Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13373

«Երեւան, Իմ Սէր»-ը Կ՛իրագործէ Իր Առաջին Ծրագիրը

$
0
0

ԱՍՏՂԻԿ ՄԱԹԵՒՈՍԵԱՆ

yerevan-im-ser-2_111816

Արդէն աւելի քան ութ ամիս է, որ Հրազդանի գեղատեսիլ ձորի կողքին` Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ եւ Փարաջանովի թանգարանին կից, աշխուժ շինարարական աշխատանքներ կ՛ընթանան: «Երեւան, իմ սէր» բարեգործական ընկերութեան պատուէրով «Ալ Գարէ» շինարարական ընկերութիւնը կ՛իրագործէ կառուցապատումի աշխատանքները: Այնտեղ աշխատանքի ղեկավար Շիրվանի ղեկավարութեամբ կ՛աշխատին աւելի քան 20 շինարարներ, քարագործներ եւ աշխատաւորներ: Հին Երեւանէն կը վերակառուցուի փոքրիկ մասնիկ մը, որ պիտի ծառայէ իբրեւ «Վարդապետաց դպրոց»: Անոր հիմնական առաքելութիւնը պիտի ըլլայ` կարիքաւոր հայ ընտանիքներուն եւ հաշմանդամ երեխաներուն արհեստներու ուսուցման կարելիութիւններ ընձեռել: Արդէն իսկ այս ծրագիրով հետաքրքրուած եւ համագործակցելու առաջարկ ներկայացուցած է «Սէյվ տը չիլտրըն» կազմակերպութիւնը:

Օրէ օր ձեւափոխուող եւ գեղեցկացող այդ շինութիւնը նախապէս լքուած կիսակառոյց մըն էր: Անիկա վերածուած էր աղբանոցի, անտունիներու եւ թափառական ու փողոցային շուներու կացարանի, հետեւաբար այս վիճակը սկսած էր մտահոգել անոր կից շէնքերու բնակիչները: Շէնքը անցեալին յանձնուած էր Արարատեան հայրապետական թեմի տնօրինութեան, իսկ աւելի ուշ` 2013 թուականին Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին հրամանով փոխանցուած էր « Երեւան, իմ սէր» բարեգործական ընկերութեան` «Վարպետաց դպրոցի» ծրագիրը իրականացնելու նպատակով:

Կեդրոնի` դէպի Իսրայէլեան փողոց նայող ճակատային հատուածին երեսապատումը կատարուած է Երեւանի 19-20-րդ դարերու շէնքի բնօրինակ քարերով: Նկատի առնելով կառոյցին պատմական նշանակութիւնը` շէնքին ճակատը մանրամասն չափագրուած, վերականգնուած եւ պահպանուած է:

Աշխատանքները աւարտելէն ետք պիտի բարեկարգուի նաեւ շրջակայ ընդարձակ տարածքը: «Վարդապետաց դպրոցը» ոչ միայն պիտի ծառայէ իր բուն նպատակին` իբրեւ երեխաներու արուեստի ու արհեստներու ուսուցման կեդրոն, այլեւ անիկա անկասկած պիտի դառնայ շրջակայ բնակիչներուն ամէնէն սիրած զբօսանքի վայրերէն մէկը:

Շինարարական աշխատանքները կը նախատեսուի աւարտել մինչեւ տարեվերջ, իսկ 2016-ին տեղի պիտի ունենայ դպրոցի հանդիսաւոր բացման արարողութիւնը` բարձրաստիճան պետական ու հոգեւոր գործիչներու եւ բարերարներու մասնակցութեամբ:

yerevan-im-ser-12_111816

yerevan-im-ser-8_111816

yerevan-im-ser-3_111816

«168 ժամ»   

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻԱ ԱՐԱՊԱԹԼԵԱՆ


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13373

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>