ՊԱՐՈՅՐ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
1966-ը եղաւ տխուր ու ցաւալի զուգադիպութիւններու տարի մը, թէեւ տարին սկսած էր ուրախ տրամադրութիւններով լի, նոր յոյսերու ու ծրագիրներու իրականացման խանդավառութեամբ մը:
Հայ գրականութեան մեծագոյն դէմքերէն, սքանչելի գիւղագիր, Համաստեղի ծննդեան 70 եւ գրական գործունէութեան 50-ամեակն էր 1966-ը: Տարին հռչակուած է յոբելենական տարի: Յոբելենական հանդիսութիւնները պատշաճ ձեւով կազմակերպելու համար կազմուեցան մասնաւոր յանձնախումբեր ի սփիւռս աշխարհի բոլոր կեդրոններուն մէջ: Բոլորին շարքին Պաղտատի մէջ ալ նման յանձնախումբ մը կազմուեցաւ Պաղտատի Հայ երկսեռ երիտասարդաց միութեան կողմէ, ղեկավարութեամբ Լեւոն Գարմէնի: Օրուան առիթով բանախօսներ նշանակուեցան Լեւոն Գարմէն եւ յայտնի գրագէտ, բանաստեղծ Եդուարդ Պոյաճեան, որ Պէյրութէն հրաւիրուեցաւ հանդիսութեան աւելի հեղինակութիւն տալու նպատակով:
Տօնակատարութիւնը տեղի ունեցաւ 27 մարտ 1966-ին «Երիտասարդաց»-ի սրահին մէջ, մեծ յաջողութիւն արձանագրելով: Պաղտատը եղաւ առաջինը յոբելենական տօնակատարութիւն կազմակերպողը ի սփիւռս աշխարհի:
Պատմական այս տեղեկութիւնները կը տրուին պարզապէս յիշելու շատ տխուր ճակատագրական անցուդարձեր, որոնք տեղի ունեցան նոյն 1966 թուականին, եւ որոնք ձեւով մը առնչութիւն ունին յոբելեանին հետ:
Ինչպէս ըսինք, Պաղտատի հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ 27 մարտ, 1966-ին: Ճիշդ նոյն ամիսը Համաստեղի կողակիցը` Սրբուհի Համաստեղ, յետ երկարատեւ հիւանդութեան հոգին կ՛աւանդէ 11 մարտ 1966-ին` Պաղտատի հանդիսութենէն երկու շաբաթ առաջ:
Հանդիսութենէն քանի մը ամիս ետք Լեւոն Գարմէն կը հրաւիրուի Լիբանան` ստանձնելու «Ազդակ» օրաթերթի խմբագրապետի պաշտօնը: Հազիւ ամիս մը գործի սկսելէն 25 օգոստոս, 1966-ին մտերմիկ խօսակցութեան մը ընթացքին յանկարծամահ կ՛ըլլայ` ապշեցնելով շուրջինները:
Հանդիսութեան երկրորդ բանախօսը` Եդուարդ Պոյաճեան, նոր վիրաբուժական գործողութեան ենթարկուած էր երբ Պաղտատ եկաւ: Տաղանդաւոր բանաստեղծը իր մահկանացուն կը կնքէ Պէյրութի մէջ, 17 հոկտեմբեր 1966-ին:
Իսկ մեր յոբելեարը` Համաստեղ, որը Լոս Անճելըսի յոբելենական հանդիսութեան հրաւիրուած էր, հանդիսասրահին բեմին վրայ կաթուածահար կ՛իյնայ 26 նոյեմբեր 1966-ին:
1966-ը Համաստեղի գրական գործունէութեան 50-ամեակն էր, նոյնպէս Լեւոն Գարմէնի եւ Եդուարդ Պոյաճեանի ծննդեան 50-ամեակը, սակայն բոլորը այդ տարին իրենց մահկանացուները կնքեցին:
Մէկ տարուան մէջ սփիւռքահայ գրականութիւնը կը կորսնցնէ իր տաղանդաւոր երեք մեծերը:
Յարգանք անոնց յիշատակին: