Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13376

«Կանչ Հրեշտակապետին» Տարեգիրքին Գրախօսականը

$
0
0

ՄԱՇՏՈՑ ՎՐԴ. ԶԱՀԹԷՐԵԱՆ
Փոխտեսուչ Զմմառեան Միաբանութեան
Ս. Միքայէլ Ընծայարանի
եւ «Երանելի Իգնատիոս Մալոյեան» դպրեվանքի

goghk_110916

Աշխարհի գերտէրութիւնները իրենց տնտեսութիւնը բարելաւելու անյագ նկրտումով պատերազմներ կը հրահրեն փոքր երկիրներու միջեւ: Այնուհետեւ, տիրանալէ ետք անոնց բնական հարստութեանը, սնանկութեան եզրին յայտնուած երկիրները իրենց գերիշխանութեան ներքոյ կը պահեն` ստրկացնելով զանոնք:

Այս ընդհանուր համայնապատկերին մէջ ի հարկ է միակ տուժողը կ՛ըլլայ սնանկացող անհատը` քաղաքացին, որ իր անձուկ վիճակը բարւոքելու եւ իր օրապահիկը ապահովելու միտումով ստիպուած է օրն ի բուն հեւքի մէջ ըլլալ: Սպառած մարդը իր յոյսը կապած կ՛ըլլայ շրջանառուող լուրերուն, որոնց ամենաարագ եւ ամենահեշտ հասանելիութեան միջոցը տեսալսողական տեղեկատուութիւնն է:

Իսկ համեմատաբար աւելի բարօր կենցաղ ունեցող երկիրներու քաղաքացիները, չունենալով սրընթաց ապրելակերպ, կը թերթեն տպագիր մամուլի էջերը:

Տպագիր մամուլը կը մնայ իր պատուանդանին վրայ, քանզի մարդը` առաջինը շփուած է թուղթի հետ, որ իր ենթագիտակցութեան մէջ դրոշմուած է, եւ ի հարկին ան կը դրսեւորուի:

Ուստի ան, որ կը մտածէ, թէ տպագիր մամուլը նահանջած է, եւ իր առաջատարի դիրքը զիջած` տեսալսողական տեղեկատուութեան, սխալած կ՛ըլլայ. քանզի աշխարհն ամբողջ տպագիր մամուլի չվերջացող անուններով ողողուած է, որոնց թիւը օրըստօրէ կը բազմապատկուի:

Տպագիր մամուլի ծիրին մէջ, իր նշանակալի աւանդը ունի նաեւ Զմմառեան միաբանութեան Ս. Միքայէլ ընծայարանի տարեգիրք «Կանչ հրեշտակապետին», որուն առաջին թիւը լոյս ընծայած է 8 նոյեմբեր 1980-ին:

«Կանչ հրեշտակապետին» հիմնադրութեան առաջին օրէն սկսեալ, տարեկան դրութեամբ,  անխափանօրէն կը հրատարակուէր: Սակայն վերջին քանի մը տարիներու ընդհատման պատճառը խմբագրակազմիս նուիրումն էր` դպրեվանքիս նորակերտ շէնքի 50 ամեակի` (1963-2013) առթիւ հրապարակուած փաստավաւերագրական «Յուշամատեան»-ին: Այժմ երեք տարուան ընդհատումը փոխարինուեցաւ նորատիպ թիւով մը, որուն կեդրոնական բաժինը կը զբաղեցնէ «Երանելի Իգնատիոս Մալոյեան» դպրեվանքի ժառանգաւորաց աւարտաճառերը, զորս պաշտպանեցին Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» կեդրոնին մէջ, որուն նախաձեռնողն էր ԵՊհ-ը համագործակցութեամբ` Լիբանանի Համազգային մշակութային միութեան Շրջանային վարչութեան «Հայոց պատմութեան հիմնահարցերը» խորագիրով:

«Կանչ Հրեշտակապետին» սոյն համարին մէջ ուշագրաւ է այն, որ այստեղ ներառուած են փոքր նորընծաներու գրական առաջին փորձերը, ինչ որ խրախուսիչ երեւոյթ է: Ինչպէս միշտ այս թիւին մէջ եւս առաջին էջերը վերապահուած են տեսուչ հօր`  Բարսեղ վրդ. Պաղտասարեանին եւ փոխ տեսուչ` Մաշտոց վրդ. Զահթէրեանի ակնարկներուն: Իսկ վերջին բաժնին մէջ տեղադրուած են դպրեվանեցիներու օրակարգն ու ընթացիկ տարուան հունձքի ցուցակը:

Հայ իրականութեան մէջ տպագիր մամուլը իր ազդու դերը ունեցած է հանրային կարծիքի ձեւաւորման առումով եւ ընդհանրապէս հայութեան յուզող հարցերը աւելի ընդարձակ պարունակի մէջ ներկայացնելու տեսակէտէն:

Ի զուր չէ, որ «Կանչ հրեշտակապետին» տարեգիրքը ստանձնած է ուղեցոյցի պարտականութիւն, այստեղ ընդգրկուած թեմաները լայն դաշտ կազմելով` կը նպաստեն նորընծաներուն եւ ժառանգաւորներուն հոգեմտաւոր մակարդակի բարձրացման եւ առհասարակ տաղանդներու բացայայտման գործընթացին:

Վարձքը կատար տարեգիրքի ամբողջ աշխատակազմին, յօդուածագիրներուն եւ գեղարուեստական ձեւաւորումը կատարողին:

Լիայոյս ենք, որ ընթերցասէր հանրութեան ճաշակը բաւարարած ըլլանք սոյն հատորի լոյս ընծայումով եւ ինչ-որ չափով ներդրում բերած տպագիր մամուլի վերելքին ի խնդիր:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13376

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>