ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ
Հայաստանի երբեմնի դեսպան Արա Պապեան այսօր իր Դիմատետրի էջին վրայ զետեղած է հետեւեալ հարցումը` ուղղուած Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան եւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Կիրօ Մանոյեանին.
«Հարց ՀՅԴ-ին, Կիրօ Մանոյեանին: Սերժ Սարգսեանը Մոսկուայում միանշանակ յայտարարեց, որ Արցախի հարցում գոյութիւն ունեն յստակ պայմանաւորուածութիւններ: Արդեօք ՀՅԴ, որպէս համախմբական գործընկեր, հետեւաբար նաեւ` պատասխանատու, տեղեա՞կ է այդ պայմանաւորուածութիւններից եւ համաձա՞յն է դրանց հետ»:
Իբրեւ Դիմատետրի ճամբով արտայայտուած կարծիքներու հետեւող եւ մասնակից մէկ պարզ անդամը` Արա Պապեանի այս հարցադրումը հետաքրքրական գտայ: Ի վերջոյ լուրջ հարցի մը կը վերաբերէր, այսինքն` Մոսկուայի մէջ նախագահ Սարգսեանի կատարած այն «միանշանակ» յայտարարութեան, թէ` «Արցախի հարցում գոյութիւն ունեն յստակ պայմանաւորուածութիւններ»:
Ուրեմն պէտք է մտածել ու գիտակցիլ, թէ Արցախի հարցի կարգաւորման գծով Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի սեփականութիւնն է «պայմանաւորուածութիւններ», որոնց մասին մենք տեղեակ չենք: Հետեւաբար, քանի որ ՀՅ դաշնակցութիւնը կառավարութեան «համախմբական գործընկերն» է, պէտք է որ ինքն ալ տեղեակ ըլլայ այդ «պայմանաւորուածութիւններից», որովհետեւ ՀՅ դաշնակցութիւնը եւս պատասխանատու է այս «պայմանաւորուածութիւնների» համար:
Ընթերցողին վրայ լուրջ տպաւորութիւն կը ձգէ Արա Պապեանի հաստատումներու ձեւով կատարած այս խորհրդաւոր հարցադրումը: Այսինքն ան կը փորձէ թողուլ այդ տպաւորութիւնը, թէ` «ժողովո՛ւրդ ջան, սթափեցէ՛ք, մի գաղտնի բան է սարքւում, որը մեզանից գաղտնի են պահում»:
Նախագահ Սարգսեանի կատարած յայտարարութիւնը այնքան պարզ եւ յստակ է, որ զարմանք կը պատճառէ, թէ ինչպէ՛ս Արա Պապեանի նման դիւանագիտական եւ վերլուծաբանական կարողութեան տէր անձի մը իմացականութենէն կը վրիպի այդ յայտարարութեան պարզութիւնը:
Մոսկուայի մէջ իր կատարած յայտարարութեան մէջ նախագահ Սարգսեան հետեւեալը ըսած է. «Բնականաբար մեր այսօրուայ բանակցութիւնների գլխաւոր թեման Լեռնային Ղարաբաղի խնդրի խաղաղ կարգաւորման հարցն էր, Վիեննայի եւ Ս. Փեթերսպուրկի գագաթնաժողովների ընթացքում ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնների կատարման ընթացքը: Դա, նախեւառաջ, 1994-1995թթ. հրադադարի ռեժիմի մասին եռակողմ անժամկէտ համաձայնագրերի անվերապահ կատարումն է, միջադէպերի հետաքննութեան մեխանիզմների ստեղծումը եւ ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցչի առաքելութիւնների ընդլայնումը»:
Արա Պապեանի խորհրդաւորութեամբ ներկայացուցած «պայմանաւորուածութիւններ»-ը սեւով ճերմակի վրայ եւ ամենայն պարզութեամբ ներկայացուած են վերոնշեալ մէջբերումին մէջ: Հոն ո՛չ գաղտնիք կայ, ո՛չ ալ սադրանք:
Արա Պապեան վերջերս սկսած է թողուլ այն տպաւորութիւնը, թէ հովիւ Միհրանի նման ամէն քայլափոխի «գայլ, գայլ» պոռալու վարժութիւնը ձեռք բերած է: Այլապէս, Արա Պապեանի այս ընթացքը կը յիշեցնէ թրքական առածը, որ կ՛ըսէ` «Խոճա պիլտիյինի օքուր», այսինքն` վարժապետը իր գիտցածը կը կարդայ: