Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13366

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Փութինի Հանդիպումները Սուրիական Եւ Հայկական Դիտանկիւններէ

$
0
0

Kantsasar_erdo-putin

Երեքշաբթի, 9 օգոստոսին Սենթ Փեթերսպուրկի մէջ տեղի ունեցած նախագահներ Փութին-Էրտողան հանդիպումէն ետք, կողմերը մամլոյ ասուլիսով հանդէս եկան: Անոնց  ներկայացուցած մտքերը բաւականին մշուշոտ էին եզրակացնելու, թէ այս հանդիպման լոյսին տակ Սուրիոյ վերաբերեալ թրքական մօտեցումին մէջ կտրուկ փոփոխութիւններ կարելի՞ է ակնկալել կամ ոչ: Լաւագոյն պարագային, Սուրիոյ նկատմամբ Թուրքիոյ քաղաքականութեան մէջ հաւանաբար երեւան գան կարգ մը ձեւական փոփոխութիւններ, սակայն խորքային փոփոխութիւններու հրաշքներ ակնկալելը իրատեսական չի թուիր ըլլալ:

Ռուսիոյ նախագահը  նշեց, թէ Սուրիոյ տագնապի հանգուցալուծման պէտք է հասնիլ ժողովրդավարական ուղիներով: Նկատի ունենալով տագնապի առաջին օրերէն  Ռուսիոյ քաղաքական շրջանակներուն կողմէ Սուրիոյ մէջ ժողովրդավարութեան ձեւաչափերու յստակ բանաձեւումը, պարզ կը դառնայ, որ Փութին կը վերահաստատէ իր երկրի այն մօտեցումը, որուն համաձայն Սուրիոյ ժողովուրդը ի՛նք կ՛որոշէ նախագահի ընտրութեան կամ երկրի սահմանադրական փոփոխութիւններուն  առնչուող  ժողովրդավարականացման իր ուղին:

Խնդիրը այն է սակայն, որ Սուրիան ժողովրդավարութիւնը կը տեսնէ մէկ ձեւաչափով, իսկ Թուրքիան` բոլորովին այլ: Չմոռնանք, որ Էրտողան Սուրիոյ իշխանութիւններու ընդդիմադիր ծայրայեղականներուն գլխաւոր զօրակիցն էր  ու կը շարունակէ մնալ, այդ պատճառով ալ տրամաբանական չէ ենթադրել, որ Էրտողան դիւրաւ ընդունի Սուրիոյ տագնապի կարգաւորման վերաբերեալ Ռուսիոյ բոլոր առաջարկներն ու պայմանները, եթէ փոխարէնը այլ խաղաքարտեր չստանայ® ինչպէս օրինակ քրտական գործօնի թուլացման երաշխիքներ:

Նոյն ասուլիսին ընթացքին կողմերը յայտնեցին, որ կը ձգտին լուծել Սուրիոյ տագնապը, այնուամենայնիւ աչքաթող պէտք չէ ընել, թէ այս հանդիպման նախօրէին էր, որ Հալէպի հարաւը սկսաւ ահաբեկչական խմբաւորումներու թափանցման նոր հանգրուան մը, որուն մէջ մեծ դեր ունեցաւ Թուրքիա` իր սահմանը բանալով հարիւրաւոր զինեալ ահաբեկիչներու առջեւ, գետնի վրայ արձանագրուած փոփոխութիւնները օգտագործելու եւ գէթ նախագահ Փութինի հետ հանդիպման ներկայանալու քանի մը խաղաքարտով:

Հալէպի մէջ դէպքերու զարգացումները կը պարզեն, որ Մոսկուան եւ սուրիական բանակն են գետնի վրայ կացութիւններ շրջող կողմերը, որուն համար նաեւ Էրտողան պարտադրուեցաւ ուղղուիլ Մոսկուա:

Ռազմական զարգացումները ցոյց տուին նաեւ, որ Սուրիոյ մէջ կ՛ուրուագծուին Ռուսիոյ ազգային անվտանգութիւնն ու Համաշխարհային նոր համակարգի ապագայ զարգացումները, միաժամանակ Սուրիոյ մէջ պիտի ապրի կամ մեռնի Էրտողանի նոր

օսմանեան երազը: Իսկ Սուրիան մէկ դուռ ունի Ռուսիոյ ազգային անվտանգութեան եւ նոր օսմանեան ծրագիրի իրականացման կամ տապալման համար, այդ ալ Հալէպն է:

Հետեւաբար Հալէպի դէպքերուն զարգացումն ու վերոյիշեալ հանդիպումը պատահականութեան արդիւնք կարելի չէ համարել, այլ  ծրագրի մը մաս, որ պատերազմի վերջին հանգրուանի աւարտը կը յուշէ` Ռուսիոյ դիրքերուն ամրագրումով ու Էրտողանի ծրագիրներուն թաւալգլոր տապալումով:

Փութին-Ալիեւ եւ Փութին-Էրտողան հանդիպումներուն յաջորդեց  Փութին-Սարգսեան հանդիպումը:

Փաստօրէն վերոյիշեալ հանդիպումները իրենց ամբողջութեան մէջ կը վերաբերին ո՛չ միայն Միջին Արեւելքի ու յատկապէս Սուրիոյ հարցին, այլ նաեւ կը շեշտեն տարածաշրջանի հարցերու, ներառեալ ղարաբաղեան հիմնախնդիրի, կարգաւորման ուղղուած Ռուսիոյ դիւանագիտական աշխոյժ գործընթացը:

Փութին-Ալիեւ-Էրտողան հանդիպումներուն ընթացքին կողմերը ստորագրեցին տնտեսական, զինուորական  եւ ուժանիւթային գործակցութեան փաստաթուղթեր` Ռուսիոյ մօտեցումներուն մէջ իրենց ի նպաստ յառաջընթաց ակնկալելով:

Հայաստանի նախագահին հետ հանդիպումը բնականաբար պիտի կեդրոնանայ Արցախեան հիմնախնդիրին վրայ:

Վերջերս շրջանառուող փոխզիջումնային լուծման վերաբերող լուրերը բողոքի բուռն արտայայտութիւններու եւ պոռթկումներու առաջնորդեցին հայրենի մեր ժողովուրդը: Հայկական կազմակերպութիւններ եւս արտայայտուեցան հողեր զիջելու տարբերակին դէմ: Հայաստանի նախագահը փաստօրէն ժողովուրդին կամքը ներկայացնող դիրքերէ հանդէս պիտի գայ եռակողմ ճնշումներուն դիմաց: Ուստի հայկական կողմը ամէն ժամանակներէ աւելի մեծ պատասխանատուութեան առջեւ կը կանգնի` ազգային իր շահերու պաշտպանութեան առաջնահերթութիւնը նկատի ունենալով:

«Գ.»

(Խմբագրական)


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13366

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>