցներու եւ համաքաղաքացի մեծերու հետ ուղղակի կապերը բազմալար են եղած…
Գ.
… 60-ականներու վերջերն ու 70-ականներու սկիզբը. այն ժամանակաշրջանը, որ այսօր կը յիշենք իբրեւ Լիբանանի հայ գաղութի ծաղկումի գագաթնակէտը, այսինքն` տագնապէն քանի մը տարի առաջ: Նոր միացած էին Համազգայինի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղին, որ ազգային տօներու առիթով ժողովրդային գեղարուեստական հանդէսներ կը կազմակերպէր: Եթէ չեմ սխալիր, 1971-ին, մեր յանձնախումբին վիճակուած էր կազմակերպել Ցեղասպանութեան յիշատակումի ձեռնարկներու շարք մը, որ պիտի երկարէր մէկ շաբթուան վրայ եւ պիտի կոչուէր «Ապրիլեան շաբաթ»: Սա այն փուլն էր, երբ ազգովին սկսած էինք թօթափել Ցեղասպանութեան սուգի ազդեցութիւնը եւ մեր վերականգնումը փնտռել զարթօնք արտայայտող ձեռնարկներով:
Յանձնախումբը որոշեց «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» սրահը «գրաւել» մէկ շաբաթ եւ ամէն երեկոյ գեղարուեստական հանդէս մը ներկայացնել մեր ժողովուրդին: Ինծի պէս անփորձներու կողքին, բարեբախտաբար կային փորձառու անդամներ, որոնց հետ մշակեցինք ասմունքի եւ երգի երեկոներու շարք մը: Մեր գլխաւոր կիզակէտերն էին Յակոբ Կիւլոյեան եւ Արփինէ Փեհլիվանեան, որոնց հետ յանձնախումբէն ոեւէ մէկը անձնական ծանօթութիւն չունէր: Ի վերջոյ, կը մտածէինք, կարելի չէ երթալ եւ դրան զանգը հնչեցնելով` ըսել, թէ կը փափաքինք զիրենք ունենալ մեր յայտագիրին վրայ: Անոնք մեզի համար կը թուէին Ողիմպոսի բնակիչներուն նմանակները…
Դիմեցինք Համազգայինի փորձառուներէն` Շահանդուխտին, որ մեծ խանդավառութեամբ ու հաճոյքով ընկերացաւ մեր «պատուիրակութեան»: Նախ գացինք Արփինէ Փեհլիվանեանի տունը, «Երկաթէ կամուրջ»-էն քիչ մը արեւմուտք: Արժանացանք սիրալիր ընդունելութեան. Արփինէն չսակարկեց, այլ ընդհակառակն, իր կարեւոր ներդրումը ունեցաւ երգահանդէսի յայտագիրին ու կարգ մը խոհանոցային «մանրուքներուն» պատրաստութեան մէջ:
Յաջորդ հասցէն` Յակոբ Կիւլոյեանի բնակարանն էր, Ժըմմէյզէ, Նահատակաց հրապարակէն քանի մը մեթր առաջ: Դարձեալ Շահանդուխտն էր մեր «միջնորդ»-ը: Բարձրացանք 6-7 յարկանի շէնքի մը գագաթը, քիչ մը երկչոտութեամբ մտանք ներս, Փեհլիվանեաններուն տան մէջ ստեղծուած հաղորդականութիւնը շուտով տարածուեցաւ նաեւ հոն: Յակոբին ձայնը միշտ ալ տիրապետող էր: Ուրախութեամբ ողջունեց «Անլռելի զանգակատուն»-ը վերստին բեմ հանելու մեր առաջարկը եւ «Ապրիլեան Շաբթուան» ընթացքին, երկու անգամ ծաղկեցուց մեր բեմը. նոյնը ըրաւ Փեհլիվանեան` կոմիտասեան ու դասական այլ երգերով:
Ձեռնարկներուն մեզի ընձեռած փորձառութեան կողքին, սորվեցանք նաեւ, թէ ինչպիսի՛ մարդիկ են արուեստագէտները. տեսանք, որ անոնք ալ մեզի պէս մարդ արարածներ են, հանգիստ կը զրուցեն, անմատչելի ոչինչ կայ, ու աւելին, կրնան դառնալ մնայուն բարեկամներ, ջնջելով տարիքի սահմանները:
Դ.
Լիբանանի տագնապի տարիները զիս տարին «Ազդակ»-ի խմբագրատունը, Արեւմտեան Պէյրութի մէջ, աշխատողներէս մաս մը ֆիզիքապէս զրկելով պուրճ-համուտեան եռուզեռէն, որ արեւմտեան գօտիին բաղդատմամբ աւելի կենսունակ կերպով կը շարունակուէր, հակառակ արգելակող ու նահանջներ հարկադրող պայմաններուն:
Երբ 1987-ին «Ազդակ» ի վերջոյ հաստատուեցաւ «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ, մեր մշակութային կեանքին հետ հաղորդակցութիւնս ալ բնականաբար դարձաւ աւելի անմիջական: Ու այդ օրերուն էր, որ վերստին կապեր հաստատեցի Յակոբ Կիւլոյեանի նման հայատրոփ անձերու հետ: Այդ բախտը կը պարտիմ հայութեան կեանքին մէջ արձանագրուած պատմական իրադարձութեանց:
Շուտով վրայ հասան Արցախեան Շարժումն ու պատերազմական գործողութիւնները, որոնք մեր ժողովուրդն ու հայրենիքը քայլ առ քայլ առաջնորդեցին դէպի ինքնորոշում, անկախութիւն, Շուշիի ազատագրում եւ Արցախի հայացում: Այդ օրերէն` Յակոբ Կիւլոյեանէն ունիմ յիշատակներ (ուրիշներէ ալ), զորս կ՛արժէ արձանագրել, որպէսզի աւելի շեշտակի կերպով ներկայացնեմ իր դիմաստուերը:
Արցախի պատերազմի օրերուն, լրատուութեան գլխաւոր աղբիւրները` միջազգային լրատու գործակալութեանց, պատկերասփիւռի ու ձայնասփիւռի կայաններու հաղորդումներն էին: Այսօր, մարդիկ աշխարհի հեռաւորագոյն անկիւնէն տեղեկութիւններ վայրկեանը վայրկեանին կ՛ունենան իրենց ափին մէջ, համակարգչային-հեռաձայնային սարքերու միջոցով: 90-ականներու սկիզբներուն այս պերճանքը չկար:
Եւ որովհետեւ միջազգային աղբիւրները բաւական ժլատ էին Արցախի ու Հայաստանի մասին իրենց հաղորդումներուն մէջ, ստիպուած էինք կարճ ալիքի վրայ «բռնել» Երեւանի կայանին լուրերը, որոնք կը հաղորդուէին գիշերուան ուշ ժամերուն: Յակոբ Կիւլոյեան շուտով իրազեկ դարձած էր այս կացութեան ու, հազիւ Երեւանէն լուրերու հաղորդումը վերջացած` խմբագրատան հեռաձայնը կը հնչէր. «Սագօ՛… Ի՞նչ նորութիւն… Ի՞նչ ըրած ենք», կը հարցնէր անձկութեամբ: Պէտք էր իմանար, եւ նո՛յն գիշերն իսկ, թէ մեր ազատամարտիկները յառաջխաղացք ունեցա՞ծ են դիրքերու վրայ, նահանջներ արձանագրուա՞ծ են, զոհե՞ր, այլ մանրամասնութիւններ: Իր մեկանաբանութիւնները անմիջապէս կ՛ողողէին լսափողը: Նզովանք ու գեղարուեստական պատկերներով լուտանքներ (ոչ գռեհիկ տեսակէն) ունէր ազերիներու եւ անոնց թիկունք կանգնողներու հասցէին, ձայնը յուզում կը մատնէր ի լուր նահատակներու մասին հաղորդումներու, յառաջխաղացքները թեւ ու թռիչք կու տային իր բարի զգացումներուն: Իսկ երբ յանկարծ գահ-գահ մը փրթէր ինձմէ, աշխատակիցներս կը գիտնային, թէ խօսակիցս` Յակոբ Կիւլոյեան իր սովորական ու պատկերաւոր սրախօսութիւններէն մէկն է արձակած: Մէկ ներկայացուցիչն էր իրա՛ւ հայերուն, որոնք վայրկեանը վայրկեանին եւ օրը օրին կը հետեւէին ճակատներու վրայ արձանագրուած իւրաքանչիւր շարժումի, կ՛ապրէին ճակատներուն հետ, կարծէք թէ ֆետայիներուն կողքին ըլլային:
25 տարի առաջ, Հայաստանի անկախութեան հռչակման լուրը վստահաբար անմոռանալի է բոլոր հայերուն համար, սակայն այդ օրը ինծի համար անմոռանալի է Յակոբ Կիւլոյեան «գործօն»-ին շնորհիւ:
Լրատուութեան յիշեալ դրութիւնը տիրական էր: Խմբագրատան աշխատակիցներս բախտը ունէինք հեռագրալուրերու միջոցով շատերէ առաջ իմանալ նորութիւնները: Հռչակագիրի օրուան յետմիջօրէին, արդէն իմացած էինք լուրը եւ ապրած` տօնական պահ մը, յետոյ, օրուան աշխատանքը վերստին մեզ նետած էր սովորական հեւքին մէջ:
Օրը սկսած էր իրիկնանալ, երբ յանկարծ խմբագրատան դուռը ուժգնօրէն բացուեցաւ, եւ Յակոբ Կիւլոյեանը ներս ինկաւ բառացիօրէն հեւասպառ ու քրտնաթոր: Սկսաւ «կրակել» իր հարցումներով. «Սագօ՛, իրա՞ւ է… Հայաստան անկախութիւն հռչակե՞ց… Ռատիոյէն լսեցի, եկայ, որ ստուգեմ…»:
Յուզումը մեզ ալ վարակեց բնականաբար, մինչդեռ մենք արդէն մեր ետին ձգած էինք այդ վիճակը: Բացատրեցինք, որ լսածը ճիշդ էր: Յուզումը կրկնապատկուեցաւ. կարծէք թէ Հայաստանի հրապարակին վրայ էր, դէմքէն առաջ աչքերը կը ժպտէին (ինչպէս միշտ), ու մենք թափանցեցինք երջանկութեան արցունքներ հասկացութեան խորքը: Ողջագուրուեցաւ բոլորիս հետ, ցնծութիւնը բաժնեց ամէնուն, «չէք գիտեր, թէ ասիկա ի՜նչ մեծ օր է մեզի համար», կրցաւ ըսել հազիւ հազ:
Երբ ջուրով ու պահ մը նստելով քիչ մը հանգստացաւ, հարց տուի, թէ ինչո՞ւ, իր սովորութեան համաձայն, չէր հեռաձայնած` ստուգումը ընելու համար: Պատմեց հետեւեալը. «Մոնթէ Քարլոյի կայանէն մօտ ժամ մը առաջ լսեցի, որ Հայաստան անկախ հռչակուած է: Վար վազեցի, գացի Թեքէեան մշակութային կեդրոնը, ստուգելու լուրը: Հոն կար միայն պահակը, որ բանէ տեղեակ չէր: Աճապարանքիս մէջ իջած էի հողաթափով, դրամ ալ չէի վերցուցած հետս. ելեկտրականութիւն չկար, որ վերելակով տուն ելլէի: Ըսի` Յակո՛բ, վազէ՛ «Ազդակ». հոն անպայման կը գիտնան…»: Եւ նոր անդրադարձայ, որ իսկապէս հողաթափով էր, առտնին հագուստով, շապիկին կուրծքն ու կռնակը քրտիքնով ողողուած: Ժըմմէյզէէն մինչեւ «Ազդակ»-ի խմբագրատունը եկած էր… քալելով ու արտասուելով:
Հոգեպէս ու մտովին հանգստացած` տուն վերադարձաւ, ու յաջորդ օրերուն վերադարձաւ գիշերային հաղորդակցութեան «սովորութեան»: Ափսոս, որ այդ օրերուն չեմ մտածած իր խօսակցութիւնը կապելու ձայնագրիչ մեքենայի մը, որովհետեւ այդպէսով պիտի ունենայի հայութեամբ բաբախող մեծ սիրտի մը անջնջելի բանաւոր արձագանգները:
Ե.
Հայաստանի ու Արցախի զարգացումները այդ հանգրուանին (նաեւ աւելի ուշ) զինք մղեցին, որ վերստին գրիչը ձեռք առնէ, ապրումներուն ու տպաւորութեանց բաժնեկից դարձնելու համար ընթերցողը: Այդ շրջանին, այլ պատճառներ ալ ստեղծուեցան, որպէսզի աւելի յաճախ այցելէի իրենց տունը, վայելէի տանիքը` տանառաջի ծաղկանոցին գիշերները, տեսնէի, որ ինչպէ՜ս կը գուրգուրար իւրաքանչիւր ծաղիկի, թուփի վրայ, եւ դժուար չէր հետեւցնելը, թէ գուրգուրանքի ի՜նչ տարողութեան կ՛արժանանային կողակիցն ու զաւակները: Հպարտօրէն կը պատմէր, որ ամուսնանալու եւ հայութեան զաւակներ ընծայելու որոշումը տուած էր Ցեղասպանութեան 50-ամեակին, իբրեւ գործնական վրիժառութիւն ցեղասպանին դէմ: Լիբանանեան տագնապի ծանր օրերուն հասակ առնող զաւակները, բնակարանին մթնոլորտին մէջ, «մեկուսացում» մը ապրած են դուրսի դառնութիւններէն եւ յարած` արուեստի, մշակոյթի եւ հայկական արժէքներու տիրութեան: Ինչո՞ւ: Որովհետեւ Կիւլոյեանի բնակարանը կը յիշեցնէ նկարչական ցուցասրահ մը, ուր յատուկ անկիւն մը ունի նաեւ Կոմիտաս Վարդապետի վախճանումէն անմիջապէս ետք, դէմքէն առնուած կաղապարով եւ մետաղով ձուլուած հազուագիւտ քանդակ մը:
Մեր այդ հանդիպումներուն էր, որ պիտի մանրամասնէր, թէ ինչպէ՛ս դարձած է արուեստի գործերու հաւաքածոյի տէր, կազմած է իր գրադարանը: Կը պատմէր, որ երբ իմանար, թէ երիտասարդ գեղանկարիչ մը ցուցահանդէս կու տայ, անպայման պիտի գնէր անոր մէկ-երկու գործը, որպէսզի արուեստագէտը զգայ, թէ հայեր հաղորդակից են իր աշխարհին, կը քաջալերեն ու կը գնահատեն իր արուեստը: Կը պատմէր նաեւ, որ տարիներ առաջ, ու մէկէ աւելի առիթներով, անուղղակի մեկենասութիւն ըրած է մեր կարգ մը անուանի գրողներու գործերուն. օրինակի համար` «Անգամ մը Ս. Նշանի վերելքին տեսայ —եանը. կը քալէր մտահոգ. իր գրած գիրքը տպարան յանձնած էր, սակայն կանխավճարի համար բաւարար գումար չունէր: Հարցուցի, թէ որքա՞ն գումարի պէտք ունէր. շուտով գումարը յանձնեցի եւ ըսի, որ երբ գիրքը լոյս տեսնէ, վճարած գումարիս համարժէք գիրք բերէ ինծի»: Այսպէսով, դարձած էր անհատ գրատարած մը…
Ապրած ըլլալով Պուրճի հրապարակին եւ ոսկերիչներու շուկային մթնոլորտին մէջ, քաջածանօթ է նախա-75-ի տարիներու Պէյրութի կեդրոնական այս գօտիին հայկական կեանքի բոլոր ծալքերուն: Գիտէ, թէ քանի՞ հայկական խանութ, ճաշարան եւ այլօրինակ գործատեղիներ եղած են հոն, ո՞ր գրողը, արուեստագէտն ու ազգային գործիչը որո՞ւ կը հանդիպէր հոս կամ հոն, մասնակից-ներկայ եղած էր այդ հանդիպումներէն շատերու, մտերմութիւն մշակած գաղութի տիտաններուն հետ, վիթխարի պաշար կուտակած էր իր անգիր յիշատակարանին մէջ: Ափսոս, որ այդ բոլորէն միայն պատառիկներ թուղթին յանձնեց «Ազդակ»-ի ամանորեան մէկ բացառիկի էջերով:
Լոս Անճելըս տեղափոխուելէս ետք, մեր հեռաձայնային հաղորդակցութիւնները դարձան նուազ պարբերական, սակայն ամէն անգամ որ Պէյրութ գտնուէի, անպայման պէտք է ուխտի երթայի Յակոբին տունը, վերանորոգուելու համար իր էութենէն բխող ու էութիւնը կազմող հայկականութեամբ: Հակառակ տարիներու կուտակման, ան կը մնար կենսունակ, պայծառ յիշողութեամբ, իր արտայայտութիւնները` նո՛յնքան խանդավառ ու վարակիչ, որքան էին այն օրերուն, երբ բեմէն կը բաշխէր «Վէրք Հայաստանի»-ն ու «Անլռելի զանգակատուն»-ը, եւ որոնք զինք վերածած են հայրենի վէրքերու մերօրեայ երգիչի ու սեւակեան հպարտ զանգերու ղօղանջներու մեկնաբանի:
***
Կարելի՞ է վերի դրուագները որակել դիմաստուեր: Նման որակում անարդարութիւն պիտի ըլլայ Կիւլոյեան մարդուն, հայուն, մշակոյթի ու արուեստի սիրահարին:
Եւ ահա… մետասաներորդ պահուն ծրագրուած` Պէյրութ ուղեւորութեանս ճամբուն վրայ, երբ կը յուսայի անգամ մը եւս հանդիպիլ Յակոբին, գոյժը կը հասնէր անսպասելիօրէն, ինծի պարգեւելով գոնէ վերջին յարգանքին անձամբ մասնակից ըլլալու մխիթարանքը:
Բայց… Յակոբ Կիւլոյեանը եւ իրեն նմանները չեն հեռանար մեզմէ: Անոնց վաստակն ու գործը մաս կը կազմեն մեր հաւաքական յիշողութեան ու ազգային գանձարանին, որովհետեւ անոնցմով կազմուած է եւ կը շարունակէ ուռճանալ մեր ազգային աննիւթական գանձարանը: