ԴԱՆՕ
Հազիւ «Մարիոթ»-էն դուրս կու գամ, պատահմամբ Արէնին կը հանդիպիմ: Արէն Պոլսոյ մէջ 100 ոսկերիչ-արհեստաւոր ունեցող գործատեղի մը ունի, կ՛արտադրէ արծաթէ զարդեղէններ, կը մասնակցի Հոնք Քոնկի, Տուպայի, Լաս Վեկասի եւ այլ ցուցահանդէսներու: Կ՛արտածէ ամբողջ աշխարհ: Հարցուցի Հայաստանի մէջ բացած նոր գործատեղիին մասին, թէ` քանի՞ աշխատաւոր ունէր, գործերը ինչպէ՞ս կ՛ընթանային: «Շա՛տ լաւ» ըսաւ, եւ շարունակեց «Տաճիկին մէկ տարիէն սորվածը հոս երեք ամիսէն կը սորվին: Քիչ մը դժուարութիւններ ունիմ: Ֆրանսայէն քանի մը քիլօ արծաթ բերի, մաքսայինը երեք ամիս ապրանքս բռնեց, չձգեցին, որ արծաթը դուրս հանեմ: Ես ամէն ինչ օրէնքով կ՛ուզեմ ընել, հազա՛ր տուրք կու տամ, քան` հարիւր կաշառք: Ես ալ երեք ամիս անգործ աղջիկներուն ամսականը տուի: Անիկա հարց չէ, կու տամ, բայց կ՛ուզէի, որ աւելի շուտ յառաջ երթային: Իր կողքը կանգնած Էֆրիմը մէջբերեց, «Նայէ՛, Դանօ՛, մենք հոս դրամ շահելու չենք եկած, եկած ենք օգնելու, կը սպասենք, կը փոխուի»: Կը փոխուի՞: Անկասկած: Եթէ ճիշդ ուղղութեամբ յառաջանաք: Իրենք յամէնայն դէպս կը սպասեն: Ուրիշները ձգեցին ու գացին, բայց իրենք կը սպասեն: Առ ի տեղեկութիւն արեւմտեան սփիւռքի այաթոլլաներէն անոնց, որոնք որեւէ պատճառով կը մրոտեն Թուրքիա մնացած հայերը, աշխարհի ամէնէն ազգասէր հայերը պոլսահայերն են: Անոնք այնքան ըկնճուած են տասնամեակներ շարունակ, որ Հայաստանը իրենց համար ծարաւէն մեռնողին համար ջուրին պէս է: Յիսուն հազար հաշուող գաղութին մէջ 16 դպրոց ունին, որոնցմէ նուազագոյնին տարեկան ծախսը մէկ միլիոն տոլար է, եւ ոչ միայն իրենք իրենց դպրոցներուն կը հոգան` առանց մէկու մը ձեռք երկարելու, այլ պէտք եղած ատենը ուրիշ գաղութներուն ալ կը հասնին:
Այր մի իջանէր յԵրուսաղեմէ յԵրիքով,…
Դուրս կու գամ «Մարիոթ»-էն եւ կը քալեմ` առանց ուշադրութիւն դարձնելու անցորդներուն: Եթէ նոյնիսկ մայրս դիմացս ելլէ, պիտի չանդրադառնամ: Ես մէկ տեղ եմ` միտքս ուրիշ տեղ: Կ՛ուղղուիմ դէպի Հիւսիսային պողոտայ: Ասի Երեւանը չէ, ասի Տիզնիլենտ է: Էմփորիօ Արմանի, Հերմես, Կուչչի: Վա՜յ, նեղ ճամբէն ինկեր եմ «Լայն Ճամբան, որ դէպի կորուստ կը տանէ»: Կ՛անցնիմ պարոն նախարարին խանութին առջեւէն: Գեղեցիկ փեղկերուն մէջ ցուցադրուած են աշխարհի ամէնէն ընտիր ժամացոյցները A. Lange & Sonne, Breguet, Glashutte, Jaquet Droz: Չէ՞ք լսած այս անունները: Բնական է: Ձեզի ըսի` հոս Երեւան չէ, ոչ ալ Փարիզի, Լոնտոնի կամ Նիւ Եորքի նորմալ թաղերէն մէկը: Հոս Տիզնիլենտ է: Ժամացոյցներու գիները` 150.000, 200.000, 250.000: Դրամ չէ, տոլա՜ր:
Կարապի լիճի մօտի սրճարանը հանդիպում մը կ՛ունենամ Ղարաբաղեան շարժումը նախաձեռնողներէն Արամի հետ: Տէր Պէտրոսեանի սկիզբի շրջանին Արամ նախարար եղած էր. սակայն եղելութիւններու ընթացքը նկատելով` շուտով հրաժարած էր: Մեր առաջին հանդիպումն է: Ղարաբաղեան շարժման, ընդհանրապէս մտաւորական կամ գիտնական անդամներուն նման, Արամը ազգասէր, անձնուէր, իմաստուն անձ մըն է: Բացատրեց. «Դանօ՛, ձեր միտքերը շատ առողջ են, սակայն սփիւռքէն անդին` պէտք է գրէք նաեւ հայրենիքի ժողովուրդին: Հոս մարդիկ քաղաքական հասունութիւն չունին. Իրենց համար նորմալ բան է, որ այս այսինչին է, Օրանժը այսինչը վերցուցեր է: Իրենց համար նորմալ բան է, որ օրէնսդիր մարմինը գործադիր ալ ըլլայ, պիզնեսմեն ալ ըլլայ, որ` պարոն նախարարը չի հանդուրժեր, որ Հիւսիսայինի վրայ ժամացոյցի ուրիշ խանութ բացուի …»: Արամ կը բացատրէ որ այս կացութեան մէջ, ընտրութիւններու ժամանակ, «սաղ ժողովուրդը» կը քուէարկէ անոր, որ իրենց տասը, կամ քսան տոլար կու տայ:
Մեր պատանեկութեան շրջանին, ներկայիս ալ, մենք` սփիւռքահայերս, մեր մտքին մէջ բարձրացուցած, հերոսացուցած ենք հայրենիքի զուլա՛լ օդը շնչող եւ մաքուր ջուրը խմող ժողովուրդը, հոն տեսած ենք միայն Համբարձումեաններ, Տիգրան Պետրոսեաններ: Հիասթափուած եմ. Երիքովը անցանք, կը մօտենանք Սոդոմ-Գոմորին` կործանման:
Ո՛վ հայրենի ժողովուրդ, մեր հայրերը կեանքերնի՛ն զոհեցին խղճի, մտքի ազատութեան համար, դուք տասը տոլարի ձեր հոգի՞ն կը ծախէք: Ծախեցէ՛ք, ուզածնիդ ըրէք, սակայն հայրենիքը ծախելու իրաւունք չունիք: Զգաստացէ՛ք: Զգաստացէ՛ք: Զգաստացէ՛ք:
Պարո՛ն նախարար, դուք Արէնէն ի՞նչ կ՛ուզէք: Արդէն բաւական չունի՞ք: Մոռնանք քաղաքական ուղղութիւնը, ամբողջութիւնը, հայրենասիրութիւնը. Դուք պարզ խի՞ղճ ալ չունիք: Մարդիկ իրենց գործէն, հանապազօրեայ հացէն զրկելու: Արժանապատուութիւ՞ն ալ չունիք: Դուք ձեզ հայելիի մէջ կը նայի՞ք առաւօտները: Արդեօք կը մտածէ՞ք, թէ մարդիկ ձեզ ինչպէս կը տեսնեն:
Ռոստո՛մ, տե՛ս, ունինք ազատ, անկախ Հայաստան: Ազա՞տ. անկա՞խ: Տե՛ս, քու իրաւացի ժառանգորդներդ: Գաղջ են: «Երանի թէ տաք կամ պաղ ըլլային»: Եւ իրենց գաղջութեամբ` թմրած, հաշտուած են կացութեան հետ: Կա՛յծ մը տուր իրենց, թող արթննան, կայտառանան:
Պարո՛ն Թեհլիրեան, վե՛ր կացէք: Վե՛ր կացէք ու տեսէք: Հարիւր տարի ետք շատ բան չէ՛ փոխուած, կարմիր ջարդը դարձեր է ճերմակ ջարդ: Գաղթագնացութիւնը, Տէր Զօրի փոխարէն, դէպի Մոսկուա, դէպի Փարիզ, դէպի Լոս կը կազմակերպուի: Թալէաթ փաշան ալ նախարարի տարազ հագուած է:
Ժողովողը կ՛ըսէ. «Համրին տեղը դուն խօսիր, իր դատը դուն պաշտպանէ»: Ժողովուրդը խուլ եւ համր է, կոյ՛ր է, տեսիլք չունի: Պարո՛ն Թեհլիրեան, կը խնդրեմ, վե՛ր կացէք: Տեսէ՛ք: Կը խօսի՛մ ժողովուրդին տեղ, սակայն այս մարդիկը իմ լեզուէս չե՛ն հասկնար…
Ո՛վ հայոց իշխաններ` Սիւնիքի, Վասպուրականի, Կիլիկիոյ. իշխաններ, որ կը գտնուիք Մոսկուա, Ժընեւ, Լոնտոն, Պոսթոն, Լոս Անճելըս, Պուէնոս Այրես: Ի՞նչ շշմած կը դիտէք: կը խնդրեմ, շարժեցէ՛ք: Ձեր լեզուով, ձեր հզօրութեամբ խօսեցէք այս մարդոց: Մի՛ խանգարէք պարոն Թեհլիրեանին քունը. մի՛ սպասէք, որ բողքականը նորէն բողոքէ, ելլէ ֆերկու խօսք իր լեզուով խօսի ասոնց:
Կը խնդրեմ, միացէ՛ք: Որքան որ ալ հզօր ըլլաք, մինակնիդ գլուխ չէք կրնար ելլել: Եկէ՛ք` հաւաքուինք, միանանք, ցուլը բռնենք կոտոշներէն, զօրութեամբ, միասին…
Պէյրութ, սեպտեմբեր 5