Յ. ՊԱԼԵԱՆ
Հեռաւոր Աշխարհներ Եւ Հայեր
Մինչեւ այն ատեն որ երկիր մը եւ անոր բնակիչները չենք տեսներ, «պաղ» տեղեկութիւնը թիւ եւ լրատուական պատում կ՛ըլլայ: Անոնց ետին չենք տեսներ մարդիկը եւ իւրայատուկ նկարագիր ունեցող ու այդ նկարագիրը հետզհետէ կորսնցնող հաւաքականութիւնները:
Հայաստան, Միջին Արեւելք կամ Եւրոպա բնակող հայուն համար Հարաւային Ամերիկան տարաշխարհիկ պատկերներու եւ տպաւորութիւններու ալպոմ մըն է, կը յիշեցնէ մեր տարտղնումը, մեր պատմութեան մէկ ծանր իրադարձութիւնը, որ պատճառ եղած է մայր հողէն անդին աճող «մոլորակային քոչուորներու», որոնք ամառը լեռ չեն բարձրանար իրենց հօտով եւ ձմրան գիւղ չեն գար: Չեն վերադառնար: Զբօսաշրջութիւնը վերադարձ չէ: Հաւաքականութիւններ, որոնք արկածախնդրական միաւորներ չեն: Անջատուած են իրենց բնական աշխարհէն եւ կարծած են վերընձիւղուիլ` նոր հողի վրայ նոր արմատ արձակելով, նոր արմատներ, դատապարտուած` նախկինի շարունակութիւն չըլլալու:
Լոս Անճելըսը, Նիւ Եորքը եւ Մոնրէալը կը թուին իրարու աւելի մօտ ըլլալ, Ատլանտեան ովկիանոսն է Հայաստանը, Եւրոպան եւ Միջին Արեւելքը «Ամերիկաներ»-էն բաժնող տարածութիւնը, որ երէկ մեծ էր եւ այժմ փոքրացած է: Անցեալի ամիսները ժամեր դարձած են: Գլուխ պահելու համար հեռաւոր աշխարհներ գացողները հաշտուած կ՛ըլլային անվերադարձի գաղափարին հետ: Հիմա հեռաւորութիւնները յաղթահարուած են, հեռուի եւ մօտի տարբերութիւնները ջնջուելու չափ նուազած են:
Մեր դրացիներուն նուազ այցելութեան կ՛երթանք, քան` հեռաւոր բարեկամներու, կամ անոնց կը հանդիպինք տարաշխարհիկ երկինքներու տակ, արձակուրդային կազմակերպուած յոգնութիւններու առիթով, երբ դատապարտուած կ՛ըլլանք միայն սպառելու:
Տասներեք ժամ տեւած գիշերային թռիչքէ ետք, օդանաւի լուսամուտէն կը տեսնուի ովկիանոսով եզերուած ցամաքը` իր կանաչով եւ գետերով, որ բազմանուն սահմաններով դպրոցական քարտէսի գծագրութիւն չէ: Ցամաքամաս է: Հարաւային Ամերիկա: Հասարակածէն դէպի հարաւ կը սուրանք: Նոր աշխարհներ, զորս հինին նմանցուցած ենք` տեղական հինը վերածելով ժողովրդագրականի (ֆոլքլոր):
Կիսագունդի Միւս Կողմը Անցնելով
Պուէնոս Այրեսի օդակայան: Մարտ 10: Փարիզ ձմեռը կը շարունակուէր` սպասելով գարունը, որպէսզի պարտէզիս ծիլերը ըսեն, թէ կեանքը կը նորոգուի:
Զզուեցնող երեք ժամ պարտադրիր սպասումէ ետք, տասներկու ժամ ալ օդանաւի տուփին մէջ մրափելով, կէս գիշերին անջատուելէ ետք օդակայանէն, Հարաւային Ամերիկայի կէսօրին էջք կատարեցինք Պուէնոս Այրես, ուր ամառը իր փէշերը կը հաւաքէր:
Կեանքը երբեմն հաճելի անակնկալներ ալ կը վերապահէ, նոյնիսկ երբ մենք մեզ կը գտնենք երկրագունդի մեր բնակավայրի հակոտնեայ կէտին վրայ:
Ժամանողները ողջունող խօսքերով պատ-պաստառ մը կայ օդակայանը, ուր բազմաթիւ լեզուներով եւ անոնց այբուբենով գրուած է` «Բարի՛ գալուստ»: «Բարի՛ գալուստ»` նաեւ հայերէն: Այդպէս գրուած է անո՞ր համար, որ Հայաստանէն մեծ թիւով զբօսաշրջիկներ կու գան, թէ՞ հայկական համայնքը իր ինքնուրոյն մշակոյթով եւ լեզուով ընդունուած է երկրի բնակչութեան խճանկարին մէջ: Օրինակելի:
Եւ յուզուելու միշտ պատրաստ սփիւռքահայերը իրարու ցոյց կու տան հայերէն երկու բառերը: Անծանօթ քաղաք մը, թէեւ հոն ծանօթներ կան: Հայանուն հիւրանոց մը, քաղաքին կեդրոնը. Ամերեան: Եկած են նաեւ Միացեալ Նահանգներէն, վաղեմի ծանօթներ եւ վաղեմի անուններ: Հայկական սփիւռքի տարտղնումի պատկերը: Միջին Արեւելքի այս կամ այն քաղաքէն, հիմա արդէն` Տիթրոյթէն, կամ Պըրպենքէն, անխուսափելի Լոսէն: Հայերէն կը լսուի, բայց երբեմն օտար բառը քիմքերու փակած կը մնայ: Այս մասին պէտք չէ խօսիլ: Ի վերջոյ արձակուրդի եկած են, հանգիստի, յիշատակ ամբարելու, եւ կարիք չկայ անհաճոյ բաներ ըսելու:
Նահանջը սուգի պէս է, միշտ պէտք չէ յիշել եւ յիշեցնել: Բայց միշտ կարելի է լսել ցաւցնող խօսքեր, օրինակ` «Հայաստանը ինծի բան չ՛ըսեր», «երկու անգամ գացի, ապրուելիք տեղ չէ»: Ինչպէ՞ս չենք յաջողած ըսել տալ, որ հայրենիք չեն երթար, որովհետեւ ան «բան մը կ՛ըսէ», որ հոն «ապրուելիք տեղ է», այլ…
Տեղատուութիւնը արդարացնել խիղճ հանդարտեցնելու համար` ահաւոր կեղծիք է: Հայրենիք կ՛երթան տէր ըլլալու եւ ծառայելու: Այսքան պարզ բան չենք յաջողած համոզումի վերածել` հակառակ երգախառն տօնախմբութիւններու, բարեսիրական արշաւներու, դրամահաւաքներու, ճառերու, հատորներու: Եկած են հայկական վարժարան յաճախածներ, սփիւռքի մէջ ազգային աւանդութիւն պահածներ, առանց ճիգի հայերէն խօսողներ, շատեր դեռ հայերէն թերթ եւ գիրք կը կարդան, հոգ չէ թէ` համացանցով: Քանի մը հարիւր հայեր երբ չեն զուարճանար, խոհանոցը չեն վայելեր, կը խօսին: Կարծիքներ` անհակաճառելի: Զարմանալի է. հայրենիքը բարեսիրութեան հասցէ է, այդ հասցէին վերածուած է… հայածնունդը Հայաստանի զբօսաշրջիկ է, յիշատակ պահող, յաճախ նաեւ հայասէր, ինչպէս օտար հայասէրները: Էականը կը բացակայի… Էականի մասին խօսիլ արձակուրդային մթնոլորտի մէջ` մեղանչում է, կամ առիթ` վարդապետական վերլուծումներու եւ չանհանգստացնող եզրակացութիւններու:
Հսկայ քաղաք է Պուէնոս Այրեսը, կ՛եռայ, աւարտող ամրան տօթին անձնատուր, մոլորակի միւս կիսագունդէն եկողներու դեռ չաւարտած ձմրան տարբեր պատկերով: Մայթերու վրայ դրուած սեղաններու շուրջ խռնուած մարդիկ, կիներ եւ այրեր գարեջուրին պատիւ կ՛ընեն: Վաճառատուներ, ցուցասրահներ: Մեծղի աղբամաններ: Հիւրանոցին կից փողոցին մէջ երիտասարդ մը վերցուց աղբամանի մեծ կափարիչը, տնտղեց: Երկնաքերներ կան եւ կան աղբաման տնտղողներ… Կը մտածեմ, որ Աստուած մարդը ստեղծեց իր պատկերով:
Նաեւ հայկական անուններ, այս ոստանին մէջ: Կայ շուկայ մը, որուն քովէն երբ կ՛անցնէինք` կարդացինք «Արաքս»: Նոյն անունով փողոց կայ հայաքաղաք Պուրճ -Համուտի մէջ, Լիբանան, կամ` Իտալիոյ հարաւի Պարի քաղաքը, ուր ապրած է հայ բանաստեղծ մը… Հայուն առհաւական կարօտի յիշեցումը… Պարիի հայանուն «Արաքս» փողոցին մէջ հայեր կային եւ հիմա չկան:
Գիշերել Պուէնոս Այրեսի կեդրոնը գտնուող հայանուն պերճ հիւրանոցին «Ամերեան»-ի մէջ:
Նախկին Նոր Աշխարհ Հասած Էին Եւ Կը Հասնին Հայերը
Հայեր դիմաւորած են մեզ: «Նաւագնացները» սփիւռքի ուսումնասիրութեան համար ովկիանոսը լայնքին եւ երկայնքին չափելու չեն եկած: Զբօսաշրջիկ են: Ծրագրուած են պտոյտներ: Արձակուրդային ցանկութիւն: Յաջորդ առաւօտ պանդոկին դրան առջեւ կը սպասէ հանգստաւէտ հանրակառք մը, եւ կը սկսի հայ զբօսաշրջիկներուն օրը: Անոնք զիրար գտած են` առանց իրարմէ տեղեակ ըլլալու, նաւապտոյտի մը համար:
Երկար ճանապարհ կ՛անցնինք մինչեւ Փարանա գետը, ուր նաւ մը մեզ կը տանի հեռու, կը նաւարկենք գետին վրայ, որուն երկու կողմերը երեւակայութեան խտիղ տուող հին եւ նոր բնակարաններ կան, ոտքերը ջուրին մէջ: Չնաշխարհիկ տեսարաններով ճաշարանի մը մէջ կը հիւրասիրուինք, անունը` «Սպիտակ կատու», (Քաթօ պլանքօ)… Եւ կը խօսինք «Վանի կատու»-ներու մասին… Միշտ ներկայ կորուսեալ աշխարհը:
Գե՞տ է, թէ՞ ծով, կարելի չէ որոշել, թէ ո՛ւր գետը կը միանայ ովկիանոսին: Մեծ նաւեր, զբօսանաւեր, մարզանաւեր կը վխտան: Շաբաթավերջ է, ընտանիքներ կան իրենց նաւերով, կը թիավարեն, կը զբօսնուն: Ծովը եւ գետը ներկայ են ամէն քայլափոխի: Բացի մեզ դիմաւորող ճամբորդական ընկերութեան հայ ներկայացուցիչէն եւ Հայ օգնութեան միութեան քանի մը անդամուհիներէն` հայու չհանդիպեցանք, բայց իմացանք, որ կան եօթը հայկական վարժարաններ, բարձր մակարդակով, եւ ոչ հայեր եւս այդ դպրոցներուն կը յանձնեն իրենց զաւակները:
Նաւագնաց հանգստեան կոչուածներու խումբը պիտի երթայ երկրի այցեքարտը համարուող արուեստ` «Թանկօ Արժանթինօ» դիտելու: Բայց առիթ պիտի ըլլայ նաեւ հանդիպելու գաղութի անդամներուն:
Հոս կայ հայ ազգի «հատուած»`բառին ստուգաբանական իմաստով: Գիտէինք: Այդ «հատուած»-ը ուրախացնող է, հոգեկցութիւն կը զգանք, բայց նաեւ պատճառ` անհուն վիշտի, երբ անմիջականէն անջատուելով խորհինք, որ ասոնք, ուրիշներու պէս, ազգի կէսին մաս կազմող արմատախիլ մարդիկ են: Այդ արմատախիլներէն ոմանք դեռ կը տեւեն հանգստեան տան մը մէջ, իրենց վրայ գուրգուրացողներ կան:
Կը մտածեմ. արմաւենին ի՞նչ պտուղ կրնայ տալ բեւեռներու սառոյցներուն վրայ:
Արժանթին… ըսին` հարիւր հազար հայեր: Ըսին: Բայց երբ խօսուեցաւ գէթ «մասնակցութեան» մասին, ոչ իսկ յանձնառութեան, մնացին քսան հազար: Տասը տարի, յիսուն տարի ետք, այս մնացեալ քսա՞նն ալ պիտի բաժնուի հինգով: «Հատուածը պիտի հատուի՞»… Կրկին: Ինչպէս` ամէնուրեք:
Զարմանալի է, որ Հայաստան եւ սփիւռքներ, այս «կրկին հատուելու» գաղափարը ծնունդ չի տար ազգային իրա՛ւ քաղաքականութեան մը, որ մէկ հարազատ բովանդակութիւն կրնայ ունենալ, բայց այդ մասին չի խօսուիր երազապաշտ չհամարուելու համար… Միշտ քաղաքականութիւն խաղցած ենք, կը շարունակենք խաղալ, բայց այս «հատուելու-չհատուելու» մղձաւանջը օրակարգ չէ, փոխարինուած է կարկտաններով, «փաչուըրք»-ով, հայրենակցական-թաղային-տեղական թափահարումներով, որոնց ենթահողին վրայ կը զարգանան երեւելիութիւններ եւ խելքաբաշխութիւն, Երեւան այցելութեամբ, Մատենադարանի լուսանկարներով, ուժի զգացում մշակելու կոչուած խորհրդաժողովներով, երբեմն ալ` լամբակ զարդարող հանդիսութիւններով:
Հայրենադարձութիւնը օրակարգ չըլլալով, «Դէպի երկիր» աչքեր մշուշոտող կարգախօսային սրինգի մեղեդիներէն ետք, կը մնայ ինքնացուցադրական եւ գացող-եկողներու տեղացին շլացնող զբօսաշրջութիւնը, որ արտագաղթի հրաւէր կ՛ըլլայ, «դուրսի դրախտ»-ի պատկերներով: Բախտաւոր պարագային, կը զարգանայ խիղճ հանդարտեցնող բարեսիրութիւնը եւ այդ աղբիւրը չցամքեցնելու համար` իրաւ հայրենադարձութիւնը, զոր պէտք չէ շփոթել պարտադիր ապաստան փնտռելու հետ, քաղաքական-բարոյական հարցերու շարքէն դուրս կը դրուի:
Պուէնոս Այրես: Հայկական հանգստեան տուն այցելելէ ետք, կը հանդիպինք հայոց եկեղեցին, ապա Հայ կեդրոն, որուն սրահին մէջ, Հայ օգնութեան միութիւնը կը խօսի իր աշխատանքներուն մասին, հայ տղաք եւ աղջիկներ կը պարեն: Եւ ապա «Արմէնիա» ճաշարանին մէջ զբօսաշրջիկ հայերը ընթրեցին համայնքի անդամներուն հետ: Հակառակ մարդիկը իրարմէ բաժնող հեռաւորութիւններու, հայերէնի տեղատուութեան եւ լեզուներու տարբերութեան`նոյնութեան խանդավառող գիտակցութիւն մը կար: Այդպէս է միշտ տօնական առիթներով:
Յաջորդ առաւօտ, տուրք տալէ ետք տեսարժան վայրերը տեսնելու պարտքին, նաւ բարձրացանք: Նաւապտոյտի զբօսաշրջիկներ էինք: Ցերեկը աւարտած էր, երբ քաղաքանման նաւը շարժեցաւ, պիտի երթայինք Ուրուկուէյի մայրաքաղաք Մոնթէվիտէօ: Հոն ալ հայեր կային:
Օր մը կարելի պիտի ըլլա՞յ սփիւռքներու մարդահամար կազմել…
Մանրուելով` ինչպէ՞ս պիտի տեւենք:
Ուրուկուէյ, Մոնթէվիտէօ, Պատկից Երկու Հայկական Դպրոցներ
Գիշեր մը ճամբորդութիւն: Դէպի հիւսիս: Խարսխած ենք Մոնթէվիտոյի նաւահանգիստը: Ելքի դրան առջեւ եկած են հայեր: Հանրակառքով կ՛երթանք հայոց եկեղեցին: Կից կայ Հայ օգնութեան միութեան դպրոցը, որ պատկից է Բարեգործականի դպրոցին: «Միութեան» ծարաւ եւ նոյն հունով ճառ խօսողներ չե՞ն զարմանար: Գոնէ պատկից չըլլային մեր զարտուղութիւնները արեւուն տակ չփռելու համար:
Հայ օգնութեան միութեան դպրոցի փոքրիկները երգեցին եւ պարեցին:
Առաջնորդ սրբազանը` Յակոբ արք. Գլընճեան, զեկուցեց համայնքին մասին, եւ ի հարկէ, ընդգծեց զարգացող անտարբերութիւնը: Ապա հայ զբօսաշրջիկները ուղղուեցան դէպի ՀՅ Դաշնակցութեան «Վռամեան» կեդրոնը: Ճամբու ընթացքին տեղւոյն «Կոմիտաս» ձայնասփիւռի պատասխանատուները զիս տարին սփռումի կեդրոնը, ուր ունեցայ կարճատեւ հարցազրոյց մը, եւ խօսեցայ հայրենադարձութեան էական կարեւորութեան մասին: Լսող կ՛ըլլա՞յ:
Ապա մեզ տարին քաղաքի կեդրոնական թաղերը եւ հրապարակները: 171 հազար քառ. քիլոմեթր տարածութեամբ Ուրուկուէյը ունի շուրջ երեք միլիոն բնակիչ, որոնցմէ 16 հազարը հայեր են: Ոմանք կ՛ըսեն` աւելի: Բայց ներկայութիւն են, հայկական անունով փողոց եւ հրապարակ կայ: Եւ հաճելի է արձանագրել, որ երկրի համանուագային համոյթին (ֆիլհարմոնիք) ղեկավարը հայ է, որ եկած էր դաշնակի նուագակցութեամբ ընկերանալու մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի աշակերտներու երգի եւ պարի ելոյթին: Օրինակելի երիտասարդ Ալվարօ Յակոբեան:
Երեկոյեան նաւը ճամբայ ելաւ այս անգամ դէպի հարաւ: Նորեր միացած էին խումբին` Ուրուկուէյէն, Վենեզուելայէն, Պրազիլէն:
Քաղաքանման նաւուն վրայ մեր պզտիկ խումբէն զատ հազարաւորներ կային:
Յորդող ճաշատեսակներով ընթրիք, երգ, պար, զեղչ-վաճառք: Ամէն բան տեսնելու եւ ընելու զբօսաշրջիկի հեւք: Նման արձակուրդէ մարդիկ յոգնա՞ծ, թէ՞ հանգստացած կը վերադառնան: Ապահովաբար օրերով պատմելիք կ՛ունենան եւ ցուցադրելիք` իրենց «Այ-ֆոն»-ին նկարները:
Կէսօր մը Հայ օգնութեան միութիւնը ներկայացուց իր ազգօգուտ նախաձեռնութիւնը, Արցախի «Սօսէ» մանկապարտէզները: Նոր շէնք կը կառուցուի յարմարաւէտ բաժանումներով եւ սարքաւորումներով: Հայ օգնութեան միութեան բոլոր մասնաճիւղերը մասնակից են հայ մանուկներուն բարիք ըլլալու կոչուած այս նախաձեռնութեան: Կոչ եղաւ մասնակցութեան: Քիչ մը տխրեցնող էր այն երեւոյթը, որ նաւապտոյտին մասնակցող շուրջ հարիւր յիսուն հայերէն հազիւ յիսուն անձեր ներկայ եղան: Քալող նաւուն վրայ, ուր ոչինչ կար ընելիք, հայերը ինչո՞ւ չէին ուզած լսել եւ իմանալ Արցախի հայ տղոց մանկապարտէզին մասին:
Արդէն երկու օր է, որ արժանթինահայ երգիչ մը եւ իրեն ընկերացողներ միացած են զբօսաշրջիկներուն: Շնորհալի երգիչ մը, որ չի գոռար:
Գիշերը նաւը շարունակած էր իր երթը դէպի հարաւ: Առաւօտուն, երբ կամրջակ բարձրացայ, դիմացս էր Արժանթինի զբօսաշրջային նոր քաղաքը, որուն համար ըսին, թէ Ֆրանսայի հռչակաւոր «Ռիվեիրա»-ն էր… Փունթա տել Էսթէ:
Մեր նաւը կանգ առաւ քաղաքէն հեռու, ծովուն բացը: Փոքր նաւեր, հանրակառքերու պէս, կ՛երթեւեկէին եւ ճամբորդները կը տանէին քաղաք:
Նոր քաղաք մը` բուսած դրամատէրներու կամքով եւ անոնց հանգիստին համար:
Գեղատեսիլ շէնքեր, լայնանիստ պատշգամներով, փակ պատուհաններով, որոնք կը բացուին, երբ մեծ քաղքենիներ արձակուրդի կու գան: Ներդրումները եղած են տարին քանի մը շաբաթ վայելելու համար ծովը, բնութիւնն ու ճոխութիւնը:
Կը քալենք քաղաքի կեդրոնական փողոցներով, օրինակելի մաքրութեամբ եւ կանոնաւորութեամբ, անոնց երկայնքին` աշխարհի ընտրելագոյն եւ յայտնի մակնիշներով հագուստներու եւ այլ ապրանքներու վաճառատուներ:
Ծովափին նաւով եկած զբօսաշրջիկներ կան, անոնք հոն են քանի մը ժամուան համար: Եթէ անոնք ալ երթան, հաւանօրէն Փունթա տել Էսթէն պիտի նմանի ուրուական քաղաքի: Մտածել, որ նոյն երկրին մէջ աներդիքներ կան, փողոցը քնացողներ:
Բայց ծովափը գեղեցիկ է իր ոսկեայ դեռ մաքուր չկեղտոտած աւազով:
Այսպէս է Արժանթինի մեծահարուստներու Փունթա տել Էս-թէն…
Միշտ դրամի միջազգային կայսերապաշտութիւնը` երկիրները հարուստ ըլլան թէ աղքատ, դիզուած աստղաբաշխական պարտքեր ունենան թէ ոչ:
Ըսի-ըսա՞ւ, թէ՞ բանն ասանկ, ականջ ունեցողը կ՛իմանայ, որ ոչ սփիւռքահայ մը հոս բնակարան ունի:
Ծփացող քաղաքին նաւապետը քանի մը հազար ճամբորդները հրաւիրած է: Երգիչներ, զուարճութեան ցուցադրութիւններ, յիշատակի որսորդներ կը նկարուին նաւապետին հետ: Նաւու վրայ ե՞նք, թէ՞ հանրապետութեան նախագահի մը սարքած ընդունելութեան կամ անոր երդման արարողութեան, այրեր եւ կիներ մեծ վայելչութեամբ զրահուած են, աչքի խտիղ պատճառող հագուստներու իսկական ցուցահանդէսը` քանի մը հազար զբօսնողներու:
Ապա ուշագրաւ անուններով ճաշատեսակներ կը ներկայացնեն թիթեռնիկի պէս թռվռացող քանի մը տասնեակ բազմազգ սպասեակները:
Նաւը արդէն աներեր կը սահի դէպի հարաւ եւ արեւածագին պիտի հասնի ուրիշ քաղաք մը:
Եթէ տարիքի յառաջացման հետ յիշելու կարողութիւնները չեն նուազած, աշխարհագրութեան կենդանի դասերու կը հետեւինք:
10-29 Մարտ 2016
(Շար. 1)