Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13499

Խմբագրական «Գանձասար»-ի Նոյեմբեր Ա./2016 . Սուրիական Պրիսմակէն

$
0
0

Երեք տարի վերջ զօր. Միշէլ Աունի նախագահ ընտրուիլը երկրի ներքին քաղաքական կեանքը կայունութեան առաջնորդելու իմաստով մեծ ոստում մը համարուեցաւ, յատկապէս` տարածաշրջանի շարք մը երկիրներու սուր լարուածութեան լոյսին տակ:

Զօր. Աուն նախագահ ընտրուեցաւ ժողովուրդի իսլամ թէ քրիստոնեայ բոլոր բաղադրիչներուն զօրակցութեան, միաժամանակ քաղաքական զանազան ուժերու համախորհուրդ որոշումին  շնորհիւ:

Այլ խօսքով, նախագահական այս ընտրութեան յաջողութիւնը առաւելաբար տեղի ունեցաւ լիբանանցի ժողովուրդին միասնականութեան շնորհիւ` յաղթահարելու դժուարութիւններն ու կայուն պահելու երկիրը:

Լիբանանի կայունութիւնն ու զօրութիւնը բնականաբար դրական ազդեցութիւն պիտի ունենան տարածաշրջանի անցուդարձերուն վրայ`  լուսարձակի տակ պահելով.

– Կրօններու եւ համայնքներու համակեցութեան անհրաժեշտութիւնը,

– Քրիստոնեայ տարրին կարեւորութիւնը ինչպէս Լիբանանի, այնպէս ալ Միջին Արեւելքի մէջ: Լիբանանի մէջ քրիստոնեայ տարրը երկրի զանազան հարցերուն նկատմամբ որդեգրելով ազգային, հայրենական մօտեցում, իր ինքնուրոյն դերակատարութիւնը ունեցած է պետականաշինութեան եւ երկրի կառավարման հարցերուն մէջ: Միջին Արեւելքի մէջ վերջին տարիներուն քրիստոնէութեան արտագաղթին պատճառ դարձող, կամ անոր պատմական ներկայութեան փաստը աղաւաղող կողմերու ճիգերուն դէմ զօր. Աունի ընտրութիւնը փաստօրէն վերստին լուսարձակի տակ կ՛առնէ տարածաշրջանէն ներս քրիստոնեայ տարրին դերակատարութիւնը:

Նախագահական այս ընտրութիւնը սուրիական տագնապի պրիսմակէն դիտելով` կարելի է եզրակացնել հետեւեալը.

– Եթէ գոյութիւն ունի կամք եւ հարցերը լուծելու բարի կամեցողութիւն, ապա երկրի մը զաւակները, տարակարծիք ըլլալով հանդերձ, կրնան ընտրել բանակցութեան ողջունելի ուղին` փրկելու իրենց երկիրը արտաքին միջամտութիւններու աւերիչ ազդեցութենէն:

– Ազգային դիմադրութեան առանցքը կը շարունակէ մնալ պայքարի այն միջոցը, որ կը խրախուսէ  քաղաքական ուժերու միջեւ գործակցութիւնը, կը պահպանէ երկրի ազգային միասնականութիւնը եւ կը վանէ հաւատադրժողական ահաբեկչութիւնը:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13499


<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>