Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13620

Միասին` Ուխտի

$
0
0

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

apo-1_100416

«Ասպարէզ»-ի խմբագիրի հանգամանքով, այլ հայկական թերթերու եւ լրատուական միջոցներու պատասխանատուներու հետ հրաւիրուած էի Իրան` մասնակցելու համար մեր պաշտօնակից «Ալիք»-ի 85-ամեակի տօնակատարութեան:

Թոյլ տուէք, որ այս անմոռանալի փորձառութեան անդրադառնամ ոչ զգայացունց շարադրումով եւ հաւանաբար անաւարտ թողում տպաւորութիւններուս արձանագրումը այսօր:

Նախ յստակացնեմ, որ Իրան ճամբորդեցի ամերիկեան անձագիրով: Վիզա ստացայ Ուաշինկթընի մէջ Իրանի գործերը վարող Փաքիստանի դեսպանատան մէջ աշխատող իրանեան հիւպատոսական ծառայութենէն: Վերադարձիս բազմաթիւ հարցումներ տրուեցան, թէ` որքանո՞վ ապահով կը զգայի ամերիկեան անձագիրով Իրան ճամբորդելով: Այս առաջին կարծրատիպն է, զոր կ՛ուզեմ ջարդել: Իբրեւ լրագրողներ` ո՛չ մէկ բարդութեան հանդիպեցանք ես ու ընկերներս, եւ վստահաբար ո՛չ մէկ բարդութեան պիտի հանդիպէինք իբրեւ պարզ զբօսաշրջիկներ: Դժբախտաբար մեր ժամանակը շատ կարճ էր Իրանի ընծայած զբօսաշրջութեան հնարաւորութիւնները նոյնիսկ մասամբ ըմբոշխնելու, սակայն մեզի յստակ դարձաւ զբօսաշրջիկներու համար բարենպաստ միջավայր մը ստեղծելու Իրանի կառավարութեան նախանձախնդրութիւնը:

Հայաստանէն, Արցախէն, Սուրիայէն, Պէյրութէն, Չեխիայէն, Ֆրանսայէն, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու զոյգ ափերէն լրագրողներս մեր այցելութեան ութ օրերուն վայելեցինք Իրանի հայ համայնքին աննկարագրելիօրէն ջերմ հիւրասիրութիւնը, գնահատեցինք բծախնդրօրէն պատրաստուած ծրագիրով մեզ հայկական համայնքի երեք կեդրոններուն` Թեհրանի, Թաւրիզի ու Սպահանի (Ջուղայի), ինչպէս նաեւ պատմական հայկական կոթողներուն ծանօթացնելու «Ալիք»-ի ընտանիքի բոլո՛ր անդամներուն ջանասիրութիւնը:

Մեկնումէս առաջ այս սիւնակով գրած էի, որ ուխտի կ՛երթամ Ս. Թադէի վանք: Գրածս հետաքրքրական անդրադարձ ունեցած էր համայնքէն ներս, եւ ամէնուրեք մարդիկ կը մաղթէին, որ ուխտս կատարուի: Կատարուեցա՛ւ:

Սուրբ Թադէի վանքը, ամէն տարի յունիսի վերջերուն, հազարաւոր իրանահայ հաւատացեալներու ժամադրավայրը կը դառնայ: Վստահ եմ, որ այսօր այս ափերը հասած բազմաթիւ իրանահայեր մասնակցած են այս ուխտագնացութեան եւ քաղցր յիշատակներ ունին այդ օրերէն:

Ես ալ ունեցայ իմ քաղցր փորձառութիւնը: Լրագրող հին ու նոր ընկերներուս հետ առիթը ունեցայ կատարելու երկար տարիներու ցանկութիւնս ու հասայ Ս. Թադէի վանք: «Ալիք»-ի մեր գործընկերներուն հոգատար ծրագիրով երկար ճանապարհ կտրեցինք, նախ` օդանաւով հասնելով Թաւրիզ, ապա հանգստաւէտ հանրակառքով, Ատրպատականի թեմի ղեկավարներուն ընկերակցութեամբ շարունակեցինք ճամբան դէպի Հովիւի եկեղեցի, Ս. Ստեփանոս Նախավկայի վանք եւ ի վերջոյ, արդէն երեկոյի մօտերը, Ս. Թադէի վանք:

Այս յուզումով ու տպաւորութիւններով յագեցած ճամբորդութիւնը աւելի՛ իմաստաւորուեցաւ` շնորհիւ մեզի ընկերակցող Շերլի Աւետեանի մանրամասն բացատրութիւններուն: Շերլին Իրանի պատմական եկեղեցիներու պետական կեդրոնի տնօրէնն է, որուն պարտականութեան մէջ կը մտնէ պետական ամբողջական աջակցութեամբ հետեւիլ հայկական պատմական կոթողներու` եկեղեցիներու եւ վանքերու պահպանման ու վերանորոգման աշխատանքներուն, աշխատանք մը, զոր ան կը կատարէ ձեռնհասութեամբ, սիրտ ու հոգի դնելով գործին մէջ:

apo-2_100416

Աւարայր, Տղմուտ գետ, Տղմուտի ու Արաքսի հանդիպման վայր, Հովիւի եկեղեցի, որուն զոյգը պիտի ըլլար Արաքսի դիմացի ափին` Ազրպէյճանի կողմէ բռնագրաւուած Նախիջեւանի կողմը, որ, անշուշտ, քանդուած էր եւ հետքն իսկ կորսուած, ապա ջարդուած խաչքարերու սրբապղծուած լեռնակողը, որ վերածուած է ազրպէյճանական յելուզակային ուժերու նշանառութեան վայր, Ս. Ստեփանոս Նախավկայի հրաշալի պարսպապատ վանքի համալիրը եւ, վերջապէս, Ս. Թադէն, ուր մեզի կը սպասէր Ատրպատականի թեմի առաջնորդ Գրիգոր եպս. Չիֆթճեանը:

Սրբազանը ամբողջացուց մեր իրազեկումը վանքի պատմութեան, անցեալին ու ներկային մասին, Ս. Թադէոս Առաքեալի սուրբ աջը համբուրելու հրաշալի անակնկալն ալ մատուցելով մեզի:

Այստեղ կ՛ուզեմ կատարել Ատրպատականի թեմին ու «Ալիք»-ի պատասխանատու ընկերներուս տուած խոստումս եւ յայտարարել, թէ «Ասպարէզ» յառաջիկայ տարուան յունիսին ուխտագնացութիւն պիտի կազմակերպէ դէպի Ս. Թադէ, անշուշտ` ծրագիրը ճոխացնելով հայկական ու պարսկական այլ նշանակալի վայրերու այցելութիւններով: Մասնակցողներուն թիւը պիտի ըլլայ սահմանափակ: Հետաքրքրուողներուն կը թելադրենք այժմէն իսկ իրենց տեղերը ապահովել: Ուխտագնացութիւնը պիտի կազմակերպուի «Ալիք»-ի հետ գործակցաբար:

Այս զեկոյցը պիտի շարունակուի:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13620

Latest Images

Trending Articles



Latest Images

<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>