Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13577

Գիտնականները Ապացուցած Են Հայ Ժողովուրդի Ծագման Մասին Մովսէս Խորենացիի Ճշմարտացիութիւնը

$
0
0

khorenatsi_101716

«Նիւ Եորք Թայմզ» պարբերականը յայտնած է, որ ծինային (genetic) հետազօտութիւններով ապացուցուած է 5-րդ դարուն պատմահայր Մովսէս Խորենացիին տուած հայ ժողովուրդի ծագման թուագրութեան իսկութիւնը:

Մովսէս Խորենացի իր «Հայոց պատմութիւն» աշխատութեան մէջ գրի առած աւանդազրոյցին մէջ կը նշէ, որ հայ ժողովուրդը ծագած է Ք.Ա. 2492 թուականին: Թէեւ պատմիչը նշած է, որ ճանապարհորդած է Բաբելոն եւ ուսումնասիրած` հնադարեան աղբիւրները, իսկ այդ ժամանակաշրջանը երկար տարիներ կը համարուէր առասպելական, այնուամենայնիւ գիտնականներու կատարած վերջին հետազօտութիւնները կ՛ապացուցեն Խորենացիի պատմութեան արժանահաւատութիւնը:

Ինչպէս կը հաղորդէ «Նիւ Եորք Թայմզ»-ը, ծինագէտները զննած են Հայաստանի եւ Լիբանանի 173 հայերու ծիները եւ անոնք համեմատած են աշխարհի այլ 78 ազգերու ծիներուն հետ: Պարզուած է, որ հայերը խառնուրդ են հնագոյն ցեղախումբերու, որոնց ժառանգորդները այսօր կը բնակին Սարտինայի, Կեդրոնական Ասիոյ եւ քանի մը այլ տարածաշրջաններու մէջ: Ծինային ուսումնասիրութիւններուն համաձայն, այդ ժողովուրդներու միախառնումը տեղի ունեցած է Քրիստոսէն 3000-2000 տարի առաջ, ինչ որ լիովին կը համընկնի Մովսէս Խորենացիի տուած թուագրութեան հետ:

Պրոնզէ դարու վերջը, երբ ցեղախումբերու միաձուլումը դեռ ընթացքի մէջ էր, տեղի ունեցած է ժողովուրդներու տեղաշարժ` պայմանաւորուած առեւտուրով, պատերազմներով եւ ժողովրդագրական աճով:

Իսկ Ք. Ա. 1200 թուականէն ետք Միջերկրական ծովու արեւելեան ափի պրոնզէդարեան քաղաքակրթութիւններու անսպասելի անկումը կարծես թէ յանգեցուցած է միւս ժողովուրդներէն հայերու մեկուսացումին: Հետագայ տարիներուն հայերու եւ միւս ժողովուրդներուն միջեւ էական միաձուլումներ տեղի չեն ունեցած, որուն մասին կը վկայեն ծինային հետազօտութիւնները: Այս մեկուսացումը պայմանաւորած է հայկական մշակութային շարք մը առանձնայատկութիւններ` լեզուն, այբուբենը, կրօնը:

Բացի այդ, ծինական հետազօտութիւնները շեղումներ ցոյց տուած են հայկական արեւելեան եւ արեւմտեան հատուածներու միջեւ, որ յառաջացած է 500 տարի առաջ, Օսմանեան եւ Սեֆեան կայսրութիւններու միջեւ բռնկած պատերազմին սկիզբը, երբ Հայաստանը բաժնուեցաւ թրքական եւ պարսկական կայսրութիւններուն միջեւ:

«Այս ծինային ուսումնասիրութիւնը ընդհանուր գիծերով կը հաստատէ հայկական պատմութեան մասին մեր գիտելիքները», ըսած է Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի պատմաբան Յովհան Սիմոնեան:

Հետազօտողներու հետաքրքրական բացայայտումներէն է նաեւ այն, որ հայերը շատ աւելի մօտ եղած են 8 հազար տարի առաջ գիւղատնտեսութիւնը Եւրոպա բերած նէոլիթեան երկրագործներուն, քան` Միջին Արեւելքի ներկայի բնակիչներուն:

Հետազօտութեան արդիւնքները հրապարակուած են bioRxiv թուայնացուած գրադարանին մէջ:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13577

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>