Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13523

Ողիմպիական Ոսկին Եւ Միւս Ժանգը

$
0
0

VATCHE-PROUDIAN1-fՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ

Քանի աշխարհի «մեծ» կոչուածները չեն խորշիր իրենց քաղաքական հաշիւները մարզադաշտերու վրայ մաքրելու փորձութենէն, այս յօդուածագիրն ալ իրաւունքը ունի խօսելու մարզականն ու ոչ մարզականը իրարու խառնելու յոռի երեւոյթին մասին:

Մարզականէն պիտի սկսինք, սակայն ուրիշ տեղ պիտի յանգինք: Ուրեմն, հանգուցեալ Վահանին ըսածին պէս` «գնացինք ժողովուրդ»:

Անցնող մարտին Հայաստանի Ֆութպոլի ֆետերասիոնը հրաժեշտի մրցում մը կազմակերպեց, ի պատիւ Հայաստանի ազգային խումբի բերդապահ Ռոման Պերեզովսկիի, որ որոշած էր հրաժեշտ տալ կազմէն: Պերեզովսկի երկար տարիներ պատուով ու նուիրումով պաշտպանած էր Հայաստանի ֆութպոլի ազգային խումբին բերդը: Ան միջազգային որակի մարզիկ էր: Եւ ուրեմն, այդ երեկոյ, Երեւանի «Վազգէն Սարգսեան» մարզադաշտ եկած էին ո՛չ միայն Ռոման Պերեզովսկին յարգող հազարաւոր մարզասէրներ, այլ նաեւ խումբ մը տարբե՛ր տեսակի «մարզասէրներ». վերջինները եկած էին իրենց դժգոհութիւնը յայտնելու Ֆետերասիոնի նախագահ Ռուբէն Հայրապետեանին դէմ:

Հայրապետեանը լա՞ւ կը վարէ իրեն պաշտօնը, շատ վա՞տ կը վարէ, ուրիշ խնդիր է: Թերեւս իր դէմ դժգոհութիւնը ունի շատ արդարացի հիմք. չենք կրնար ժխտել: Սակայն ցուցարարները, իրենց պատշաճ եւ անպատշաճ բացագանչութիւններով իրենց դժգոհութիւնը յայտնելու պահը այդ երեկո՞ն գտան…: Այն երեկոն, որ իսկական մարզական խրախճանք ու յարգանքի տօնախմբութիւն պէտք է ըլլար ի պատիւ Պերեզովսկիին, «հարամոց» եղաւ: Այդպէ՞ս պիտի յարգէինք, այդ տեսակի մթնոլորտի մէ՞ջ  պիտի յարգէինք Պերեզովսկին, որ վերջին տարիներու հայկական ֆութպոլի ամէնէն պայծառ դէմքերէն մէկն է, մեր մարզական աշխարհի մեծերէն է: Ամօթ է, չէ՞: Սա մեր ազգային դիմագիծի պայծառութիւնը պղտորող երեւոյթ է: Պերեզովսկին ոսկի է, իսկ այդ բողոքը այդ երեկոյ կազմակերպելու միտքը` ժանգ:

Հասանք Ռիօ: Հայաստանը ներկայացնող յունահռոմէական ըմբիշ Միհրան Յարութիւնեան, աւարտական գօտեմարտին, ո՛չ միայն մասնագէտներու այլ նաեւ քիչ թէ շատ բանիմաց մարզասէրներու գնահատումով, բացայայտ անարդարութեան զոհ գնաց եւ իրեն զլացուեցաւ Ողիմպիականի ոսկի մետալը: Նոյնիսկ այս յօդուածագիրը, որ գրեթէ բան չի հասկնար յունահռոմէական ըմբշամարտէն, դիտելով մրցումին տեսերիզը, նկատեց բացայայտ անարդարութիւնը:

Բայց ի՞նչ ըրին Հայաստանի մարզական պատասխանատուները, այսինքն համապատասխան նախարարութիւն, Ողիմպիական կոմիտէ եւ այլն: Մուկի ծղրտոց անգամ չհանեցին: Մեր Ողիմպիական կոմիտէն իր կայքին վրայ Միհրան Յարութիւնեանի մասին գրեց, որ ան «պարտուել է գեղեցիկ եւ յամառ պայքարում»: Իրա՞ւ. երբէ՞ն ի վեր աղաղակող անարդարութիւնը կը բնութագրուի իբրեւ «գեղեցիկ եւ յամառ պայքար»: Չհասկցանք, մեր Ողիմպիական կոմիտէն մե՞զ կը ներկայացնէ, թէ Միհրան Յարութիւնեանի մրցակիցի երկիր Սերպիան:

Ո՛չ միայն ազգային արժանապատուութիւնը, այլ նոյնինքն մարզական ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆԸ կը պահանջեն, որ թէ՛ նախարարութիւնը, եւ թէ Ողիմպիական կոմիտէն, իրենց համապատասխան բողոքներով, Ողիմպիականի աշխարհը իրար անցընէին, որպէսզի սրբագրուէր անարդարութիւնը: Իսկ մարզաշխարհի մասնագէտ ընկերներէս շատեր հաստատեցին, որ այո՛,  անարդար որոշումներ սրբագրելու նախընթացներն ալ կան եւ տուին անուններ, թուականներ ու պարագաներ: Այնպէս որ, շարունակելով վերի հակադրական պատկերը, մինչ Միհրան Յարութիւնեան ոսկի է, Հայաստանի մարզական պատասխանատուները, իրենց այս կրաւորական կեցուածքով, պարզապէս ժանգ են:

Գանք Արթուրին. Ալեքսանեանին:  Ըմբշամարտի մէջ, ան նուաճեց ոսկի մետալ, 20 տարի վերջ` Հայաստանի երկրորդ ոսկին: Մեր բոլորին համար մեծ ուրախութիւն ու հպարտութիւն էր Արթուրին այս նուաճումը: Ուրախութիւն եւ հպարտութիւն, որ բազմապատկուեցաւ ո՛չ միայն այն պահուն, երբ ան ամպիոն բարձրացաւ ու Ռիոյի մէջ ծածանեցաւ մեր Եռագոյնը եւ հնչեց «Մեր Հայրենիք»-ը, այլ ա՛յն պահուն, երբ ան իր մարզաբաճկոնին փականը քակեց ու մենք իր սպիտակ շապիկին վրայ տեսանք արցախեան պատերազմի մեր նահատակ հերոսներէն Ռոպերթ Աբաջեանի, Մոնումենտցի Գեաժին նկարը…

Արթուր Ալեքսանեան իր այս կեցուածքով, Ռոպերթ Աբաջեանին ընդմէջէն պանծացուց մեր բոլոր հերոսները, հայրենի հողի պաշտպանութեան համար ինկած մեր բոլոր նահատակ զինուորները: Ոչ ոքի տեսողութենէն վրիպեցաւ նաեւ այն, որ երբ կը հնչէր մեր քայլերգը, Արթուր փորձեց, բայց չկրցաւ իր երգեցողութեամբ միանալ. թէ՛ իր յաղթանակին, բայց մանաւանդ Ռոպերթ Աբաջեաններուն յիշատակին առթած յուզումը խեղդեցին իր կոկորդը: Ան իր նկարազարդ շապիկով, միջազգային հարթակի վրայ պանծացուց հայ զինուորը:

Սա է, որ կ՛ամրապնդէ մեր ազգային հաւաքական գիտակցութիւնը, կը միացնէ մեզ եւ կ՛արտայայտէ մեր հաւաքական նկարագիրի պայծառ գիծերէն մէկը: Այս յօդուածագիրը կ՛ուզէ պանծացնել Արթուր Ալեքսանեանը ո՛չ միայն իր ոսկի մետալին, այլ նաեւ մեր նկարագրային այս գիծը անգամ մը եւս ցայտուն դարձնելուն համար:

Սակայն կարգ մը հայկական լրատուամիջոցներ, «մե՜նծ» բացայայտում մը կատարած ըլլալու հրճուանքով (Դիմատետրի ընկերներէս Վահրամ Սահակեանը հաւանաբար ըսէր` «հորթային հրճուանքով»), աճապարեցին լուսանկարներով ցոյց տալ, թէ Հայաստանին ոսկի մետալ ապահոված մարզիկը ինչպիսի խեղճ պայմաններու մէջ կը մարզուի. դժբախտաբար սակայն, այս «բացայայտումին» շունչն ու ոճը ոչ թէ թերացումը սրբագրուած տեսնելու ներքին տրամաբանութենէն կը բխէր, այլ… հարցը քաղաքականացնելու:

Անընդունելի է մեր մարզիկները նման խեղճ պայմաններու մէջ պահելը: Ո՛չ մէկ կասկած: Բայց թող խերով բարով վերջանայ սա Ռիոն: Թող մեր մարզիկները տուն վերադառնան ու զիրենք դիմաւորենք փառապանծ մթնոլորտի մէջ, թող պանծացնենք Հայաստանն ու հայութիւնը պանծացուցած, սահմանին ինկած մեր նահատակները փառաբանած մեր մարզիկները ու անկէ ետք, միա՛յն անկէ ետք դառնանք ու մեր երկրի մարզական նախարարութեան, Ողիմպիական կոմիտէին ու միւս պատասխանատու շրջանակներուն ըսենք (ժողովրդային լեզուով)` «Հլա մի հատ արեք ստեղ»…: Ա՛յդ պահուն հաշիւ պահանջենք իրենցմէ` իրենց ըրածներուն եւ չըրածներուն համար: Ու այս բոլորին մէջ, գնահատենք նաեւ դրականը, որպէսզի թերացումներու մատնանշումները եւ ատոնց սրբագրութեան պահանջը եւս հաւաստիութիւն ստանան, ու մեր ժողովուրդի հաւաքական ոսկիին ժանգ չխառնենք:

Լոս Անճելըս
18 օգոստոս 2016

vproodian@gmail.com


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13523

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>