Միջինարեւելեան երկիրներու եւ այնտեղ գոյութիւն ունեցող կազմակերպ աւանդական գաղութներու ապագային նկատմամբ յուսահատական ալիքներ կը փչեն, որոշ իմաստներով հասկնալիօրէն:
Հասկնալին բնականաբար կապուած է զինուորական այն լայնածաւալ եւ աշխարհաքաղաքական բնոյթի իրադարձութիւններուն, որոնց հետեւանքով կը ստեղծուին հսկայական ճգնաժամեր եւ անոնցմէ բխած ապահովական, մարդասիրական, արտահոսքի, մինչեւ ցեղային զտումներու արհաւիրքային կացութիւններ:
Իրապաշտ ըլլալու համար ճիշդ է այն, որ փակուղիէն դուրս գալու լոյսի նշոյլները չեն երեւար տակաւին եւ հեռանկարի մթութիւնը եւս բարոյահոգեբանական առումով չի նպաստեր յուսահատութեան կացութեան շրջումին:
Ո՛չ իրանահայութիւնը, ո՛չ իրաքահայութիւնը, ո՛չ եգիպտահայութիւնը, ո՛չ ալ սուրիահայութիւնը նոյնն են, այն ինչ որ էին տասնամեակներ առաջ: Խոստովանի՛նք, նոյնը չէ նաեւ լիբանանահայութիւնը այս առումով:
Միաժամանակ սակայն, հակառակ այս արիւնաքամութեան, միջինարեւելեան երկիրները, թէկուզ նօսրացած վիճակի մէջ, կը շարունակեն պահել այն առաքելութիւնը, այն գործառոյթները, որոնք յատկապէս մարդուժի պատրաստութեան ուղղութեամբ այս միջավայրերը դարձուցած են անփոխարինելի: Եթէ անշուշտ աշխատանքներու համապատկերին մէջ հայախօսութիւնը, լեզուի տիրապետումը եւ անոնց հետ կապուած ասպարէզները կը մնան գերակայ արժէքները կազմակերպ համայնքներու հայապահպանութեան եւ զարգացման առաջադրանքներուն համար:
Սուրիական պատերազմով սուրիական ամէնէն հայատրոփ գաղութին ստացած հարուածէն ետք, լիբանանահայութեան պարտաւորութիւնները այս առումով կը կրկնապատկուին, եթէ ոչ կը բազմապատկուին: Փաստ է նաեւ այն, որ տարածաշրջանի ապաքրիստոնէացման (բնականաբար նաեւ հայաթափման) միտումներուն մէջ Լիբանանը կը շարունակէ պահել կղզիի հանգամանքը, ուր առնուազն նոյն տարողութեամբ չ՛արձանագրուիր արտահոսքը:
Շրջանային եւ հայկական պայմաններու նկատառումով լիբանանահայութիւնը ուրեմն այս հանգրուանին ճիգերը գերլարելու եւ եզակի հանգամանքի պահպանումով առաւելագոյնը արդիւնաւորելու հարկադրանքին առջեւ է:
Նոյնքան պարզ է, որ բերդին ամրակուռութիւնը պահպանելու ուժեղագոյն առաջին ամրոցը դպրոցն է: Լիբանանահայ դպրոցը, իր յարանուանական թէ միութենական պատկանելիութիւններով, կը շարունակէ պահպանել բարձր դիրքեր թէ՛ ակադեմական պարունակի մէջ աշակերտութեան արձանագրած յաջողութիւններու համեմատութիւններով եւ թէ՛ հայ կեանքին մասնակից հայ քաղաքացին պատրաստելու ճամբով:
Երէկ ժողովուրդին ներկայացած Ազգային միացեալ վարժարանի շինարարութեան դրդապատճառն ու ընդհանրապէս պատճառականութիւնը պէտք է ընկալել այս հանգամանքներուն եւ առաջնահերթութիւններուն նկատառումներով:
Մրցակցային ժամանակաշրջաններու մէջ ենք: Եւ հայ վարժարանը եթէ չի զիջիր իր ակադեմական յաջողութիւններով, եթէ չի զիջիր հայկական ազգային պատկանելիութեան գիտակցութեան ջամբումն ու Լիբանանի քաղաքացին համատեղ պատրաստելու իր առաքելութեամբ, չի զիջիր նաեւ 21-րդ դարու համարժէք դպրոցական կառոյցով, համապատասխան բաժիններով:
Մասնագիտութեան յղացքը այս օրերուն համապարփակ է: Դպրոցավարութիւն, ակադեմական մեթոտաբանութիւն, իւրաքանչիւր դասանիւթի համապատասխան մասնագէտ, մանկավարժական ուսման տիրապետում. նաեւ` դպրոցական ճարտարապետական նախագիծի հիման վրայ կառուցուած շէնք, միջավայր:
Խաբկանքը չունինք անշուշտ, որ այս բացն ալ լրացնող վերջին նախաձեռնութիւնը կտրուկ հոսք պիտի ապահովէ օտար վարժարաններէ դէպի այդ նոյն օտար վարժարաններուն դպրոցական կառոյցներուն չզիջող մեր միացեալ վարժարանը: Վստահ ենք սակայն, որ այս վարժարանի շրջանաւարտները, ո՛չ միայն պիտի չզիջին օտար վարժարաններու հայ շրջանաւարտներուն, այլ նաեւ հսկայական առաւելներ պիտի ունենան ազգային ժառանգութեան պահպանման եւ զարգացման առումով:
Միացեալ վարժարանը մեր գաղութի նոր առաքելութիւն եւ նոր գործառոյթներ ստանձնելու սկիզբ ապահովող կառոյց է. վաղուան լիբանանահայութիւնը ամուր ենթահողի վրայ պատրաստելու կոչուած ամրոց մը, որ ունի անխորտակելի մնալու բոլոր տեսակի առաւելութիւնները: