Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13569

«Ես Ասմունքելով Կ՛ուզեմ Մեռնիլ»

$
0
0

ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ

Յակոբ Կիւլոյեանը իր մահաքունի վիճակին մէջ անընդհատ կ՛ասմունքէր Չարենց, Սեւակ, Վարուժան, Թէքէեան:

Անցնող ամբողջ երեք ամիսներու իր չարչարանքի հանգրուանին ան կ՛ասմունքէր:

1982-ին երիտասարդական տարիներու, Համազգայինի Պուրճ Համուտի  մասնաճիւղի նախաձեռնութեամբ Նազ Տէր Սարգիսեան եւ Թորգոմ Ջանանի գլխաւորութեամբ գրասէրներու խմբակ մը յառաջացած էր:

Մեր դպրոցէն ես եւ դասընկերս կ՛երթայինք: Ամէն ամիս բանաստեղծի մը, գրագէտի մը կամ մտաւորականի մը հետ հանդիպումներ կ՛ունենայինք: Հանդիպած էինք Մուշեղ Իշխանին, Պօղոս Սնապեանին, Գրիգոր Շահինեանին, Յարութիւն Պէրպէրեանին եւ Սարգիս Կիրակոսեանին: Ամիս մըն ալ մեզի ներկայացուցին Յակոբ Կիւլոյեանը` իբրեւ ասմունքող:

Ամբողջ երկու ժամ խօսեցաւ բանաստեղծութիւնը զգալու եւ ասմունքելու արուեստին մասին: Այսպէս եղաւ մեր առաջին հանդիպումը: Աւելի ուշ գրական ձեռնարկներուն, որոնք կը կազմակերպէինք Համազգայինի «Վրացեան» ակումբին մէջ, ամէն կիրակի կէսօր, Յակոբ Կիւլոյեան միշտ ներկայ էր` Մոսիկին եւ Լուսիկին հետ:

Աւելի ուշ միջդպրոցական ասմունքի մրցումներու` իբրեւ դատական կազմ, «Գ. Իփէկեան»-ի ներկայացումներու` խորհրդական եւ օգնական:

Շրջանային վարչութեան ատենապետութեանս առաջին շրջանին` 1996-2000, ամէն մէկ ձեռնարկէ ետք Յակոբ Կիւլոյեան հեռաձայնով իր թելադրանքները կ՛ընէր: Գեղարուեստական յայտագիրի գծով ըսելիք կ՛ունենար, նոր ձեռնարկի մը գաղափարը կու տար եւ աւարտին կ՛ըսէր. «Դուն լաւ ունկնդիր ես առաջարկներուս»:

Անցան տարիներ եւ կիրակի առաւօտ մը աշխատանքի բերումով հիւանդանոցներ կը շրջագայէի` այցելելով ԱՖՀԻԼ-ի անդամներուն կամ ինծի սիրելի անձերու, որոնք ԱՖՀԻԼ-ի անդամ չեն:

Ժեհթաուի հիւանդանոցի թիւ 2025 սենեակ մտայ: Առանձին էր: Ժպտուն աչքերով, բարակցած մարմինով երկարած էր անկողինին վրայ, սրտանց ուրախութիւն մը ապրեցաւ` զիս տեսնելով:

Մօտաւորապէս կէս ժամ խօսեցաւ հինէն, միայն հինէն, եւ նկատեցի, որ տեղ-տեղ յիշողութիւնն ալ սկսած էր դաւաճանել:

Հեռացայ իրմէ եւ այդ եղաւ: Չուզեցի աւելի վատ վիճակի մէջ տեսնել զինք:

Ստացայ մահուան բօթը:

Ի՞նչ ըսենք:

Տերեւաթա՞փ: Այո՛: Բայց այսպէս մենք մեզ մերկ կը զգանք: Մեծերու սերունդի մը կորուստը մեծապէս կ՛ազդէ մեր հոգեմտաւոր կեանքին վրայ:

Անանձնական, մշակութապաշտ, հայրենասէր, լաւ մարդ, ազգային անզիջող նկարագիր, անշահախնդիր նուիրեալ, յարգանքով եւ սէրով լեցուն արուեստագէտ էր ան:

Հայ գիր եւ գրականութիւն պաշտող, հայ եկեղեցին եւ հոգեւորականները յարգող, հայ մշակոյթը եւ արուեստը սիրող, մաքուր անձնաւորութիւն էր:

Այս ժամանակաշրջանին, երբ արժէքները խախտած են, երբ ամէն բան անձնական, շահադիտական, մակերեսային եւ երեւոյթներով խաբող ընկերութեան մը վերածուած ենք, Կիւլոյեանի նման մարդոց առյաւէտ բաժանումը կրկնակի կորուստի զգացում կու տայ բոլորիս:

Հիմա Յակոբ Կիւլոյեան միացած է մեծերուն: Հոն ալ վստահ պիտի մտածեն բան մը ընել:

Խտըշեանի, Ֆազլեանի, Շահինեանի եւ միւսներուն հետ քիչ մը աւելի գոյն եւ շունչ պիտի տրուի վերը, երբեմն ալ «կայծակ փոթորիկ»:

Իսկ մենք քիչ մը աւելի պիտի բոպիկնանք:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13569

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>