Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13366

Նամակ Երկրէն. Սուրիոյ Տարաայէն Մինչեւ Իշխանաձոր

$
0
0

raffidoudaklian1ՐԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ

Անցեալ շաբաթ հրաւիրուած էինք Արցախի Քաշաթաղ շրջանի (նախկին Լաչին) Իշխանաձոր գիւղը, մասնակցելու նորակերտ բնակարաններու յանձնման հանդիսութեան: Իշխանաձորը Բերձորէն դէպի հարաւ, շուրջ մէկ ժամ հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի. նկատի ունենալով անոր աշխարհագրական դիրքին կարեւորութիւնը, Արցախի կառավարութիւնը վերջին տարիներուն գիւղի բնակեցման համար յատուկ ծրագիրներ մշակած է: Մեր այցելութեան օրը կառավարութիւնը նորակերտ 18 տուներ յանձնեց Իշխանաձոր հաստատուող ընտանիքներու: Քաշաթաղի վարչական շրջանի ղեկավարներուն հետ գործակցելով, «Թուֆենքեան» հիմնադրամը անցեալին նորոգած էր Իշխանաձորի բժշկական կեդրոնը եւ սուրիահայ ու լիբանանահայ քանի մը ընտանիքներու տուն տրամադրած էր, իսկ այդ օր նոր տունի մը բանալին պիտի յանձնէր սուրիահայ երիտասարդի մը` Արթինին:

Պաշտօնական արարողութենէն ետք Արթին ուրախութեամբ ստացաւ իր նոր տան բանալին եւ մեզի հետ տեղաւորուեցաւ գիւղապետարանին կազմակերպած խրախճանքի սեղաններուն շուրջ: Հոն էին նաեւ Սուրիայէն եւ Լիբանանէն Իշխանաձոր տեղափոխուած ընտանիքները: Բոլորն ալ ունէին իրենց պատմութիւնները, համտեսած էին կեանքի լաւն ու վատը, քաղցրն ու դառնը: Արթին երիտասարդ էր, հազիւ 30 տարեկան: Ինծի համար հետաքրքրական էր գիտնալ, թէ ան ինչպէ՛ս հասած էր Հայաստան, ո՞ւր էին ընտանիքին միւս անդամները:

Դժուարութեամբ հայերէն խօսող Արթին պատմեց, որ իր ընտանիքը Սուրիոյ Տարաա քաղաքէն էր: Տարիներ առաջ, երբ նոր կը սկսի Սուրիոյ տագնապը, հայրը կ՛որոշէ ընտանիքը տանիլ Դամասկոս` մտածելով, թէ մայրաքաղաքը ապահով է, եւ իր ընտանիքը այդ ձեւով կը փրկուի ծայրայեղականներու վայրագութենէն: Ընտանիքը, այո՛, կը փրկուի, բայց հայրը կը սպաննուի նոյնինքն  իսլամ ծայրայեղականներուն կողմէ…Այդ օրերուն Արթին կը ծառայէր Սուրիոյ զօրքերու յատուկ նշանակութեան ուժերուն մէջ: Կը մասնակցի բազմաթիւ մարտերու` Թուրքիա¬Սուրիա սահմանի երկայնքին փռուած ռազմադաշտերուն վրայ: Ամիսներ շարունակ հեռու կը մնայ իր ընտանիքէն եւ հարազատներէն ու պատերազմի արհաւիրքին մէջ` բազմաթիւ անգամներ կը փրկուի ստոյգ մահէ:

«Անդրադարձայ, որ այս պատերազմը վերջ չունի, եւ մենք պիտի մաշինք անոր մէջ: Տեղ չունէի երթալիք: Հարուստ հայերը առաջին օրէն ամերիկաներ ու եւրոպաներ փախուստ տուին, մենք մնացինք կրակներուն մէջ: Ունէի ծանօթներ, որոնք Հայաստան գացեր էին: Ես ալ որոշեցի ընտանիքս առնել ու Հայաստան երթալ: Ազգականներէս ոմանք Գերմանիա եւ Շուէտ գացին, կ՛ապրին իբրեւ գաղթական, իսկ եղբայրս եւ ես եկանք Հայաստան: Մայրս Դամասկոս է, պետական պաշտօնեայ է, եւ յոյսով եմ, որ շուտով պիտի միանայ մեզի», պատմեց Արթին:

Որոշ ժամանակ մը Արթին կը մնայ Երեւան, բայց յետոյ եղբօր հետ կը դիմէ Արցախի իշխանութիւններուն` ազատագրուած տարածքներուն մէջ տուն եւ հող ստանալու յոյսով: Մինչ այդ, կ՛ամուսնանայ Եղեգնաձորէն աղջկայ մը հետ: «Արդէն մէկ հատ երեխայ ունեցանք, բայց հիմա որ արդէն տուն ունինք, երկրորդ ալ կրնանք բերել: Եղբայրս ալ Բերձոր է, վարսայարդար կ՛աշխատի եւ ընտանիք կը պահէ: Երկուքիս համար ալ կեանքը նոր կը սկսի», շարունակեց Արթին:

«Իսկ պատերազմից չե՞ս վախենում: Մի քիչ էն կողմ թուրքերն են», կատակով հարց տուաւ կողքիս նստած արցախցի Արտակը, որ ուշադրութեամբ կը հետեւէր Արթինին պատմութեան:

«Պատերա՞զմ: Շատ տեսած եմ, հաճելի չէ, սարսափելի է: Բայց ես աւելի կը վախնամ օտար հողի վրայ մեռնելէն, իսկ այս հողը մերն է, վախնալու պատճառ չունիմ», պատասխանեց Արթին:

«Արթինին կենացը» բացագանչեց Արտակ, ու բոլորս բարձրացուցինք բաժակները եւ յաջողութիւն ու ամենայն բարիք մաղթեցինք Հայաստանի հողին մէջ նոր արմատներ նետող Արթինին:

Գրեցէ՛ք ինծի:

rafdoud@aol.com

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13366

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>