Անցեալ շաբթուան կէսերուն, Մոսկուայի մէջ կատարուած նախագահներ Փութին-Սարգսեան տեսակցութենէն ետք, կը սպասուէին այդ կարեւոր նկատուող խօսակցութիւններուն գործընթացն ու արդիւնքները, որոնք ցայսօր այդչափ ալ յստակ չեն թուիր ըլլալ:
Անշուշտ յետ տեսակցութեան կատարուած անցուդարձերը ենթադրել կու տան, թէ ի՞նչ է կացութիւնը Կովկասեան տարածաշրջանին մէջ:
Մոսկուայի մէջ կատարուած տեսակցութեան աւատին նախագահ Սարգսեան երկար ու մելան հոսեցնող, փաղաքշական խօսքերով վեր առաւ Ռուսիոյ եւ յատկապէս նախագահ Փութինի ստանձնած դերը տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւն հաստատելու:
Նոյնիսկ, ան անձնապէս երախտագիտութիւն յայտնեց` Արցախի հիմնահարցի դիւանագիտական ճամբով լուծման գործին մէջ, Փութինի կողմէ ներդրուող ջանքերուն համար` շեշտելով, որ հետեւողականօրէն կատարուած բարձրաստիճան պաշտօնատար անձերու աշխուժ փոխադարձ այցելութիւններու եւ երկկողմանի արդիւնաւէտ տեսակցութիւններու լոյսին տակ հարցերն ու ստեղծուած խոչընդոտները լուծուած են:
Ողիմպիական խաղերու օրերուն, Հայաստանի նախագահը` խաղաղութեան եւ համերաշխութեան անդրադառնալով եւ կամրջելով «առողջ հոգի առողջ մարմինի մէջ»-ը, յաջողութիւն մաղթեց թէ՛ հայ, թէ՛ ռուս եւ թէ՛… հայ ծագում ունեցող ռուս մարզիկներուն:
Քանի մը օր ետք, Սարգսեան նաեւ մեկնեցաւ Ռիօ տը Ժանէյրօ, ուր Ողիմպիականին ներկայ գտնուեցաւ եւ միեւնոյն ժամանակ հիմնարկէքը կատարեց մայրաքաղաք Պրազիլի մէջ կառուցուելիք Հայաստանի դեսպանատան:
Մոսկուայի յետ-տեսակցութեան յաջորդող օրերուն, յիշատակելի է նաեւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի մէկ այն յիշատակելի հաստատումը, Ֆրանսայի լրագիրին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին, թէ ողջամիտ, իրաւացի եւ համարժէք փոխզիջումները անհրաժեշտ են, այնքան ատեն որ վտանգ չեն հանդիսանար: Անշուշտ անգամ մը, եւս բռնօրէն քննադատելով անցեալ ապրիլին Ազրպէյճանի շղթայազերծած քառօրեայ պատերազմը, Արցախի նախագահը շեշտեց, թէ շրջանի խաղաղութեան բանալին 1994-ին կնքուած զինադադարն է եւ Արցախին մասնակցութիւնը` բանակցութիւններուն:
Միւս կողմէն, Ռուսիոյ-Ազրպէյճան բարձր մակարդակի հանդիպումներն ու գործակցութիւնները կը շարունակուին զանազան բնագաւառներու մէջ: Այսպէս Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Շոյկու, որ օգոստոս 14-ին անակնկալ այցելութիւն մը կատարեց Պաքու, ի պատրաստութիւն` սեպտեմբերին նոր համաձայնագիրի մը ստորագրման: Կը նախատեսուի, որ այս նոր ընդարձակուած ռազմաճարտարագիտական համագործակցութեան եւ համաձայնագիրին իբրեւ արդիւնք, Ազրպէյճանի մէջ բացուի ռազմական ուղղաթիռներ արտադրող ռուսական ընկերութեան սպասարկման կեդրոն մը:
Երկու երկիրներն ալ յայտնած են, թէ ռազմական հարցերու շուրջ ռուս-ազրպէյճանական երկխօսութիւնը պիտի շարունակուի յառաջիկայ աշնան, Մոսկուայի մէջ կայանալիք միջկառավարական հերթական նիստին ընթացքին:
Պաքուի ղեկավարը, այս առթիւ կը շեշտէ որ, ռուս-ազրպէյճանական յարաբերութիւններու այսօրուան բարձր մակարդակին շնորհիւ կարելի է լուծել բազմաթիւ հարցեր, ներառեալ` տարածաշրջանային ապահովութեան առնչուող հարցեր: Այսպէս, փոխան «առողջ հոգի առողջ մարմինի մէջ»-ի, պիտի ընդգրկուի «վատառողջ կացութիւն, վատառողջ տարածաշրջանի մէջ»:
15 օգոստոս 2016