ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանի (ՄԻԵԴ) Մեծ պալատը 15 հոկտեմբերին հրապարակեց «Փերինչեք ընդդէմ Զուիցերիոյ» գործով իր վճիռը, որ կը նշէր, թէ Պեռն ոտնակոխած է Զուիցերիոյ մէջ հրապարակաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը ժխտած Տողու Փերինչեքի խօսքի իրաւունքը, ինչպէս նաեւ կը պաշտպանէր հայ ժողովուրդի «արժանապատուութեան իրաւունքը»:
ՄԻԵԴ-ի Մեծ պալատը պահպանեց գլխաւոր հարցին` Զուիցերիոյ կողմէ Փերինչեքի խօսքի ազատութեան իրաւունքի ոտնակոխման վերաբերեալ Ստորին պալատի վճիռը: Այդպիսով, Զուիցերիան կրեց պարտութիւն մը, որ անդառնալի է, որովհետեւ Մեծ պալատին վճիռները վերջնական են եւ անբեկանելի: Ինչ կը վերաբերի Ստորին պալատին կողմէ Հայոց ցեղասպանութիւնը կասկածի տակ առնելու կոպիտ սխալին, Մեծ պալատը զայն չսրբագրեց, այլ բաւարարուեցաւ նշելով, որ չունի «1915-ի դէպքեր»-ը գնահատելու լիազօրութիւնը: Այդպիսով, վիժեցաւ իրաւական գետնի վրայ վտանգաւոր նախադէպ մը, որ մեծ վնաս պիտի պատճառէր ցեղասպանութեան ճանաչման ու հատուցման հոլովոյթին: Վճիռին այս բաժինին մէջ արձանագրուածը կարելի է նկատել յաջողութիւն մը եւ ոչ թէ յաղթանակ մը, որովհետեւ յաղթանակը կ՛ենթադրէր ազդեցիկ դատարանին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան փաստի վերահաստատում մը եւ ոչ թէ այդ առնչութեամբ խուսափողական կեցուածք մը: Դատարանը ոչ միայն չվերահաստատեց այդ փաստը, այլ նաեւ խօսքի ազատութեան իրաւունքի սխալ մեկնաբանութեան իբրեւ հետեւանք, հայ ժողովուրդի իրաւունքը իջեցուց «արժանապատուութեան իրաւունք»-ի եւ «անձնական կեանքի նկատմամբ յարգանքի» իրաւունքի մը մակարդակին:
Միւս կողմէ, հակառակ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պնդումին, Թուրքիան եւս յաղթանակ մը չարձանագրեց, այլ յաջողեցաւ ցեղասպանութիւնը ժխտելու պայմանական իրաւունք մը ձեռք ձգել: Դատարանը իրաւունք տուաւ ատիկա կատարել, պայմանով որ ժխտողական յայտարարութիւնը չբովանդակէ «ատելութեան կամ անհանդուրժողականութեան կոչ մը»: Այլ խօսքով` ՄԻԵԴ-ի համար, եթէ ցեղասպանութեան ճանաչումը բացարձակ իրաւունք է, ապա ցեղասպանութեան ժխտումը պայմանական իրաւունք է: Ստորին պալատին կողմէ ցեղասպանութիւնը հարցականի տակ առնելու սխալէն Մեծ պալատին կատարած ետքայլը Թուրքիան զրկեց մեծ յաղթանակէ մը, որուն այնքան մօտ կը թուէր ըլլալ:
Այս բոլորին լոյսին տակ, բացի Զուիցերիայէն, առնչակից բոլոր կողմերն ալ կը թուին բաւարարուած ըլլալ: Շնորհիւ Զուիցերիոյ կողմէ Ստորին պալատի վճիռի բողոքարկման, կարելի եղաւ կրճատել մեր վնասները: Այժմ, ինչպէս անգլերէն ասացուածքը կ՛ըսէ` «Կատարուածը կատարուած է» (what’s done is done), սակայն կրնար աւելի վատը ըլլալ: Ստորին պալատի ահաւոր վճիռէն մազապուրծ փրկուելէ եւ ցեղասպանութեան քրէականացման հարցին մէջ մեր 2-րդ ձախողութենէն ետք (առաջինը` Ֆրանսայի մէջ), ինչպէս նաեւ Յունաստանի, Կիպրոսի եւ Սլովենիոյ մէջ նոյնպիսի թրքական սադրանքներու կարելիութեան լոյսին տակ պահն է այս փորձառութենէն դաս քաղելու:
Վճիռին մանրամասնութիւններէն անդին անհրաժեշտ է նաեւ նշել հետեւեալը. ցեղասպանութեան ճանաչման իրաւունքի` «արժանապատուութեան իրաւունք»-ի եւ «անձնական կեանքի նկատմամբ յարգանքի» խորքին մէջ բարոյական կեցուածքներու մակարդակին նուազեցումն ու ցեղասպանութեան ժխտումի պայմանական իրաւունքի ամրագրումը ցեղասպանութեան 100-ամեակի տարուան ընթացքին կարգ մը երկիրներու կողմէ ցեղասպանութեան ճանաչման դրական երեւոյթին կողքին մինչեւ օրս արձանագրուած միակ շօշափելի, երկարատեւ ու գործնական ազդեցութեան տէր զարգացումն է: