ՍԱՐԳԻՍ ԶԷՅԹԼԵԱՆ
Հայ լեզուի եւ մշակոյթի միութեան ու միասնականութեան ճամբուն վրայ հիմնական կարեւորութիւն ունի աւանդական ուղղագրութեան վերականգնումը եւ բովանդակ հայ ժողովուրդը, իր բոլոր խաւերով ու հատուածներով, աւելի քան յիսուն տարիէ ի վեր կը սպասէ, որ հայրենի իշխանութիւնները անդրադառնան գործուած աղիտալի սխալին եւ օր առաջ սրբագրեն 1922-ին, զուտ կուսակցական եւ հայօրէն մերժելի դիտումներով, ստեղծուած ու գործադրուող եւ Աբեղեանական յորջորջումը կրող սխալագրութիւնը:
Հայ ժողովուրդը այս արդար ակնկալութիւնը ունի ոչ միայն Սփիւռքի, այլեւ, այլ մանաւանդ Երկրի՛ մէջ: Այս ակնկալութիւնը միայն արդար պահանջի մը բխումը չէ, զգացական արտայայտութիւն մը չէ, ազգային ինքնասիրութեան, ազգայնական մեծամոլութեան, ազգային նեղմտութեան կամ սահմանափակութեան հետեւանք չէ, այլ գերազանցօրէն լեզուական, առաւե՛լ եւս` լեզուագիտական եւ ըստ էութեան գիտական անհրաժեշտութիւն եւ, եթէ կ՛ուզէք, անխուսափելիութիւն մըն է: Կեանքի՛ ու տրամաբանութեա՛ն դրած պահանջն է:
Արդարեւ, այսպէս կոչուած հայաստանեան ուղղագրութիւնը գիտական եւ, առաւե՛լ եւս, լեզուագիտական ոչ մէկ հիմ եւ հիմնաւորում ունի: Կատարուած փոփոխութիւնները գլխաւորաբար ձայնա-հնչիւնաբանական սկզբունքին վրայ տեղի ունեցած են, – գրել այնպէս, ինչպէս կը հնչես: Այսպէս ընելով` հայրենի իշխանութիւնները, կարգ մը դժուարութիւններ հարթելու մտօք, ոչ միայն եղած դժուարութիւնները ըստ էութեան չկրցան հարթել, այլեւ, ընդհակառա՛կն բազմաթիւ նոր դժուարութիւններ ստեղծեցին հայերէնի ուղղագրութեան մէջ: Փաստը այն է, որ հայաստանեան ուղղագրական դրութեամբ հայերէնի գրութեան ճշգրտութիւնը դիւրացած չէ երբեք, այլ, ընդհակառա՛կն, հայերէն ուղիղ գրելը շատ աւելի դժուարացած է նոյնինքն Հայաստանի մէջ եւ նոյնինքն հայաստանեան աղբիւրներու վկայութեամբ: