ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
15-16 յուլիսին Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած յեղաշրջումի ձախող փորձը Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին արտօնեց արտակարգ դրութեան պայմաններուն տակ իր լիազօրութիւնները ընդլայնելով ամրապնդել իր իշխանութիւնը` առանց կառավարման նախագահական համակարգի որդեգրման համար սահմանադրական բարեփոխումներու բարդ ու դժուարութեան մատնուած հոլովոյթի տաղտուկին: Յեղաշրջման փորձին եւ լիազօրութեան ընդլայնումին պատճառով մենատիրութեան ուրուականը դարձաւ շօշափելի իրականութիւն մը եւ ժողովրդավարութեան նահանջը ստացաւ այնպիսի գերարագ կշռոյթ մը, որ չքացուց թրքական ժողովրդավարութեան պատրանքն ու պապանցեցուց շրջանին համար զայն իբրեւ բնորդ ներկայացնող լեզուները: Ստալինեան մթնոլորտն ու միջնադարեան «վհուկներու որս»-ը յիշեցնող ներկայ կացութեան մէջ, բազմահազար յանցագործներ ազատ արձակուեցան բանտերէն, այդտեղ կողք-կողքի «հիւրընկալելու» համար ճշմարիտ ու ենթադրեալ կիւլենականները, ինչպէս նաեւ խօսքի ազատութեան իրաւունքը կիրարկելու «արկածախնդրութեան» դիմած ու «կիւլենական»-ի պիտակին արժանացած ընդդիմախօսները:
Յեղաշրջումի ձախող փորձը նաեւ հարցեր ստեղծած է արտաքին քաղաքականութեան մէջ: Ռուսիոյ հետ մերձեցման երեւոյթին զուգահեռ գոյութիւն ունի Միացեալ Նահանգներու հետ յարաբերութիւններու վատթարացում մը: Թրքական կողմը Պաղ պատերազմի օրերէն ի վեր իր անվտանգութեան ու հողային ամբողջականութեան պաշտպան ՕԹԱՆ-եան վաղեմի դաշնակից Միացեալ Նահանգները կ՛ամբաստանէ յեղաշրջումի փորձին մեղսակցութեամբ եւ Կիւլենի արտայանձնման հարցով կը համարձակի նոյնիսկ սպառնալ աշխարհի միակ գերտէրութեան:
Ամերիկեան օդուժին օգտագործած Ինճիրլիք ռազմակայանը պաշարելու եւ անոր գործունէութիւնը արգիլելու քայլը չէր կրնար ամերիկեան կողմին դրական ընկալումին արժանանալ: Ռուսական կողմը կը փորձէ կրակին վրայ իւղ թափել` յայտարարելով, որ Անգարա կրնայ այդ ռազմակայանը ռուսական օդուժին տրամադրել Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ գործողութիւններու համար, իսկ թրքական կողմը (մինչեւ այս պահը) չէ հերքած այդ լուրը: Ամերիկեան կողմը իր կարգին (մինչեւ այս պահը) չէ հերքած «ԵուրԱքթիւ»-ի հաղորդած այն լուրը, թէ Ուաշինկթըն ձեռնարկած է Ինճիրլիքէն իր հիւլէական ռումբերու Ռումանիա տեղափոխման:
Միւս կողմէ, Թուրքիոյ մէջ Ռուսիոյ դեսպան Անտրէյի Քարլով, անուղղակի կերպով ակնարկելով Սուրիոյ մէջ քրտական ինքնավար շրջանի մը ստեղծման կարելիութեան, յայտարարեց. «Ռուսիան կտրուկ կերպով կը մերժէ սուրիական հողերուն վրայ գոյացութեանց ստեղծումը»` նշելով, որ այդ գծով իր երկրին ու Թուրքիոյ նպատակները համահունչ են: Գաղտնիք չէ, որ Սուրիոյ մէջ քիւրտերը կը վայելեն Միացեալ Նահանգներու եւ ընդհանրապէս Արեւմուտքին աջակցութիւնը եւ այդ աջակցութիւնը եւս մաս կը կազմէ թուրք-ամերիկեան տարակարծութիւններու հետզհետէ հաստափոր դարձող թղթածրարին: Ուստի, բացառուած չէ, որ թուրք-ամերիկեան տարակարծութիւնը իր գործնական արտայայտութիւնը գտնէ Սուրիոյ տագնապներու զարգացումներուն մէջ:
Գետնի վրայ տեղաշարժերը կրնան համազօր ըլլալ պատժական տնօրինումներու եւ մատնացոյց ընել անոնց հեղինակն ու պատիժը կրողը: